ՔՈԱՖ-ի 22-րդ Կալայէն Աւելի Քան 8 Միլիոն Տոլար՝ Հայաստանի Համայնքներու Զարգացման
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) հպարտութեամբ կը յայտնէ, որ Դեկտեմբեր 13-ին Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ կայացած եւ «Լուսաւորենք ապագայի ճանապարհը» խորագիրը կրող ՔՈԱՖ 22-րդ ամէնամեայ կալայի ընթացքին հաւաքագրուած է աւելի քան 8 միլիոն տոլար։ Այս աջակցութիւնը պիտի ուղղուի Հայաստանի համայնքներուն մէջ կրթական, առողջապահական եւ համայնքային վերափոխող ծրագրերի իրականացման։
Միջոցառումը համախմբած էր ՔՈԱՖ-ի մեծ համայնքը աշխարհի տարբեր անկիւններէ. շարք մը բարերարներ, առաջնորդներ եւ աջակիցներ միացած էին իմաստալից ու տօնական մթնոլորտով լի երեկոյին, որ կը ներկայացնէր ՔՈԱՖ-ի գործունէութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի համայնքներուն մէջ։
Կալայի հիւրերը նշեցին անցնող տարուան կարեւոր ձեռքբերումները՝ ներառեալ Լոռի մարզի Դեպեդ համայնքին մէջ Յարութիւն եւ Սիւզան Մանգոյեաններու անուան միջնակարգ նորակառոյց դպրոցին բացումը, ինչպէս նաեւ Արմաւիրի մէջ կառուցուող ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ աւանի շինարարութեան շարունակական յառաջընթացը։ Երիտասարդ շահառուներու պատմութիւնները վկայեցին այս ներդրումներուն էական նշանակութեան մասին. անոնք նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն Հայաստանի համայնքներուն մէջ բնակող երեխաներուն համար՝ ոգեշնչելով անոնց երթալ սեփական երազանքներու ետեւէն։
ՔՈԱՖ-ի այս տարուան փայլուն ուսանողներէն մէկը՝ Սոֆի Սարգսեանը իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ բժիշկի ասպարէզը սկսելու երազանքի իրականացման մասին, որուն մէջ ՔՈԱՖ-ի դերը անգնահատելի է։

«ՔՈԱՖ-ն օգնեց հասկանալ՝ ով եմ ես, օգնեց վերագտնել ինձ։ Այսօր ես վստահ եմ, լի յոյսով եւ պատրաստ պայքարելու իմ երազանքների համար։ Ես յստակ գիտեմ, թէ ինչ եմ ուզում՝ դառնալ բժիշկ եւ բուժել մարդկանց։ Եւ հիմա ինձ թւում է, որ անհնարին ոչինչ չկայ»,- նշեց Սոֆին։
ՔՈԱՖ-ը շքեղ Tacori ապրանքանիշի հիմնադիր Թագորեան ընտանիքին հպարտութեամբ շնորհեց «Հզօրացնելով Սերունդներին» մրցանակը՝ Հայաստանի համայնքներու երիտասարդութիւնը հզօրացնելու շարունակական ու ոգեշնչող նուիրուածութեան համար։
«Գրեմի»-ի դափնեկիր, Motown-ի վաստակաւոր աստղ Թելմա Հիւսթընը լուսաւորեց կալայի բեմը իր ներկայութեամբ ու հրաշալի կատարումով։ Անոր շնորհուեցաւ «Կեանքի Ընթացքին Ձեռք Բերած Նուաճումներ»-ու մրցանակ՝ մշակութային ժառանգութեան եւ մարդասիրական արժէքներու պաշտպանութեան ուղղուած իմաստալից նախաձեռնութիւններուն մշտապէս աջակցելու համար։
ՔՈԱՖ-ը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ LA Times Studios-ին՝ 2025-ի ընթացքին ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ ընդգծելով կառոյցին դերը ՔՈԱՖ-ի առաքելութեան միջազգային տարածման գործին մէջ։
Երեկոն վարեցին FOX 11-ի Good Day L.A.-ի հաղորդավար, «Էմի» մրցանակակիր լրագրող Արաքսիա Կարապետեանը եւ ՔՈԱՖ-ի զարգացման գծով փոխնախագահ Հայկ Պոյաճեանը։
Տաղանդաւոր երիտասարդ հայ երաժիշտներու կողքին, ծրագրի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան.
– Ճօ Մանկանիէլօ, հանրայայտ դերասան, բեմագիր, արտադրող, ՔՈԱՖ-ի խորհուրդի անդամ,
– Անտրիա Մարթին, «Թոնի» եւ «Էմի» մրցանակներու դափնեկիր, ճանչցուած դերասան, կատակերգու եւ նուիրուած ՔՈԱՖ դեսպան,
– Գեւ Օրգեան, բրիտանահայ կատակերգու, դաշնակահար եւ դերասան,
– Աննա Մագզանեան, LA Times Studios-ի նախագահ։
2003-էն ի վեր ՔՈԱՖ-ի ծրագրերը վերափոխած են աւելի քան 120,000 մարդու կեանք Հայաստանի եօթը մարզի մէջ։ Հիմնադրամի առաջին ՍՄԱՐԹ կեդրոնը շաբաթական կը սպասարկէ շուրջ 2000 երեխայի Լոռիի 30 համայնքէ։ Արմաւիրի ՍՄԱՐԹ աւանի շինարարութիւնը արդէն մեկնարկած է եւ կը նախատեսուի աւարտել 2028-ին՝ հիմք ստեղծելով յետագայ ընդլայնման համար, նաեւ՝ Սիւնիքի մէջ։
«Աւելի քան երկու տասնամեակ մեր համայնքը կ՝ապացուցէ, որ ռազմավարական ներդրումները Հայաստանի համայնքներուն մէջ կրնան ամբողջութեամբ փոխել կեանքի ուղիները։ Այս տարուայ կալայի ընթացքին ցուցաբերուած բացառիկ մեծահոգութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ հազարաւոր երեխաներու ձեւաւորելու իրենց իսկ ապագան»»,- կը նշէ ՔՈԱՖ հիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ դոկտոր Կարօ Արմէնը։
«Մեր ՍՄԱՐԹ կեդրոններն ու համապարփակ ծրագրերը շարունակաբար վերափոխում են Հայաստանի համայնքները։ Երեկոյին ստացած աջակցութիւնը երաշխաւորում է, որ այս ազդեցութիւնը կը շարունակի աճել՝ յանուն գալիք սերնդի»,- աւելցուցած է ՔՈԱՖ գործադիր տնօրէն Լիանա Ղալթաղչեանը։
ՔՈԱՖ-ի գործունէութեան մասին աւելին իմանալու կամ աջակցելու համար այցելեցէք մեր կայքը։
(Թղթակցութիւնը՝ ՔՈԱՖ-էն)
