Լոյս Տեսած է Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Մասին Ուսումնասիրութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պ․գ․թ․ Արմինէ Տիգրանեանի «Արցախի մշակութային Ժառանգութեան ոչնչացման եւ բռնաիւրացման՝ ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը (2020-2025 թթ․)» վերնագիրով ուսումնասիրութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

Սոյն ուսումնասիրութեամբ հեղինակը անդրադարձած է 2020-2025 թթ․ ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմներու, ցեղական զտման եւ ռասայական խտրականութեան հետեւանքով Արցախի պատմական հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան, մշակութային ժառանգութեան միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմին։

Մենագրութեան մէջ կը քննուին զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային համակարգը, ազրպէյճանի կողմէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ միջազգային սկզբունքներու դիտանկիւնէն անօրինական թիրախաւորման դէպքերը, անոր ոչնչացման եւ իւրացման միջոցները: Կը ներկայացուին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային կանոնակարգերը, իրաւական եւ մարդասիրական գործիքակազմը (միջազգային համագումարներ, հռչակագրեր, բանաձեւեր, կանոնադրութիւններ, սովորութային չափանիշեր)՝ ի պաշտպանութիւն ազրպէյճանի կողմէ վանտալութեան ենթարկուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Ակադեմիական յօդուածներու, գիրքերու, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ՄԱԿ-ի, ԻԿՕՄՕՍ-ի, Եւրոպայի խորհուրդի, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերու, Հռոմի կանոնադրութեան, տեսական եւ իրաւական համապատասխան փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է գտնելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղիները՝ համամարդկային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութեան, անկախ քաղաքական իրավիճակէն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի գործարկման, մշակոյթի իրաւունքի յարգման շարակարգին մէջ։

Նախատեսուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող մասնագէտներու, պետական կառոյցներու, գիտական հաստատութիւններու, ուսանողներու եւ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ ու պահպանութեամբ մտահոգ ընթերցողներու լայն շրջանակի համար։