Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Կը Շարունակուի

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի:

Այս ծիրէն ներս, մի քանի օրեր առաջ, Կաթողիկոսարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սիսի դատին իրաւական յանձնախումբի անդամներէն նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, փրոֆ. Թենի Սիմոնեանի եւ փաստաբան Ճէմ Սօֆուօղլուի մասնակցութեամբ, եւ քննուելէ ետք դատի իրաւական գործընթացքի նախկին հանգրուանները, ընդհանուր գիծերով ճշդուեցան յառաջիկայ քայլերը:

Արդարեւ, թրքական դատարաններու նախադատ ատեաններէն ետք, ուր մերժուած էր դատը յետ քննութեան, այժմ ան կը գտնուի վճռաբեկ ատեանին մօտ: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմանադրական դատարան, որմէ ետք պիտի ներկայացուի Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան: