ԱՄՆ Հայ Դատը Կոչ Կ՝ընէ Թրամփի Վարչակազմին` Ապահովել Բոլոր Հայ Գերիներուն Վերդարձը
Այսօրուան գերիներուն փոխանակումը ցոյց կու տայ ազրպէյճանի կողմէ պատանդներու դիւանագիտութեան շարունակական կիրառումը՝ Հայաստանէն քաղաքական զիջումներ կորզելու համար։ Այս մասին կը գրէ ԱՄՆ Հայ Դատը։
Առնուազն 19 հայ գերի կը մնայ ազրպէյճանի մէջ, ուր անոնք կը շարունակեն բախիլ խոշտանգումներու եւ բռնութեան, զրկուած են իրենց հիմնարար իրաւունքներէն եւ ենթարկուած կեղծ դատավարութիւններու։
ազրպէյճանին պէտք չէ տրամադրուի քողարկում կամ անպատժելիութիւն` հայ բանտարկեալներու շարունակական կալանքի եւ բռնութեան համար։
ANCA-ն կոչ կ՝ընէ Թրամփի վարչակազմին ընդլայնելու ջանքերը՝ ապահովելու մնացած բոլոր հայ բանտարկեալներուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, եւ կոչ կ՝ընէ Քոնկրեսին ընդունելու «ՀԱՅԱՍՏԱՆի անվտանգութեան գործընկերութեան մասին» օրէնքը (H.R.6840) եւ «ազրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման մասին» օրէնքը (H.R.5369)՝ ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու իր պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար։
