Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱԶԴԱԿ»

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ

Այնճարի մէջ ծնած ու հասակ նետած Պարոյր Ղուկասեան, որուն մասնագիտութիւնը ճարտարապետութիւն է, եւ այս տարի Լիբանանի պետական համալսարանէն ստացաւ ճարտարապետութեան մագիստրոսական աստիճանի վկայականը, իր աւարտաճառի նիւթը ընտրած է  Մուսա Լերան հերոսամարտի հետ կապուած թանգարան-յուշահամալիրի մը ստեղծումը: «Ծրագիր մը, որ կը փորձէ համախմբել հայկական պատմական, մշակութային եւ յիշատակութեան արժանի բոլոր այն տարրերը, որոնք միասին կը մարմնաւորեն մեր ինքնութիւնը», ըսաւ ան «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ էր այն ներշնչումը, որ քեզ մղեց   Մուսա  Լերան պատմութիւնը ընտրել իբրեւ մագիստրոսական աւարտաճառի նիւթ:

ՊԱՐՈՅՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Փոքր տարիքէս մեզ դաստիարակած են, որ մենք Մուսա Լերան հերոսամարտի մարտիկներուն զաւակներն ենք: Այս գիտակցութիւնը միշտ մեծցած է մեզի հետ, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր գացած ենք, միշտ կը պահենք այս մէկը: Դպրոցին ու ակումբին մէջ, նաեւ գիւղի մեծերը միշտ յորդորած են մեզ` կապուած մնալ մեր արմատներուն եւ հպարտ մուսալեռցի ըլլալ: Մեր մեծ հայրերը աննկարագրելի դժուարութիւններէ անցած են, ամէնէն ահաւորը ապրած են, սակայն կրցած են շրջանցել այդ բոլորը:

Այս նիւթը ընտրեցի եւ ուզեցի մագիստրոսական թեզ ներկայացնել, որովհետեւ միշտ ուզած եմ օտար աշխարհին յստակացնել, որ հայերը Լիբանան հաստատուած են ոչ թէ ուրիշ ժողովուրդներու նման գաղթելով ու բեռ դառնալով երկրին վրայ, այլ` ստեղծելով, շինելով եւ յառաջդիմելով այն շրջաններուն մէջ, ուր հասած են` Այնճար, Պուրճ Համուտ եւ ամէն տեղ, ուր հայեր ապաստան գտած են:

«Ա.».- Ի՞նչ էին զգացումներդ, երբ աշխատեցար այնպիսի նիւթի մը վրայ, որ կը վերաբերի քու ժողովուրդիդ գոյատեւման պայքարին:

Պ. Ղ.- Զգացումներս աննկարագրելի եւ խորն էին, որովհետեւ այս նիւթին կը նայէի տարբեր դիտանկիւնէ: Թէեւ բոլորս ալ միշտ եւ շատ բան լսած ենք Մուսա Լերան ջարդերուն ու հերոսամարտին մասին, բայց չեմ կարծեր, թէ ոեւէ անձ փորձած է մանրամասնօրէն վերապրիլ այդ ապրումները:

Ճարտարապետութիւնը միայն պատ կամ պատուհան չէ, ան պատմութիւն, հոգեվիճակ եւ ապրում է: Ես ալ ուզեցի, որ այցելողը յուշահամալիրէն ներս մտնելով` զգայ մեր պապերուն ապրած բոլոր փուլերը` վախը, պայքարը, կորուստը եւ յաղթանակը:

 «Ա.».- Երբ կը նախագծէիր յուշահամալիրը, ի՞նչ պատգամ կ՛ուզէիր փոխանցել անով ապագայ սերունդներուն:

Պ. Ղ.- Այս ծրագիրը պատրաստած ատենս նախատեսեցի, որ օր մը անիկա իրականութիւն կը դառնայ: Մանկութենէս երազած եմ ճարտարապետ դառնալ եւ նման ծրագիր մը իրականացնելու պատիւը ունենամ: Նպատակս միայն Մուսա Լերան պատմութիւնը ներկայացնելը չէ նոր սերունդին, այլ` տարածել համայն աշխարհին: Այնճարը միայն բերդեր եւ ճաշարաններ չէ. ան ունի իմացական, պատմական եւ մշակութային հսկայ ժառանգութիւն` աւանդութիւն, պար, երգ, բարբառ եւ ինքնութիւն:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ դժուարութիւններու հանդիպեցար աշխատանքիդ ընթացքին, մասնաւորաբար` պատմական փաստերը ճարտարապետական լեզուով արտայայտելու առումով:

Պ. Ղ.- Ամէնէն դժուար մարտահրաւէրս եղաւ համալսարանի դասախօսներուս բացատրել իմ գաղափարիս խորքը: Բազմաթիւ դասախօսներ համամիտ չէին եւ կը փափաքէին, որ փոխեմ ծրագրած յատակագիծս, բայց ես չյուսախաբեցայ եւ շարունակեցի պաշտպանել իմ տեսլականս` պայքարելով իրենց այդ մտածումին դէմ: Վերջապէս, ներկայացուցի աւարտաճառս այնպէս, ինչպէս միշտ երազած էի, եւ շնորհակալութեամբ ընդունեցի դասախօսներուս դրական գնահատականները եւ արժեւորումները:

Դժուարութիւններէս մէկը, օրինակ, այն է, որ Այնճարը ունի արծիւի յատակագիծ, որուն գլուխը եկեղեցին է: Իմ նախագիծիս համար ընտրեցի արծիւին թեւը դնել լերան հողին վրայ, որպէսզի ամբողջանայ խորհրդանշային ձեւաւորումը: Բացի այդ, Այնճարը ունի ուղղանկիւն տուներ, որոնք ֆրանսացիները շինած են ջարդէն ետք: Այս բոլոր մանրամասնութիւնները պարտաւոր էի ներառել, որպէսզի պատմական շերտը պահպանեմ:

Պատմական նիւթերուն առումով, դժուարութիւն չունեցայ, որովհետեւ Այնճարի քաղաքապետարանը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եւ գիւղացիք լայնօրէն օգնեցին եւ բոլոր արխիւները տրամադրեցին:

«Ա.».- Կրնա՞ս նկարագրել, թէ ի՛նչ առանձնայատկութիւններ ունի այդ յուշահամալիրը ճարտարապետական տեսանկիւնէ:

Պ. Ղ.- Յուշահամալիրին մուտքը շատ մեծ սրահ մըն է` ներշնչուած Այնճարի ֆրանսական տուներէն: Սիւները խաչքարի ձեւով տեղադրուած են լերան հողին վրայ` միութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշով: Հողը ընտրեցի լերան վրայ, որպէսզի այցելողը ապրի լեռ բարձրանալու դժուարութիւնը, ինչպէս` մեր պապերը:

Թանգարանին մուտքը զարդարուած է հայկական գորգերու նախշերով, իսկ ներսը` խաչքարերով: Շէնքը նաւի ձեւ ունի` յիշելով այն նաւերը,  որոնք ֆրանսացիները օգտագործեցին Մուսա Լերան հայութիւնը փրկելու համար:

Յուշահամալիր կարելի է հասնիլ 12 մեթր բարձրութեամբ աստիճաններով` խորհրդանշելով Արեւմտեան Հայաստանի 12 նահանգները: Այդ աստիճաններուն վրայ տեղադրուած են հայութեան չորս սիւները` լեզու, հայրենիք, եկեղեցի եւ ժողովուրդ: Վերի 18 մեթր երկու սիւները կը ներկայացնեն Մուսա Լերան 18 նահատակները` մէկը Մուսա Լեռը, միւսը` Այնճարը: Այս սիւները կը միացնէ արծիւ մը` յաղթանակի խորհրդանիշ: Սիւներուն միջեւ տեղադրուած է 1,5 մեթր աստիճաններով փոս, որ կը խորհրդանշէ Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակները:

Մութ սենեակ մը` 40 առաստաղային լուսանցքներով, որ կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան 40 օրուան հերոսամարտի պատմութիւնը: Կը փոխանցէ կորսուածութեան եւ շրջափակման զգացումը: Միջին լուսանցքը` յաւերժութեան նշանը ու Մուսա Լերան դրօշակը:

Ամբողջ ծրագիրը ուղիղ գիծի վրայ է` մարմնաւորելով լեռնաշղթայի պարն ու ժողովուրդի պաշտպանողական գիծը կռիւի ընթացքին:

«Ա.».- Ըստ քեզի, ի՞նչ է նոր սերունդին դերը` հայ մշակոյթի ու պատմութեան պահպանման եւ զարգացման մէջ:

Պ. Ղ.- Ես նոյնինքն նոր սերունդէն եմ եւ կը հաւատամ, որ մինչեւ այն ժամանակ, որ երիտասարդներ`  ինծի նման, իրենց հայրենասիրութեամբ, նուիրումով եւ ձայնով կը կանգնին աշխարհին դիմաց, հայ մշակոյթը եւ պատմութիւնը պիտի շարունակեն ապրիլ, պահպանուիլ եւ զարգանալ: Մեր պարտականութիւնն է հայ ըլլալու գիտակցութիւնը փոխանցել եւ յստակացնել, որ ազգ մը միայն կը գոյատեւէ, երբ կը գիտակցի իր անցեալը եւ կը փոխանցէ զայն ապագային: