Գերաշնորհ Տ․ Պարթեւ Եպիսկոպոս Բարսեղեան Նշանակուած է Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ․ Պարթեւ եպիսկոպոս Բարսեղեանը, ազատուելով Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն, նշանակուած է Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ։
Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգեշնորհ Տ. Գուսան ծայրագոյն վարդապետ Ալճանեանը Հայրապետական տնօրինութեամբ ազատուած է իր պաշտօնէն:
Այլ տնօրինութեամբ մը քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանը համատեղութեան կարգով նշանակուած է Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
