Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն. Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները համախմբուեցան` մասնակցելու Քրիստոնէական միութեան Աղօթքի շաբթուան պաշտօնական բացումի հանդիսաւոր արարողութեան, Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին: Արարողութեան նախագահեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պշարա Պութրոս Ռայի, Իգնատիոս Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ արքեպիսկոպոս Պորճիա: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, լատին, քաղդէական, նեստորական եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Տարեկան այս աւանդութիւնը, որ կը միաւորէ տարբեր եկեղեցիներու զաւակները, անգամ մը եւս շեշտեց խաղաղութեան, սիրոյ եւ միասնականութեան հրամայականը` նշանաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղած նամակին հետեւեալ տողը. «Մէկ է մարմինը եւ մէկ` Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը` որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած» (4.4):
Արարողութիւնը պատրաստուած էր հայ եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութենէն եւ այլ արարողութիւններէ քաղուած աղօթքներով ու շարականներով: Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները հերթաբար ընթերցեցին աղօթքներ եւ բարձրացուցին հաւաքական մաղթանքներ` հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը` աշխարհի խաղաղութեան եւ եկեղեցիներու մերձեցման համար:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր տնօրինումով օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց մարոնի եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն եւ ականաւոր աստուածաբաններէն Փոլ արքեպիսկոպոս Ռուհանա: Ան իր խորհրդածութեան սկիզբը երախտագիտական ու շնորհակալական խօսք ուղղելով վեհափառ հայրապետին, ըսաւ. «Այսօր, ամբողջ սփիւռքի հայութեան այս կեդրոնին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, համախմբուած ենք մեր հոգեւոր մասնակցութիւնը բերելու Քրիստոնէական միութեան Աղօթքի շաբթուան բացման արարողութեան: Նախ եւ առաջ պարտք կը զգամ յանուն ներկաներուս, մեր խոր շնորհակալութիւնը յայտնել Արամ Ա. կաթողիկոսին` միջեկեղեցական այս նախաձեռնութեան աջակցելուն եւ զայն հիւրընկալելուն առիթով: Ձերդ Սրբութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոս, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք միջեկեղեցական կեանքին մէջ ձեր մատուցած անզուգական ծառայութեան համար` ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, ըլլա՛յ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութեան ու երկխօսութեան ծիրին մէջ: Այս օրերուն, երբ ձեր հայրապետական օծման ու գահակալութեան 30- ամեակը կը նշուի, աղօթող ենք առ Աստուած, որ ծառայութեամբ բեղուն տարիներ եւ երկար գահակալութիւն պարգեւէ ձեզի»: Ապա, հակիրճ կերպով անդրադարձ կատարեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետներուն բերած մեծ ներդրումին` թէ՛ ընդհանրական եւ թէ՛ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ռուհանա արքեպիսկոպոս իր քարոզին մէջ լայն տեղ տրամադրեց լոյսի գաղափարին` զայն բացատրելով աստուածաբանական ու հայրաբանական տեսանկիւններէ. «Ճշմարիտ լոյսը նոյնինքն Քրիստոսն է, որ մեզի համար առաքուեցաւ ու մարդացաւ, որպէսզի Իր լոյսի շողերը արձակէ այս աշխարհին մէջ եւ մեզ համախմբէ Իր սիրոյն մէջ` Աստուծոյ միացած ըլլալով: Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին չյայտարարեց միայն ճշմարիտ լոյսը ըլլալը, այլ մեզմէ պահանջեց Իրեն հետեւիլ եւ լոյսի որդիներ դառնալ: Հետեւաբար, Քրիստոսի հետեւելով պիտի կարենանք իբրեւ լոյսի որդիներ հաղորդուիլ Աստուծոյ կեանքին, ինչպէս նաեւ մէկ ըլլալ աշխարհի վրայ»: Իր խօսքի աւարտին, արքեպիսկոպոսը խօսեցաւ քրիստոնէական համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին. «Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հաւաքուած ենք Քրիստոնէական միութեան աղօթք բարձրացնելու. ո՛չ թէ մեր եկեղեցիներուն կրած դժուարութեանց ու պառակտումներուն դիմաց ձեռնամած եւ անտարբեր կանգնելու, այլ խորհելու մեզ միացնող հաւատքին ու երկնային արժէքներուն մասին: Այս գաղափարներով ուղղորդուելով կարելի չէ ուղղափառ, կաթողիկէ կամ աւետարանական անուանումներու նեղ պարունակին մէջ մնալ, այլ պէտք է դառնալ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամները»:
Քարոզին յաջորդեց Նիկիոյ Հաւատոյ հանգանակը, որ բոլոր մասնակցողները միահունչ արտասանեցին: Ապա, Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու Խորհուրդի նախագահ Եուսէֆ արքեպիսկոպոս Սուէյֆ խօսք առնելով` յանուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ կաթողիկէ համայնքին շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` այս նախաձեռնութիւնը հիւրընկալելուն համար:
Արարողութեան աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելութիւն մը տրուեցաւ` ի պատիւ ներկայ հոգեւոր պետերուն եւ եպիսկոպոսներուն:
