Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ․ Նորա Բարսեղեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Տառապած ազգ ենք ու կը շարունակենք տառապիլ, երբեմն ալ մեր նոր տառապանքները կու գան մոռացութեան գիրկը նետելու հիները, կամ` երկրորդական կարգի վրայ տեղադրելու զանոնք:

Սակայն անհատական եւ հաւաքական յիշողութիւնը կարեւոր է ոեւէ մարդու ու ազգի, ա՛ն է, որ կը թրծէ ինքնութիւնը, պատմութենէն դասեր կը փոխանցէ եւ կը յուշէ, որ անցեալը մնայուն մաս է պատմութեան, ուստի նաեւ` ապագային:

37 տարիներ անցած են այն դաժան օրէն` 7 դեկտեմբեր 1988-էն, երբ ուժգին երկրաշարժ մը կասեցուց ամէն ինչ Գիւմրիի, Վանայ Ձորի եւ Սպիտակի մէջ. ժամանակն ու ընթացիկ կեանքը կանգ առին, կանգ առին մարդոց կեանքերը, այդ շրջաններու ընդերքի աներեւակայելի շարժումը կասեցուց մարդկային ամէն շարժում, ժպիտները քարացան, մահն ու աւերը պար բռնեցին` խլելով 25 հազար անձերու կեանք, պատճառելով աննկարագրելի քանդում:

Բայց եւ այնպէս հայուն ապրելու եւ վերստին ոտքի կանգնելու կամքը տիրական էր կրկին, արդարեւ, հակառակ հոգեկան ու ֆիզիքական բազում դժուարութիւններուն, սրտախոց բազում կացութիւններուն, բազում նահատակներուն ու վիրաւորներուն, քարուքանդ տարածքներուն, վերապրողները կրցան ոտքի ելլել, կրցան ապրիլ, նաեւ` իրենց վերջին շունչը այդ պահուն փչողներուն փոխարէն…

Տարիները թաւալեցան, նոր տագնապներ ծնունդ առին, թերեւս` աւելի ծանր, մոռացութիւնը անպայման իր դերը ունեցաւ,

ժամանակի սփոփանքը կրցաւ թեթեւցնել ցաւը, նոր բնակարաններու կառուցումը հիներուն տեղ առնելու փորձ մը կ՛ընէ անպայման, նորածիններու ծնունդը նոր կեանքի յոյսով լեցուց անկասկած, սակայն տակաւին երկրաշարժի սպին նկատելի է այդ շրջաններուն մէջ, տակաւին ընտանիքները կը սգան իրենց հարազատները, կը յամենան ցաւն ու կորուստի վիշտը:

Գիւմրին ու Վանայ Ձորը յատուկ տեղ ունին սրտին մէջ, հոն տրուած իւրաքանչիւր այցելութեան եւ տեղացիներու հետ իւրաքանչիւր զրոյցի ընթացքին անպայման կը յիշուի այս դաժան երկրաշարժը, եւ կը բազմանան պատմութիւնները:

Երկար տարիներ անցած են երկրաշարժէն, սակայն Մարինէ տակաւին «կանաչ տերեւով ճաշ» չէ պատրաստած երբեք, որովհետեւ անոր նահատակուած 10-12 տարեկան զաւակներուն ամէնէն սիրած ճաշն էր ատիկա: Արտեոմ ծնաւ երկրաշարժէն մէկ տարի ետք, եւ մայրը որոշեց «կանաչ տերեւով ճաշ» պատրաստել այն օրը, երբ իր զաւակը` ճիշդ իր նահատակուած եղբօր ոճով ու բառերով հարցուց, թէ ինչո՛ւ իրենք եւս դրացիներուն նման «կանաչ տերեւով ճաշ» չեն պատրաստեր… Մայրը չմերժեց խնդրանքը եւ երկար տարիներ ետք, իր զաւակներուն յիշատակով կրկին պատրաստեց այդ ճաշը:

Մարինէին համար երկրաշարժը իր զաւկին աչքերուն մէջ ցոլացող վախն ու անոր թրթռուն ձայնով ուղղուած հարցումն է. «Մա՛մ, այս ի՞նչ է»:

«Զիրենք կը պատրաստէի դպրոց ուղարկելու, արդէն վերարկուները առած էին, զգացի տեսակ մը որոտի ձայն, ու շէնքը տատանեցաւ: Անմիջապէս գիտցայ, որ երկրաշարժ էր, Արտուշիկիս աչքերը դէմքին վրայ կլորցան վախէն: Ըսի` «Մի՛ վախնար: Արտո՛ւշ ջան, երկրաշարժ է, ես հիմա քեզ շատ արագ վերելակին կը հասցնեմ»: Վերելակը մեր յարկին վրայ էր, դրացին նոր բարձրացած էր: Բացի դուռը, որպէսզի դուրս ելլենք, ու շէնքը փլաւ»:

