Հայ Իրաւաբաններ Կը Դատապարտեն Փաշինեանի Կառավարութեան Միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ Գործերուն Մէջ
Հայ իրաւաբանական մասնագէտներու խումբ մը հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ մտահոգութիւն յայտնելով փաշինեանի կառավարութեան կողմէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ իրականացուող հակասահմանադրական գործողութիւններուն առնչութեամբ։
Յունուար 26-ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի եկեղեցւոյ հետ կապուած հարցերու ծիրէն ներս սահմանադրութեան, միջազգային պայմանագրերու եւ ազգային օրէնսդրութեան խախտումներուն։ Մասնագէտները կը նշեն, որ սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ Հայ Առաքելական եկեղեցին որպէս ազգային եկեղեցի եւ անոր կը վերագրէ յատուկ դեր երկրի հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքին մէջ։
Յղում կատարելով սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածին եւ պետութիւն–եկեղեցի յարաբերութիւնները կանոնակարգող 2007 թուականի օրէնքին՝ յայտարարութեան հեղինակները կը շեշտեն, թէ պետական մարմինները պարտաւոր են յարգել եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը եւ գործել բացառապէս իրենց իրաւական լիազօրութիւններուն սահմաններուն մէջ։
Անոնք կը զգուշացնեն եկեղեցւոյ ներքին գործերուն մէջ միջամտութենէ, ներառեալ՝ հոգեւորականութիւնը ճնշելու փորձերէն, եւ կը նշեն, որ տեղական ինքնակառավարման մարմինները որեւէ իրաւասութիւն չունին եկեղեցական գործերու մէջ։
Յղում կատարելով Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանի դատական նախադէպերուն՝ մասնագէտները կը նշեն, թէ միջազգային իրաւական չափանիշներով, պետութեան միջամտութիւնը կրօնական համայնքներու ներքին գործերուն մէջ դատապարտելի է։
Յայտարարութիւնը կը քննադատէ այն գործողութիւնները, որոնք կը բնութագրուին որպէս «եկեղեցական բարեփոխումներ»՝ ընդգծելով, որ անոնք կրնան բաժանումներ յառաջացնել եկեղեցւոյ մէջ, խախտել կրօնական ազատութիւնը եւ խաթարել սահմանադրական կարգը։
Մասնագէտները նաեւ կը շեշտեն եկեղեցւոյ համահայկական բնոյթը, ներառեալ՝ Սփիւռքի դերակատարութիւնը անոր ղեկավարութեան ընտրութեան գործընթացին մէջ, եւ կը նշեն, որ այս իրողութիւնը պէտք է լիովին յարգուի։
Անոնք կոչ կ’ուղղեն պաշտօնատարներուն՝ ձեռնպահ մնալու հոգեւորականութեան եւ եկեղեցւոյ հասցէին ուղղուած զրպարտիչ արտայայտութիւններէն, եւ կը յորդորեն պետական կառոյցներուն կեդրոնանալ իրենց սահմանադրական պարտականութիւններուն վրայ, յատկապէս հասարակական եւ անվտանգային մարտահրաւէրներու ներկայ պայմաններուն մէջ։
Յայտարարութեան եզրափակիչ բաժինին մէջ իշխանութիւններուն կոչ կ’ուղղուի հաշուի առնելու ներկայացուած մտահոգութիւնները՝ ի շահ ազգային միասնութեան, պետականութեան եւ հայ եկեղեցւոյ։
