Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը… Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եթէ ամերիկացիք, իրենց հետ նաեւ աշխարհը եթէ պահ մը աչքերը հեռացնեն Սպիտակ տան պետին շուրջ մերթ ընդ մերթ բարձրացող փոթորիկներու դաշտէն (արհամարհելի բաներ չեն, բայց չափի սահման մը կայ, չէ՞), պիտի նկատեն, որ քարոզչական մեքենաները ո՛չ միայն ապուշութեան կը տանին աշխարհի բնակիչները, այլ նաեւ կը քողարկեն ցաւցնող իրականութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը կորսուին յիշեալ եւ այլ՝ նմանօրինակ փոթորիկներու փրփուրներուն մէջ:

Քարոզչական-տեղեկատուական աղբիւրներու արշաւներուն մէջ, դարձեալ առաջին դիրքը գրաւած է Ուքրանիոյ պատերազմն ու անոր վերջ տալու հաւաստիքները, այդ նպատակով՝ դիւանագիտական հաղորդակցութեանց վերաշխուժացումը: Վերջին օրերուն, կը հաղորդեն, որ յառաջիկայ շաբաթ, «նարնջագոյն մարդ»ուն պատուիրակը՝ Սթիւ Ուիթքաֆ Մոսկուա պիտի երթայ, Փութինի հետ քննարկելու համար խաղաղութեան ծրագիր մը, որուն շուրջ քաղաքական սակարանին մէջ հսկայ վերիվայրումներ կ՛արձանագրուին, ընդունելի պէտք է ըլլայ-ընդունելի չէ-ի բանավէճը տաք կրակի վրայ դրուած է: Ինչ որ բացայայտուած է այդ ծրագիրէն, եւ Թրամփ ալ բաւական յստակ բառերով խօսած է քանիցս, այն է, որ Ուքրանիա կարողութիւնը չունի շահելու պատերազմը, պէտք է հողային զիջումներ ընէ ռուսերուն, հրաժարի ՆԱԹՕին անդամակցելու ցանկութենէն, կրճատումի ենթարկէ իր բանակին թիւը: Ասոնք ըսուած կէտերն են, յայտնապէս կան վարագոյրին ետին պահուող կէտեր ալ:

Մէկ խօսքով, Ուքրանիոյ կ՛ըսեն. մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ, մենք ամէն բան ըրինք ու քաջալերեցինք քեզ, որպէսզի Ռուսիոյ դէմ պատերազմ յայտարարես, պահանջ դնես ՆԱԹՕին անդամակցելու, յետոյ, մեր զէնքի շտեմարանները բացինք քեզի համար, Ռուսիոյ դէմ տնտեսական եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրեցինք, հիմա, մեր տրամադրութիւնները փոխուած են, պէտք է ընդունիս ամէն տեսակի կորուստ եւ զիջում, որպէսզի Թրամփ յոխորտայ, թէ քանի՞ պատերազմ դադրեցուցած է (իսկ թէ «դադրեցուած»ները ի՞նչ վիճակի է՝ ձեզի կրնան պատասխանել Կազայի ու Արեւմտեան Ափի պաղեստինցիները, Լիբանան, քիչ մըն ալ դրացի երկիրները): Մէկ խօսքով, Արեւմուտքը կը ծախէ Ուքրանիան, ի՛նչ որ ալ ըլլան եւրոպացիներուն «բարի տրամադրութիւնները»:

Ինչպէս ըսինք, այս ծրագիրին շուրջ խօսքի աճուրդը եւ մեկնաբանութիւններու սակարանը կը բանին աշխուժօրէն, առանց յստակացնելու, թէ լեռը արդեօք փի՞ղ, թէ՞ մրջիւն պիտի ծնի: Ոմանք կը կարծեն, թէ փիղ գոյութիւն չունի, այլ կայ… խոզուկ մը՝ կռնակին ճեղք մը ունեցող խոզանման տփիկ մը՝ գանձանակ մը, որ դրուած է բանակցութեանց սեղանին վրայ. եւ խոզուկին հոգն անգամ չէ, թէ Ուքրանիոյ մէջ (նաեւ ռուսական կողմէն) քանի՞ մարդ սպաննուած է, քանի քաղաք ու բնակավայր փոշիացած են, քանի՞ միլիոն գաղթական, որբ ու տնազուրկ կայ:

***

Մեր այս նշումները նորութիւն չեն, սակայն զանգուածային քարոզչական մեքենաները, որոնք ունին նաեւ լրատու աղբիւր անունը, ընդհանրապէս նման իրականութիւններ կը պահեն հակամարտութիւններու՝ ռազմական գործողութիւններու ծալքերուն մէջ: Վերջին ամիսներուն, ուշագրաւ զարգացումներ տեղի կ՛ունենան արեւմտեան զինակցութեան դաշտին մէջ. Եւրոպա բացայայտօրէն հակադրուած է Ուաշինկթընի: Մինչ ամերիկացիք կը փորձեն հազար ու մէկ աղբիւրէ ջուր բերել եւ աշխարհին ներկայանալ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի դիմակով, եւրոպացիք նստած են «պատերազմը պէտք է շարունակուի, մենք ամէն ձեւով պիտի շարունակենք Ուքրանիան զինել, անոր աջակից կանգնիլ» աթոռին վրայ, եւ սա կ՛արդարացնեն «մեր ապահովութիւնը կը պաշտպանենք»ով:

Այս պատկերը ունի բազմաթիւ ծիծաղելի եւ… ողբերգական երեսներ: Եւրոպացիներուն համար գաղտնիք չէ, որ իրենք առանձինն չեն կրնար բաւարարել Զելենսքիի՝ պատերազմը շարունակելու ախորժակը: Գիտեն – բայց կ՛աշխատին իրենց ժողովուրդներէն ծածկել – այն՝ որ Ուքրանիոյ ղրկուող-ղրկուելիք զէնքերուն մեծ մասը կու գայ ովկիանոսին միւս ափէն, իրե՛նք են փոխարժէքը վճարողը (կը յիշէ՞ք, Թրամփ քանի մը ամիս առաջ ճակատաբաց յայտարարեց, որ ինք այլեւս զէնք պիտի չտայ Զելենսքիի, պահանջեց, որ եւրոպացիք ամերիկեան զէնք գնեն եւ Ուքրանիա հասցնեն): Եւ հիմա, կը յամառին այդ մրցավազքը, իրե՛նց իսկ ձեռքով հարուածներ տալով իրենց տնտեսութեան, ժողովուրդներու բարօրութեան…

***

Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբերին, մեր ուշադրութիւնը գրաւեց եւրոպական պատկերասփիւռի կայանէ մը տրուած լուր մը եւ անոր մեկնաբանութիւնը: Մեկնաբանը (նման մեկնաբանութիւններ հալած իւղի պէս կլլելու սովորութիւն չունինք) ըսաւ, որ ռուսեւամերիկեան բանակցութիւնները իսկութեան մէջ շատ ալ կապ չունին Ուքրանիոյ պատերազմին հետ: Թրամփ-Փութին (Ալասքայի մէջ, Օգոստոսի կիսուն) հանդիպումէն ասդին, կողմերը օրակարգի նիւթ ունին առաւելաբար տնտեսական-առեւտրական եւ այլ՝ շահակցական հարցեր: Ըստ այս մեկնաբանին՝ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ համաձայնութիւն գոյացնել եւ պատերազմը հասցնել իրենց համար բաղձալի աւարտի մը, ԴՈՒՐՍ ՁԳԵԼՈՎ ԵՒՐՈՊԱՆ, որ, ինչպէս ծանօթ է, մէկ կողմէ կը պաշտպանէ ու կը զինէ Ուքրանիան, ու միւս կողմէ՝ պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ռուսիոյ դէմ, սակայն նոյնքան վնասուելով այդ միջոցառումներէն: Յիշող կա՞յ, որ Թրամփ ամիսներ առաջ ապահովեց Ուքրանիոյ բնական հարստութիւնները՝ սուղ մետաղները իր գրպանը հոսեցնելու իրաւունքը: Անկէ ետք՝ ի՜նչ Ուքրանիա, ի՜նչ Զելենսքի: Կեցցէ՛ խոզուկաձեւ գանձանակը: Զելենսքի եւ Ուքրանիա շատո՜նց իրաւունք ունին ձայնակցելու արաբական հռչակաւոր երգչուհի Սապահի, որ աւելի քան 50 տարի առաջ երգած է զուարճալի երգ մը՝ «Տախլ-աայունաք հաքինա…» (*)