Տարիներ շարունակ, ցայսօր, Մարինէին այնպէս կը թուէր, որ կարելի էր բան մը փոխել, որպէսզի իր զաւակները փրկուին: Ան միշտ կը մտածէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յաջորդին, որպէսզի իր զաւակը այս անգամ ողջ մնայ, եթէ նման երկրաշարժ մը տեղի ունենայ: Գիշերները ահաւորութեամբ լեցուն պահեր են Մարինէին համար, երբ առօրեայ հոգերէն ետք անկողին կը մտնէ քնանալու, կրկին ու կրկին կը վերապրի երկրաշարժի ամբողջ տեսարանը:

«Բացի դուռը` հաւատալով, որ պիտի ազատեմ զաւակներս:

Ես ձեռքերովս փորձեցի փաթթել տղաները, որ գոնէ կարենամ զանոնք ձեւով մը պահպանել, բայց գետինը տակէս փախաւ… Երբ սթափեցայ, արդէն ամէն ինչ վերջացած էր, անոնք չկային… Մենք երկաթեայ դուռ ունէինք, դուռը բանի մը վրայ ինկած էր, առաստաղի նման բան մը կազմուած էր, եւ ես տակը մնացած էի: Դիմացը բաց էր, տանիք չկար, երկինք էր: Ու ես տեսայ փոքր որդիս Գրիշս դիմացս է, չէի գիտեր, թէ ի՛նչ եղած է անոր. կարծելով, թէ ան կենդանի է, սկսայ միւս տղաս փնտռել: Արտուշիս ալ ձայնը կը լսէի, հինգ վայրկեան ետք անոր ձայնը մարեցաւ, միայն վերջին նախադասութիւնը շատ լաւ լսեցի. «Մամա՜ս, ալ չեմ դիմանար»:

Մարինէն չի կրնար երեւակայել ու տակաւին չ՛ուզեր հաւատալ, որ իր երկու որդիները չկան: Ան յաճախ կը նայի անոնց տարեկից տղոց, որոնք հասակ կը նետեն ու դէպի երկինք կը բարձրանան, մինչ` «իմ տղաքս գետնին տակ կը ննջեն»: Բայց եւ այնպէս Մարինէն զանոնք կը սիրէ իր զաւակներուն փոխարէն եւ իր զաւակներուն տեղ:

Մարինէն կը կարծէ, թէ երկրաշարժին համար յանցաւոր են բոլորը, եւ զայրացած է բոլորէն: Ան նոյնիսկ իր ամուսինը կը մեղադրէ, թէ ինչո՛ւ տունը չէ եղած այդ ժամուն եւ իր զաւակները փրկելու աշխատանք չէ տարած: Ամուսինը այն ատեն կը գտնուէր դպրոցը եւ փլատակներուն տակէն աշակերտները կը փորձէր ազատել: Մարինէն զայն կը մեղադրէ ասոր համար` ըսելով, թէ ան կրցած է ուրիշ մանուկներ փրկել, սակայն իր հարազատ որդիները չէր կրցած ազատել մահուան ճիրաններէն: Ան նոյնիսկ կը մեղադրէ Արագածը…

«Օր մը մշուշը ծածկած էր Արագածը: Գրիշիկս կանչեց զիս. «Մամաս, եկո՛ւր նայէ, թուրքերը Արագածը տարեր են»: «Չէ, տղա՛ս,- ըսի,-պարզապէս մշուշ հանգչած է լերան վրայ»: Երկրաշարժէն ետք յաճախ կը նայիմ անոր եւ կ՛ըսեմ. «Ես քեզ շատ կը սիրէի, նաեւ զաւակներս քեզ կը սիրէին, ինչո՞ւ այդպէս ըրիր»:

Անոր զայրոյթը, սակայն, կը նուազի շուտով, ան խորքին մէջ համոզուած է, թէ ոչ ոք պատասխանատու է եղածին, բայց եւ այնպէս վիշտը տակաւին ծանր է իր մէջ:

Իւրաքանչիւր 7 դեկտեմբերին ան լարուած մթնոլորտի մէջ կ՛ըլլայ, կը սպասէ այդ սեւ օրուան գալուստին, ջղային կը դառնայ, չ՛ուզեր մարդ տեսնել, այլ կ՛ուզէ առանձնանալ: Գիտէ, որ իր զաւակներուն տեսութեան երթալու ժամը մօտեցած է, գերեզման կ՛երթայ իր զաւակներուն շիրիմը այցելելու եւ կարօտը առնելու:

Անոր միակ յոյսն ու արեւը երկրաշարժէն ետք  ծնած իր զաւակն է, որուն համար ամէն ինչ կ՛ուզէ ընել, անոր կ՛ուզէ տալ այն, ինչ որ չկրցաւ իր միւս զաւակներուն տալ:

Հակառակ այս բոլորին, սակայն, մղձաւանջը չի լքեր Մարինէն, երկրաշարժը յաճախ կ՛այցելէ իրեն իր երազներուն մէջ: «Անհանգիստ կ՛արթննաս ու կը զգաս, որ շունչդ կ՛անջատուի, քրտինքներու մէջ ես, անկողինդ կը ցնցուի, սակայն քիչ անց կ՛անդրադառնաս, որ տեղի ունեցածը երկրաշարժ չէ, այլ պարզապէս երազ է, յուշ մը լոկ: Առաջին հակազդեցութիւնը զաւակս փնտռելն է եւ անոր լաւ ըլլալը ստուգելը»:

Էտիկ պապիկը իր թոռներուն մեծ մասը կորսնցուցած է, սակայն անոնց նկարներն ու յիշատակները իր սրտին մէջ են եւ աչքերուն առջեւ:  7 դեկտեմբեր 1988-ին Հայկը, Փաթիլը, Գուրգէնը, Պետրոսը, Անահիտը եւ շատ ու շատ մանուկներ ժպտուն աշակերտներ էին եւ ոչ հողի կոյտի տակ հանգչող դիակներ, երկվայրկեաններ բաւարար եղան անոնցմէ խլելու կեանք մը ամբողջ, մանկութիւն մը համայն, ժպիտներ, խոստումներ, երազներ, այդ բոլորին փոխարէն զիրենք զետեղելով ցուրտ հողին գիրկը, ուր կանգ կ՛առնէ ամէն ինչ, կը մեռնին բոլոր խնդիրներն ու խոստումները, կը թաղուին իրենք` իրենց մանկութեամբ:

Ճիշդ է, կեանքը կը շարունակուի, մարդիկ չեն կրնար կասեցնել ժամանակի թաւալքն ու օրերուն վազքը, կենդանիներուն համար անիւը կը թաւալի` զանոնք իրեն հետ տանելով, սակայն անշնչացածները կը մնան տակաւին միեւնոյն տեղը, միեւնոյն ժամանակին մէջ, բայց անոնց հոգին, անոնց յիշատակը եւ անոնց ժպիտը կը փոխանցուի մեզի` կենդանիներուս:

Անկարելի է մոռնալ իրենց սովորական առօրեային ընթացքին, խաղաղ պայմաններու մէջ յանկարծ մահուան գիրկը յայտնուած մայրերն ու հայրերը, քոյրերն ու եղբայրները, մանուկներն ու սիրելիները, որոնց յիշատակը տակաւին թարմ ներկայութիւն է Գիւմրիի, Վանայ Ձորի եւ Սպիտակի իւրաքանչիւր երդիքի տակ, իւրաքանչիւր վերապրողի սրտին ու մտքին մէջ, իւրաքանչիւր մօր արցունքին մէջ, իւրաքանչիւր որբին կսկիծին մէջ, հոն, ուր կար շունչ մը 37 տարի առաջ, իսկ այսօր չկայ արդէն…

Անընդունելի է մոռնալ մեր նահատակ հայորդիները, որոնց կեանքը երկվայրկեանի մէջ անջատուեցաւ, անոնք իրենց շունչն ու երազները, պատգամներն ու կտակները կը փոխանցեն մեզի, որպէսզի մենք աւելի եւս զօրանանք ու ամրանանք, մանաւանդ որ մենք կը հանդիսանանք այնպիսի ազգ մը, որ շա՜տ սորվելիք ունեցած է եւ ունի իր նահատակներէն եւ միշտ ալ ատակ եղած է լսելու անոնց պատգամները` պատմութեան խորքերէն:

Խունկ եւ աղօթք 7 Դեկտեմբեր 1988-ին բնութեան զոհը գացած մեր հայորդիներուն…

Ծաղիկներ ու մոմեր` անոնց շիրիմներուն…

Չմոռնանք այդ անմեղները, յարգենք անոնց յիշատակը: