Յունուար 27 Յանուն Հայրենիքի Զոհուածներու Յիշատակի Օր Կը Սահմանուի
Յունուար 27 կը սահմանուի Յանուն հայրենիքի զոհուածներու յիշատակի եւ խոնարհումի օր եւ պիտի ըլլայ ոչ աշխատանքային։ ՀՀ Ազգային ժողովը ընդունեց օրէնքի նախագիծը։
Յիշեցնենք՝ երէկ ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը ներկայացուցած էր «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու նախագիծ, որմով կ՝առաջարկուի Յունուար 27 սահմանել որպէս Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու յիշատակի օր։
Նախագիծով կ՝առաջարկուի Յունուար 27 սահմանել ոչ աշխատանքային օր, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ քաղաքացիներուն, պաշտօնեաներուն, զինծառայողներու ընտանիքներուն, դպրոցներուն եւ ուսումնական հաստատութիւններուն այցելել Եռաբլուր կամ այլ յուշավայրեր, կազմակերպել միջոցառումներ եւ կրթական ծրագրեր։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2026/01/20/305797