Եւրոպացի ժողովուրդները կ՛անդրադառնա՞ն արդեօք, որ այս ընթացքով, իրենց ղեկավարները կը կրակեն իրենց սեփական զո՛յգ ոտքերուն (այս նշումը ռուսական կողմի պաշտպանութիւն չէ): Այլ խօսքով, ուքրանացիներուն պէս՝ եւրոպացիք ալ զոհ կ՛երթան այս պատերազմին, որուն շուրջ իբրեւ շահակիցներ կը բանակցին երկու գերուժերը:

Մեկնաբանութիւնները, ըսինք, ունին իրենց տարածուն սակարանը, սակայն հազուադէպ է, որ մէկն ու մէկը ա՛յսքան բաց աչքերով կը դիտէ իրականութիւնը եւ կը փորձէ բանալ նաեւ եւրոպացի զոհերուն աչքերն ու ականջները: Իսկ թէ որքա՞ն կը յաջողի՝ արդէն այլ հարց, աչքի առջեւ ունենալով պատերազմի հրահրման-դադարեցման մասին խօսքի ու մեկնաբանութիւններու խօսի աճուրդները, հեղեղնե՛րը:

***

Արդեօք նման չոր ու դաժան իրականութիւններ բան մը կ՛ըսե՞ն մեզի՝ հայութեան, մասնաւորաբար մեր հայրենիքի հողին վրայ մեզի պարտադրուող նահանջներու եւ կորուստներու դիպաշարին լոյսին տակ, որովհետեւ ականատես ենք իշխանաւորներու «աննահանջ» վազքին՝ թշնամիին ծրագիրներուն իրականացման եւ զանոնք իբրեւ խաղաղութեան ծիծեռնակներ ներկայացնելու՝ քարոզչութեան դաշտերուն մէջ:  Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օր-աւուր կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրե՛նց, այսինքն՝ թրքական աշխարհի միացնող ծրագիրներուն մասին, ինչ որ բացայայտ ցուցանիշ է, թէ Սիւնիքն ալ պիտի մատնուի Ուքրանիոյ ճակատագիրին: Չէ՞ որ ՔՊականները տարուած են – կ՛աշխատին ազգն ալ վարակել – այն խաբէութեամբ, որ «Թրամփի Ուղի»ն, դէպի Եւրոպա վազքը հրաշքնե՜ր պիտի բերէ Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին, մինչդեռ չոր իրականութիւնը կ՛ըսէ, որ Հայաստանի կորուստներուն դիմաց, կը շահին մեր անմիջական թշնամիները եւ անոնց ետին կանգնող՝ շահակիցները:

…Երէկ, բարեկամ մը հեռաձայնեց, եւ վրդոված յայտնեց, թէ ատրպէյճանցիները Արցախի կոթողներէն մէկուն ալ՝ «Մենք ենք մեր լեռները» յուշարձանին վնասներ հասցուցած են, իսկ մեր իշխանաւորները  կը պահպանեն լուռ հանդիսատեսի եւ «խաղաղութիւն ամէն գնով»ի դիրքը:

Բարեկամիս չպատասխանեցի, սակայն մտածեցի. «Չէ՞ որ ՔՊապետն ու թութակները կը քարոզեն, թէ Արցախը Ատրպէյճանին կը պատկանի, ատրպէյճանցիները կրնան հոն ընել այն՝ ինչ որ կ՛ուզեն: Չէ՞ որ մեր քթին տակ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը կիսաքանդ դարձուցին՝ հաճոյանալու համար թշնամիին, վաղը իրենց ձեռքերը կրնան հասնիլ Սարդարապատի եւ Արդարահատոյցներու յուշարձաններուն, Էջմիածի՛ն, չէ՞ որ ընդդիմադիր «ռեւանշիստներ» բանտերը կը լեցուին, չէ՞ որ նոր Սահմանադրութիւն պիտի մշակեն, մի՛շտ ու միշտ ենթարկուելով թշնամիի թելադրանքներուն, չէ՞ որ.. չէ՞ որ…»:

Իսկ մեր ժողովո՞ւրդը՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին․․․ Դեռ որքա՞ն վնաս պէտք է կրենք ու խաբուինք, որպէսզի շարժինք ու համախմբուինք՝ պատմութեան անիւը իր հունին վերադարձնելու համար պայքարող ընդդիմադիրներու երթին:

(*) Սիրահարը կը գովերգէ աղուոր աչքեր ունեցողը, սակայն կ՛ողբայ, որ ան զինք ջրհորին կէսը հասցուցեր է եւ չուանը կտրեր է: