Ատրպէյճանի «Խաղաղութեան Օրակարգը» եւ Հայաստանի Խաղաղութեան Պատրանքը․ «Հորիզոն»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Դեկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Պաքուի տեսլականը՝ 2026 թուականին խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու ուղղութեամբ։ Ան այդ տեսլականը բնութագրեց իբրեւ ապացոյց, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը իրագործելի է, եւ որ Հարաւային Կովկասը կը շարժի դէպի յետհակամարտային ժամանակաշրջան մը։ Միջազգային արձագանգներուն զգալի մասը արտացոլեց այս «լաւատեսութիւն»-ը։ Սակայն այն իրողութիւնը, որ այսօր Ատրպէյճանը կը թելադրէ խաղաղութեան պայմանները, ընթացքը եւ ժամանակացոյցը, կը յառաջացնէ հիմնական հարցում մը. ի՞նչ տեսակ խաղաղութիւն կ՚առաջարկուի, եւ ո՞վքեր են, որ պարտաւոր պիտի ըլլան ապրիլ անոր հետեւանքներով։

Ներկայ գործընթացը պէտք է դիտարկուի իր քաղաքական համատեքստին մէջ։ Փաստ է, որ Հայաստանը բանակցութիւններուն կը մասնակցի ոչ թէ իբրեւ հաւասար կողմ, այլ իբրեւ շարունակական ճնշումներու տակ գտնուող պարտուած պետութիւն։ Անոր բանակցային դիրքը փաստօրէն տկարացաւ 2020 թուականէն ի վեր եւ առաւել եւս՝ 2023-ի Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք։ Հակամարտութիւնը չլուծուեցաւ երկխօսութեան կամ իրաւական մեխանիզմներու միջոցով։ Ան ժամանակաւորապէս «դադրեցաւ» ուժի գործադրութեամբ, որուն յաջորդեց դիւանագիտական բնականոնացման ջանքերը։ Այս գործընթացին մէջ իրաւունքը չկրցաւ կանխել բռնութիւնը, այլ ստիպուեցաւ յարմարիլ բռնութեան ստեղծած նոր իրականութեան։

Այս հանգամանքը առանձնակի կարեւոր է, որովհետեւ հարկադրանքի հետեւանքով ձեւաւորուած խաղաղութիւնը սովորաբար կը գերադասէ կայունութիւնը արդարութենէն եւ տուեալ հակամարտութեան ընթացիկ փուլի փակումը՝ պատասխանատուութենէն, փոխզիջումի հիմնական պատասխանատուութիւնը դնելով աւելի տկար կողմին վրայ։ Հայաստանի մէջ այս մոտեցումը նպաստած է այնպիսի հասարակական պատկերացման, որ այս տեսակի խաղաղութիւնը անխուսափելի է եւ այլընտրանք չունի։ Այս պատկերացումը յաճախ կը սնանի հոգնածութենէ եւ նոր պատերազմի վախէն, սակայն միաժամանակ կը սահմանափակէ քաղաքական քննարկումը։ Պայմաններու, իրաւունքներու եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան վերաբերող հարցերը առաւելաբար կը դիտուին իբրեւ անընդունելի «արկածախնդրութիւններ»։ Այսպիսով խաղաղութիւնը կը դառնայ պարտադրուած նպատակ մը՝ անկախ անոր իրական բովանդակութենէն եւ հետեւանքներէն։

Այս իրավիճակը կը սնանի նաեւ Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական շարժառիթներէն։ Յստակ է, որ հիմնուելով «գոյաբանական անապահովութեան» (ontological insecurity) հասկացութեան վրայ, ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ներքին կայունութիւնն ու օրինականութիւնը կը պահպանէ՝ հայերը շարունակաբար ներկայացնելով իբրեւ հիմնարար սպառնալիք։ Շարունակական ճնշումն ու խորհրդանշական հակադրութիւնը կը մնան քաղաքական առումով օգտակար միջոցներ։

Արտաքին ուժերու դերակատարութիւնն ալ շատ բան չէ փոխած այս անհաւասարակշռութիւնը մեղմելու ուղղութեամբ։ Ռուսիան, իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւոր, ձախողելով իր դերակատարութեան մէջ, Հայաստանը թողած է խոցելի վիճակի մէջ։ Եւրոպական եւ հաւաքական արեւմուտքի ներգրաւուածութիւնն ալ հիմնականին մէջ սահմանափակուած է դիտարկման առաքելութիւններով, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան առնջուող հարցերով եւ աշխարհաքաղաքական նոր վերդասաւորումներու մէջ Հայաստանը ներգաշելու հաշուարկուած ծրագիրներով, այլ ոչ թէ պարտադիր ու գործնական անվտանգային յանձնառութիւններով։ Միեւնոյն ատեն, շարք մը առանցքային հարցեր գրեթէ բացակայ են խաղաղութեան քննարկումներէն։ Անոնց շարքին կը մտնեն Արցախի տեղահանուած ժողվուրդի իրաւունքները, բռնի տեղահանման պատասխանատուութեան հարցը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան եւ ուղղակիօրէն տուժած կողմի մասնակցութիւնը՝ գործընթացներու ձեւաւորման մէջ։

Վախի արդիւնքով յառաջացած խաղաղութիւնը ի բնէ անկայուն է։ Հետեւաբար, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք է խուսափին գործուն ռազմական գործողութիւններու բացակայութիւնը իսկական խաղաղութեան հետ շփոթելէ։ Կայուն եւ երկարատեւ կարգաւորումը կը պահանջէ իրաւունքի վրայ հիմնուած ենդահող, վստահելի անվտանգային երաշխիքներ եւ օրինականութիւն։ Ան պէտք է կառուցուի իբրեւ համատեղ քաղաքական գործընթաց՝ հիմնուած արժանապատուութեան, անվտանգութեան եւ գործօն մասնակցութեան վրայ։