Արարատը՝ Մեր Ժողովուրդի Խորհրդանիշը․ Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այսօր, երբ կը խօսուի Արարատը մոռնալու եւ Արագածով ապրելու մասին, պարտք կը զգամ անգամ մը եւս բոլորին յիշեցնել, որ Արարատը մեր սրբութիւնն է, մեր ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշը։ Յօդուածս այժմէական է այնքան, որքան Արարատն է սրբութիւն մեր ժողովուրդին համար։ Իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի որ ափին ալ գտնուի, Արարատը սրբութիւն կը համարէ։ Ան մեր պորտալարն է կարծէք, որ մեզ կը կապէ մեր ազգի ծնունդին ու գոյութեան արմատներուն։

Չէի կրնար անտարբեր մնալ, երբ կը գտնուէի Հայաստան եւ ամբողջ ժամ մը՝ մեր սրբազան Մասիս լեռան զուգահեռ մեքենայով կընթանայի։

Աւա՜ղ, ի՜նչ տառապանքով կը սեղմուէր սիրտս, եւ աչքերս կը լեցուէին արցունքով։ Իմ առջեւ կը բացուէր այն անմեռ խորհրդանիշը, որուն ստուերին տակ ձեւաւորուած էր հայու ինքնութիւնը։ Մասիսը՝ սպիտակազգեստ, վեհաշուք ու լուռ, կը նայէր դէպի Արաքս, կը դիտէր իր զաւակներուն՝ պատնէշի այն կողմը, որպէս մայր, որուն զաւակները փրկուած են արհաւիրքէն։

Աչքերուս առջեւ կը պարզուէր Մասիսի երկնաքեր, ուխտավայր գագաթը՝ սպիտակազգեստ, վեհաշուք ու ծերունիի նման մելամաղձոտ ամպերով շրջապատուած, ինչպէս մօրուք մը, որ աւելի կը պանծացնէ անոր վեհութիւնը։

Կը տեսնէի անոր լանջերը, ձորերը եւ կանաչ դաշտերը։ Անոր կողերէն կը վազէին ձիւնի հալոցքէն յառաջացած գետակները։ Եւ կարծէք կը լսէի անոր լանջերուն վրայ արածուող անասուններու զանգակներուն հնչիւնը ու աքաղաղներուն կանչը։

Օ՜հ, ի՜նչ տեսարան։ Այստեղէն թռիչք առաւ խաղաղութեան աղաւնին՝ ձիթենիի ճիւղը բերնին։ Մասիսը դարձաւ խորհրդանիշ՝ վերածնունդի, հաւատքի եւ անմահութեան։ Այստեղ ծնունդ առին քաղաքակրթութիւններ, իջան մարգարէներն ու առաքեալները՝ մարդկութեան բարօրութեան համար։

Այսօր, երբ Հայաստանի պետական ամպիոններէն կը հնչեն անգոյն խօսքեր, ինչպէս՝ «Արարատը մոռնա՛նք, Արագածը ունինք», մարդ կը մռայլի։ Որովհետեւ Արարատը միայն լեռ չէ. ան հայ ժողովուրդի հոգեւոր խորհրդանիշն է, այն սրբավայրը՝ ուր հանգրուանեց Նոյեան տապանը, ուր սկսաւ մարդկութեան նոր կեանքը։

Ու որքան բանաստեղծներ հիւսած են գովքն ու խորհուրդը Արարատին, այնքան ան արմատացած է մեր հոգեմտաւոր կեանքին ու պատմութեան մէջ։

Այդ մեծաթիւ բանաստեղծութիւններէն մէկը Սիլվա Կապուտիկեանի «Մասիսի Մօտիկ» քերթուածն է, ուր այսպէս կը նկարագրուի Մասիս սարը.

