Խուզարկութիւն՝ Արցախի Ներկայացուցչութեան Մէջ
Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբերին, ՀՀ քննչական կոմիտէն յայտնեց, թէ քրէական գործի նպատակով, Արցախի Ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ։
Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան՝ մեկնաբանելով Ներկայացուցչութեան մէջ կատարուած խուզարկութիւնը, յայտնեց,- «Նշած ենք եւ կը շարունակենք նշել, որ Արցախի հարցը փակուած չէ, եւ մենք պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներուն համար։ Քննչական գործողութիւնները դեռ կը շարունակուին։ Ես կը տեսնեմ որոշ կապ այն ամենուն հետ, ինչ որ քննարկեցինք երէկ։ Այստեղ այնպիսի փաստաթուղթ չկայ, որ կրնայ վնաս հասցնել մեզի կամ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Եթէ ըլլայ ալ որեւէ փաստաթուղթ, անիկա միայն կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանին կամ մեր ժողովուրդին։ Այո՛, ես այս ամբողջին մէջ կապ կը տեսնեմ մեր երէկուան խորհրդակցութիւններուն հետ»։
Ան աւելցուց, թէ ճնշումներ եղած են իր վրայ եւ Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Ասկերանի քաղաքապետերուն ու պատգամաւորներուն վրայ։
«Մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքները։ Այսօր որ աշխատանք կը տանինք, պիտի նկատի ունենանք ՀՀ Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, եւ մեր գործողութիւններուն մէջ ոչինչ կայ, որ կրնայ հակասահմանադրական նկատուիլ։ ․․․Բոլոր քայլերը ուղղուած են Հայաստանի, Արցախի եւ մեր ժողովուրդի շահերուն»,- եզրակացուց Դանիէլեան։
