ազրպէյճանը Աշխոյժ Կերպով Արցախը ազրպէյճանցիներով Կը Բնակեցնէ․ Սերգէյ Շահվերդեան
Արցախի մէջ մնացած է 5658 յուշարձան, որոնց 355-ը՝ եկեղեցիներ են, 60-ը՝ վանքեր, միւսները տարբեր բնոյթի յուշարձաններ։ Այս մասին, Դեկտեմբեր 10-ին, Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ, խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին, յայտարարած է Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Սերգէյ Շահվերդեան։
«Պէտք է արձանագրել, որ մշակութային ժառանգութիւնը Արցախի մէջ վտանգուած է։
Այդ թիւերը յայտնի կը դառնան առարկայական վերահսկողութեան համակարգերու կամ ազրպէյճանական սոցիալական հատուածներու միջոցով։
Այդ թիւերը ամէն օր, ամէն վայրկեան կը փոփոխուին։
Այսօր շատ հնարաւոր է յուշարձաններէն մէկը եւս ոչնչացուած է։
ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ ունի երեք ճիւղաւորում՝ ոչնչացում, այլափոխում, սեփականաշնորհում։
Այդ երեք ուղղութեամբ Արցախի ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է։
Մշակութային ժառանգութիւն ըսելով սովորաբար մարդիկ կը պատկերացնեն միայն պատմամշակութային յուշարձանները, բայց ատիկա այդպէս չէ։ Բաւական է տեղեկացնել, որ Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ ոչնչացուած են արուեստի բոլոր արձանները, կոթողները։
Նոյն վիճակը կը տիրէ Արցախի ողջ տարածքին։
Ասոր զուգահեռ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առումով ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը կ՝իրականացնէ նաեւ յիշողութեան ոչնչացում։ Պատահական չէ, որ ի սպառ ոչնչացուած են Ստեփանակերտի 6 պատմական թաղամասեր։
Այլ համգամանք մը, որուն մասին քիչ կը խօսուի, ատիկա բնակեցման քաղաքականութիւնն է։ ազրպէյճանը շատ աշխոյժ կերպով Արցախը կը բնակեցնէ ազրպէյճանցիներով՝ անգամ երբեւէ ազրպէյճանցիներով չբնակեցուած բնակավայրերու մէջ։
Ցաւօք սրտի, մենք բախած ենք այն իրավիճակին, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործով միայն կը զբաղին ՀԿ-ները ու միջազգային ասպարէզի մէջ՝ Հայ Դատի գրասենեակները։
ՀՀ պետական կառոյցները, որոնք ըստ Սահմանադրութեան տէր են հայկական մշակութային ժառանգութեան ամբողջ աշխարհի մէջ՝ որեւէ գործուն միջոցներ չեն ձեռնարկեր։ Չ՝իրականացուիր տարրական աշխատանք՝ փաստերու արձանագրում, տեղեկատուական հիմքերու ստեղծում»,- նշած է Սերգէյ Շահվերդեան։
Մանրամասն՝ տեսանիւթով
