Պոլսոյ Մէջ Յիշատակուեցաւ Հրանդ Տինքի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ոգեկոչուեցաւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան 19-րդ տարելիցը անոր նահատակութեան վայրին՝ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան առջեւ։

Այս տարի եւս ոգեկոչման հաւաքին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը: Հաւաքին ընթացքին կարդացուեցան շարք մը մտաւորականներու եւ պաշտօնատարներու (մեծ մասը ներկայիս բանտարկուած) յղած պատգամները:

Այս տարուան յիշատակութեան գլխաւոր խօսքը արտասանեց խմբագրական փոխվարիչ եւ տեսողական գործերու տնօրէն Լետա Էօզպեր, որ շեշտեց, թէ հակառակ իր դէմ սանձազերծուած հալածանքներուն՝ Տինք չհրաժարեցաւ իր հաւատացած ճամբայէն եւ չհեռացաւ երկիրէն:

«Թաղման օրը, բազմահազար սգաւորներ, երբ կը հետեւէին դագաղին, մենք վերը, «Ակօս»-ի խմբագրատան մէջ Հրանդ Տինքի յատուկ թիւը պատրաստելով տարուած էինք։ Այդ օրը, ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան ներքեւի ծովածաւալ բազմութեան նայելով՝ արտասանած նախադասութիւնը դրոշմուած է միտքիս մէջ՝ «Այսքան թուրքեր հայո՞ւ մը համար կը քալեն»։ Այո՛ պարոն Հրանդ դուն թաղումով դալ փշրեցիր կարծրատիպերը։ Տարբեր, տարբեր միտքերով բազմահազար ժողովուրդ կողք կողքի եկան եւ քեզի համար քալեցին», յայտնեց Էօզպեր եւ աւարտելով՝ ըսաւ. «Նախքան խօսքս աւարտելը, կ՛ուզեմ անդրադառնալ ներկայ պայմաններուն։ Թուրքիոյ մէջ մամուլի դէմ ճնշումները հետզհետէ կ՛աւելնան։ Բազմաթիւ լրագրողներ բանտարկուած են եւ գրեթէ ամէն օր նոր մէկը միայն լրագրութիւն մը ընելնուն համար կը ձերբակալուի եւ կը դատուի։ Լրագրութիւնը յանցանք չէ։ Անմեղօրէն բանտարկուած բարեկամներ, մարդկութիւնը դարձեալ, առանց կին կամ մանուկ խնայելու կ՛աքսորուի Կազայէն եւ պետութիւնները դարձեալ կը դիտեն այս բոլորը։ Ինչ ալ ըլլան պայմանները, այս անարդարութեան դէմ արդարութիւն պահանջելը պիտի շարունակենք։ Երբեք պիտի չդադրինք մեր իրաւունքներու բռնաբարումին դէմ առարկելէ։ Միասնաբար մարդավայել կեանքի մը համար պայքարելէ, երբեք պիտի չհրաժարինք»։