Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Լիբանանի  հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք.  Փանոսեանի  հովանաւորութեամբ եւ «Ազդակ»-ի կազմակերպութեամբ,  Ուրբաթ,  5 Դեկտեմբեր  2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի  «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի  ունեցաւ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը»  գիրքին  շնորհահանդէսը:

Բացման  խօսքը  արտասանեց Սէրուժ Խանճիհանեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Ազդակ»-ի գործառոյթներուն մաս կազմող շնորհահանդէսներու կազմակերպումը  խորքին մէջ հայ գիրին, գրականութեան, յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման նպաստող  քայլ է, եւ որոնց ընդմէջէն ոչ միայն կ՛արժեւորուի գիրքը, հրատարակութիւնը, այլ նաեւ` հեղինակը: Ան ըսաւ, որ գիրքերու ներկայացման եւ արժեւորման հերթը Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի հեղինակած «Մեր տունը» հատորին է:  Խանճիհանեան նշեց, թէ այդ պատճառով է նաեւ, որ «Ազդակ» ձեռնարկեց «Սիրուհի Պուտագեան» մատենաշարի հրատարակութեան, որուն երկրորդ հատորի հրատարակչական աշխատանքներուն ձեռնարկուած է արդէն:

Ապա խօսք առաւ Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ գիրքը ոչ միայն յուշամատեան մըն է, այլ նաեւ խորքին մէջ` հայրենիք դարձած թաղամասի հոգեւոր քարտէսը: Ան անդրադարձաւ հեղինակի հմուտ գրիչին, որ պարզ կենցաղային յիշողութիւնները վերածած է գրական յարատեւութեան: «Սեդա Մարկոսեան- Խըտշեանի հատորը գաղտնիք մը ունի, որ կարդալ սկսելէդ ետք, չես ուզեր ընդհատել, կը շարունակես, մինչեւ որ հասնիս վերջաւորութեան: Այս գաղտնիքը կը բացատրուի անով, որ ներքին ուժ մը կը բանի գործէն ներս, եւ այդ տինամիզմը ծրագաւորուած  չէ, կը գործէ առանց կազմակերպուած ճիգ մը գործադրուած ըլլալու: Ինքնաբուխ է», ըսաւ սրբազանը` ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադառնալով գիրքի միջավայրին: «Սեդա Մարկոսեան -Խտըշեանի գրական այս երկին հոյակապ մասերէն մէկը պատումի բաժինն է: Այս առումով, բացառիկ է պատմելու եղանակը: Գրողը պատմողն է լսածները, մինչ ընթերցումի պահուն տարուած չես, թէ գրողը կը վերապատմէ: Ընթերցողը այն տպաւորութիւնը ունի, որ ուղղակի, իր կարգին, ինքն ալ հարազատօրէն կը լսէ պատմութիւնները, ճիշդ այնպէս, ինչպէս գրողը լսած է անոնց շրթներէն: Սեդա Մարկոսեան այն բախտաւորներէն է, որ արժանացաւ վայելելու առաջին սերունդի փոխանցած հայրենական վառ սէրերն ու ապրումները», ըսաւ ան: Նորվան արք. Զաքարեան նշեց, որ իր այս տպաւորիչ աշխատասիրութեան մէջ հեղինակը վերապրումի պայքար մղող աղքատ այս սերունդին հոգեբանութեան մէջ գտաւ համերաշխ գործակցութիւն` սիրտ սրտի տուած, իրարու թիկունք կանգնած, իրենց ազգի ահաւոր կորուստի ցաւէն կարծէք բուժուելու աշխատանքին յանձնուած:

«Մեր տունը» հատորը մաս կը կազմէ սփիւռքեան գրականութեան ոլորտին: Հեղինակը արժէքաւոր նուէր մը կը մատուցէ, պիտի ըսէի` ինքնատիպ ոսկեմանեակ մը, սփիւռքեան գրականութեան գանձարանի: Այս գիրքը կը սորվեցնէ սիրել` տան կռուանը, ընկերոջ ձեռքը, հացի համը, եւ թաղի անբացատրելի քաղցրութիւնը», յայտնեց Նորվան արք. Զաքարեան:

Լիբանանահայ  մտաւորական  Կարօ  Յովհաննէսեան նշեց, որ հեղինակին նկարագրական ուժը նման է հին լուսանկարներու, ուր ամէն մանրուքն իսկ կը կրէ կորուստի մը եւ վերադարձի մը թաքուն դառնութիւնը: Ան ըսաւ, որ գիրքը Պուրճ Համուտի  Նոր Թոմարզա թաղամասի  պատմութիւնն է, հոն իրապաշտ մօտեցումով կը նկարագրուին  թաղին  դէմքերն ու դէպքերը, այդ պատճառով ալ մաս կը կազմէ    լիբանանահայ  գաղութի  պատմութեան: «Մեր տուն»-ը գրուած է  հեղինակին խորապէս   մարդկային եւ նոյն ատեն  մոլեռանդ հայու  շնչառութեամբ ու խառնուածքով: Սեդան  ունի  գրելու  եւ  նկարագրելու   հաճելի եղանակ:  Գիրքը կը կարդացուի  հրապոյրով եւ  մէկ  շունչով:  «Մեր տունը»  խորապէս  բացայայտումն է Սեդային խառնուածքին  եւ նկարագրին: Գրած է այն, ինչ  թելադրած է  իր անկեղծութիւնը: Սեդան  իր խօսքով  ու գործով   ապացոյցը տուած է, որ  անկախ   մտածող է, որ` ունի  ուրոյն  տեսակէտ զանազան  հարցերու մասին: Իբրեւ այդպիսին` վստահութիւն  ներշնչած է  հայութեան  բոլոր հատուածներուն, որովհետեւ անկեղծ է  իր մտածումներուն մէջ», ըսաւ Կարօ Յովհաննէսեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան կը շարունակէ իր յուշագրութիւնը:

Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Աբէլ քհնյ.  Մանուկեան  «Մեր տունը» գիրքը նկատեց հետազօտութիւն մը, զոր երեք անգամ կարդացած է: «Հետաքրքրականն այն է, որ ամէն անգամ կ’ունենայի այն տպաւորութիւնը, որ այս գիրքը կարծէք առաջին անգամ կը կարդամ: Երեւոյթը պարզորոշ է եւ բարդ մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր. «Մեր տունը» նաեւ ի՛մ տունս է, թաղը մե՛ր թաղն է, ուր կարծէք ես ծնած եւ հասակ առած եմ. շրջապատը, մարդիկ, դրացիները, հայաբոյր աւանդոյթները, սովորութիւնները, կենցաղավարութիւնը, առօրեան, եռուզեռը, հեւքը, նիստ ու կացը, ուտեստը, հրուշակեղէնը, սուրբծննդեան թերթանուշն ու զատկական գաթան, համայնքային տօնահանդէսները, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները», շեշտեց ան:

Աբէլ քհնյ. Մանուկեան  իւրայատուկ նկատեց նաեւ այն, որ գիրքին մէջ հեղինակին ծնողները կը գործածեն Թոմարզայի հայերէն բարբառ, որ ամբողջութեամբ վերարտադրուած է գիրքին էջերուն մէջ` այսպիսով դուռ բանալով դէպի աշխարհ մը, որ, ցաւ ի սիրտ, սփիւռքահայ կեանքին մէջ հետզհետէ աւելի կը դալկանայ, ընդհուպ մինչեւ սպառում եւ ի վերջոյ` կորուստ:

Աւարտին ան շնորհաւորեց հատորին հեղինակը` գրական իր անդրանիկ երախայրիքին առիթով:

Հայաստանի սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ առանձնայատուկ նկատեց այս գիրքը, որովհետեւ անոր հաւաքական հերոսը տունն է, նաեւ` անոր բնակիչները, դրացիները, միջավայրը, բարի, մարդասէր, ազնիւ, հայրենասէր ու հաւատաւոր տանտէրերը, հոն տեղի կ՛ունենան տան մէջ ու անոր շուրջ ընթացող յուզիչ ու պարզ, խորապէս մարդկային ու ազգային իրադարձութիւններ:

Ան ըսաւ, որ գիրքը կը հանդիսանայ հայ ազգի, հայրենիքի, հայ ընտանիքի փոքրիկ մանրակերտը, զոր կարդալու ատեն չես կրնար կանգ առնել, երբեք չես ձանձրանար, որովհետեւ անիկա գրուած է պատմելու անկեղծ ու հաճելի ոճով, որուն ընդմէջէն կ՛արտացոլայ հարազատ տունը` հայրական տաքուկ օճախը: «Գիրքը  ոչ միայն ընտանեկան, կենցաղային պատմութիւններու ժողովածու է, այլ նաեւ մարդիկ միաւորելու ներուժ ունի` իբրեւ յոյս ներշնչող եւ լոյս արձակող  ջահ: Տունը, որուն նուիրուած է գիրքը, միաժամանակ թաղ է, քաղաք է, իսկ տունը ամուր պահող հիմնասիւնը հայրենիքն է` Հայաստանը», շեշտեց Հրանուշ Յակոբեան: Իր խօսքը եզրափակելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց  հեղինակին, որ իր հոգիին մէջ կուտակուած սէրը, յիշողութիւնը, ազգային վեհ զգացումները թուղթին յանձնեց` դարձնելով ընթերցողին սեփականութիւնը: «Դուն կը բոցավառես ընթերցողը եւ մեզի կը փոխանցես մեր  ազգային որակներուն, հաւատքին ու սրբազնագոյն արժէքներուն տէր կանգնելու,  ինքնութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու, հայրենիքին շուրջ համախմբուելու  յոյժ կարեւոր գաղափարներ», շեշտեց Յակոբեան:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ գիրքին հեղինակը` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գիրքի հրատարակութեան ընթացքին   ընկերակցեցան իրենց կարծիքներով, խորհուրդներով եւ թելադրութիւններով: Ան երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց  նորոգ հանգուցեալ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանին, նաեւ` գիրքի շնորհահանդէսին առիթով Լիբանան եկած ու խօսք առած մտաւորականներուն, գրախօսականներով գիրքին անդրադարձողներուն, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, մամուլին եւ Սարգիս Պուտագեանին: «Աւարտելով` յայտնեմ, որ այս գիրքը խղճի թելադրութեամբ գրուած գիրք մըն է:   Ո՛չ գրական գործ մը երկնելու կամ գրագէտ մը ըլլալու յաւակնութենէն թելադրուած, այլ`  պարզապէս փրկելու համար այն գեղեցիկ մանկութիւնը, թաղային կեանքը, սովորութիւններն ու փորձառութիւնները, դէմքեր, հարազատներ,  ընկերներ, մարդիկ, որոնք առանց հեղինակութիւն մը եղած ըլլալու` մեզի փոխանցեցին հարուստ ժառանգութիւն մը, որ կը կոչուի`  աւանդութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ, ազգայնականութիւն, ինքնութիւն, հայրենիքի սէր, եւ որ կ՛ամբողջանայ մէկ բառով` հայ ըլլալ», ըսաւ ան:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան ներկայացուց այսօր արդէն իսկ կորսուած այն հարազատ մթնոլորտը, զոր ներշնչած է զինք, եւ որ կ՛արտացոլայ գիրքի էջերուն մէջ. «Մենք ապրեցանք` առանց «Նայքի» կամ «Քիքըրզ» կօշիկներ հագած ըլլալու, մեր  հագուստները մեր հարազատները կարեցին, իսկ մեր խաղալիքները մեր մեծ քոյրերն ու եղբայրները շինեցին` պուպրիկ, ղըժ-ղըժ կամ առաւելագոյնը` բնութեան ընծայած պարգեւներով, որոնք կը կոչուէին` պարսատիկ, հինգ քար, կամ «չէլլիկ» (հայերէն տարբերակը չգտայ): Մեր ընկերներն ու թաղի մարդիկը միս ու ոսկորով շօշափելի, իրենց իւրայատուկ նկարագիրներով կերպարներ էին` հարազատ ու ճանտան մարդիկ: Մեր ապրած ուրախութիւնը կը կոչուէր` ընկերասիրութիւն, ծառայասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, նախանձի չգոյութիւն, յարգանք ու սէր, մեր հարստութիւնը մեր ընկերներն էին, որոնց  յիշատակները ցայսօր ջերմ կը պահեն մեզ` կարօտով  վերապրելու  հիասքանչ ու յաւէտ անցած մանկութեան օրերը: Մինչ այսօրուան երեխան կը մեծնայ մինակը, հաւաքականութիւն չունի, անոր ընկերներ կը կոչուին` Այփատ, բջիջային եւ համակարգիչ, կը մեծնան աչքերը յառած ունենալու` աւելի մեծը, աւելի սուղը, աւելի հազուագիւտը եւ աւելի նորը` կարենալ ուրախանալու համար, բան մը, որ առաւելագոյնը տարի մը ետք արդէն դարձած է ժամանակավրէպ եւ աղբը թափուելիք: Այսօրուան երեխային «տունը»-ն ու միջավայրը  իր բնակարանն է` յատուկ հասցէով, իր համայնքը իր մայրն ու հայրն են, իսկ հարազատները` մեծ մայր, մեծ հայր, քեռի, քեռկին ու բարեկամները  հեռու են եւ պաշտօնական, կը մեծնայ առանձին, ինքնաբերաբար  ալ կը դառնայ` անհանդուրժող, անձնասէր, եսակեդրոն, մեծամիտ, ու նաեւ` պահանջկոտ»: Աւարտին ան փափաք յայտնեց վերադառնալու այդ մաքրամաքուր մանկութեան:

Աւարտին կատարուեցաւ գիրքի գինեձօն եւ մակագրութիւն: