Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէս-Փառատօնի Բացում
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած համահայկական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ վերապատուելի եւ հոգեւոր հայրերու, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու, հայկական, կրթական, բարեսիրական կառոյցներու տնօրէններու, ուղեկից միութիւններու, շրջանային վարչութիւններու, հայրենի եւ սփիւռքեան հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, հեղինակներու, համալսարանական դասախօսներու ու ուսուցիչներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան միաւորներու, հայ գիրքի բարեկամներու եւ ընթերցասէրներու հոծ բազմութեան մը:
Հրատարակչատան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Իզապէլ Տիարպի: Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի քառեակը: Այս առիթով իր խորհրդածութիւնները փոխանցեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական վարչութեան եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
Այս առիթով հիւրաբար Լիբանան գտնուող հայրենի հրատարակչատուներու կողմէ ողջոյնի խօսք ուղղեց «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր, տնօրէն Դաւիթ Սամուէլեան: Աւարտին շնորհակալութեան եւ երախտիքի իր խօսքը ուղղեց հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
«ԱԶԴԱԿ»