Դու այսօր այնպէս մաքո՜ւր ես, Մասի՛ս,
Գոյներըդ այնպէս ջինջ են, նրբերանգ,
Ասես չես հիւթուած քար ու աւազից,
Այլ ջըրաներկով գծուած ես բարակ:
Այնպէս խաղաղ ես աշխարհին նայում,
Եւ այնպէս մե՛րն ես, մօտի՜կ, մըտերիմ,
Ասես չեն բերել քեզ դաւ ու արիւն,
Քեզ չեն բաժանել քո որդիներից։
Ասես Արաքսը՝ զայրոյթից գունատ՝
Իմ ու քո միջեւ չի սառել այսպէս,
Ու թէ այս ճամբով մի քիչ էլ գընամ,
Մի քիչ էլ քայլեմ՝ հասնելու եմ քեզ…

Մեր ազգի երեք հազարամեակէ աւելի պատմութիւնը կապուած է այս լեռան հետ։ Ան տեսած է մեր յաղթանակներն ու պարտութիւնները, մեր արշաւներն ու վերապրումները։ Անոր լանջերուն վրայ գիւղացին իր հացը պատրաստած է, անոր բուրաստաններուն մէջ ծաղկած՝ հայու հոգին։

Այսօր, Մասիսը, այո՛, կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, բայց ան մեր ինքնութեան այն հիմքերէն է, ինչպիսիք են մեր լեզուն, խաչքարն ու աղօթքը։

Արարատը մեզի համար ոչ թէ քաղաքական, այլ ինքնութեան հարց է։ Երբ կը փորձեն զայն հեռացնել մեր յիշողութենէն եւ գիտակցութենէն, կը ջնջեն հայութեան ամենահիմնական պատկերն ու երազը։ Ինչպէս Երուսաղէմը իր ժողովուրդին համար, այնպէս ալ Մասիսը հայուն համար՝ աստուածային ներկայութեան շունչն է։

Մեր գրականութիւնը, մեր երաժշտութիւնը, մեր աղօթքները բոլորը կը խոնարհին անոր առջեւ։ Պարոյր Սեւակէն մինչեւ Չարենց, Նարեկացիէն մինչեւ Թումանեան, Անդրանիկ Ծառուկեան ու Շիրազ, բոլորը իրենց ներշնչումը գտան Մասիսի հայեացքին տակ։ Անոր լոյսն է մեր գոյութեան առեղծուածը։

Այս խօսքերուս մէկ այլ վկայութիւնն է Քուէյթի Ազգ. Վարժարանի 2026 -ի տարեկան օրացոյցը, որուն էջերը նուիրուած են Արարատին, իւրաքանչիւրը մէկ արուեստագէտի Արարատը պատկերող գեղանկարով ու մէկ բանաստեղծի քերթուածէն համարով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ օրինակ մը.

Արարատի ծեր կատարին
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել։
Անհուն թուով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին
Ու անցել։
Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին,
Ու անցել։
Հերթը մի պահ քոնն է հիմա,
Դո՛ւ էլ նայիր սէգ ճակատին,
Ու անցի՛ր…

Աւետիք Իսահակեան

Հայ ժողովուրդը պէտք է շարունակէ ապրիլ Մասիսի հոգեւոր ծոցին մէջ, նոյնիսկ եթէ քաղաքական սահմանները տակաւին անքակտելի պատնէշ կը մնան։ Վերադառնալ՝ կը նշանակէ վերստին հաւատալ, նորոգել մեր կապը հողին, մշակոյթին ու լեզուին հետ։ Վերադառնալ՝ կը նշանակէ մերժել, որ հայը ապրի առանց իր սուրբ լեռան։

Ճակատագիրը պէտք է արձագանգէ, արդարութիւնը եւ իրաւունքը՝ վերադառնան իրենց տէրերուն, ինչպէս գրած է Ապուլ Քասեմ Շապի.

«Երբ ժողովուրդ մը կեանքը ընտրէ, ճակատագիրն ալ կը պարտադրուի արձագանգել»։

Հայ ժողովուրդը, այսօր, միթէ՞ պակաս հաւատք ունի։ Ո՛չ։ Ան կը կրկնէ նոյն խouքը.

-Պէտք է ճակատագիրը արձագանգէ։

Որովհետեւ մինչ Մասիսը կանգուն է, հայութիւնն ալ կը մնայ կանգուն։

«Գանձասար-Բացառիկ 2026»