պաքու «Արեւմտեան ազրպէյճան»ի Համայնքի Պատումը Յառաջ Կը Մղէ Եւրոպացի Պաշտօնատարներու Միջոցով. Ամերիկացի Լրագրող
Ամերիկացի լրագրող Լինզի Սնել կ՝ահազանգէ, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւրոպական երկիրներու պաշտօնեաներու միջոցով յառաջ կը մղեն այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան» համայնքի պատումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմինֆօ»ն։
««Արեւմտեան ազրպէյճանի համայնք»ին մէջ կ՛աճի թիւը եւրոպացիներուն, որոնք կապեր ունին կառավարութեան հետ եւ աշխոյժ կերպով կ՛աջակցին անոնց: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ առաջարկած է «Արեւմտեան ազրպէյճան»ին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպել Գերմանիոյ մէջ: Ասիկա մտահոգութիւն կը յարուցէ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Արեւմտեան ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի քաղաքականութիւնը, կարծես թէ, անոր անտեսումն է», X-ի իր էջին վրայ գրած է Սնել։
Նշենք, որ ազրպէյճան Արցախի բռնագրաւումէն ետք սկսած է յառաջ մղել, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան ազրպէյճան»ի մասին նոր պատումը: Այդպիսով, ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն յառաջ մղել ազրպէյճանցիներուն կողմէ Հայաստանի սողացող բռնագրաւումը` փորձելով շուրջ 300 հազար ազրպէյճանցիներ վերաբնակեցնել Հայաստանի մէջ:
