«Սփիւռքեան Հեռանկարներ» Վերլուծական Հարթակի Մեկնարկը՝ 5 Դեկտեմբերին

Հայաստան, Սփիւռք

«Սփիւռքեան Հեռանկարներ»ը (Diasporan Perspectives) «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ 2025ին հիմնուած  վերլուծական հարթակ մըն է, որ պիտի կեդրոնանայ Հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի հիմնահարցերուն վրայ։

Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբերին, Լոնտոնի ժամով երեկոյեան ժամը 5:30ին (Լոս Անճելըսի ժամով՝ առաւօտեան ժամը 9։30): Միջոցառումին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ առցանց։

«Սփիւռքեան Հեռանկարներ» հարթակին նպատակը հանրայինն գիտութիւններու ոլորտին մէջ, նոր հետազօտութիւններ հրապարակելն է՝ կեդրոնանալով Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, նոյն ատեն հանդէս գալով իբրեւ հանդիպումի վայր մը՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ իրականացած նախագիծերը պարարտ հող մը ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները այսպիսի վերլուծական հարթակ մը հիմնելը անհրաժեշտ դարձուցին։

«Սփիւռքեան Հեռանկարներ»ը նպատակ ունի հայկական իրականութիւնը հասկնալ աւելի լայն՝ միջազգային շրջանակի մը մէջ: Սփիւռքի մէջ իսկ հիմնուած այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ ազգային հարցերու վերաբերեալ սփիւռքեան տեսակէտները՝ դուրսէն ներս մօտեցում մը բերելով, նոյն ատեն Հայկական Սփիւռքին հնարաւորութիւն տալով ազգային հարցերու հանդէպ վերականգնելու իր սեփական անկախ մտածողութիւնը։ Անոր առաքելութիւնը խթանելն է « նորարար հասարակագիտական ​​հետազօտութիւնները, վերլուծութիւնները եւ ռազմավարական մտածողութիւնը, որոնք փոխակերպող են, բաց են աշխարհին եւ որոնց թիրախը հայութիւնն է»։

«Սփիւռքեան Հեռանկարներ» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը պիտի տրուի քննական զրոյցով մը, որ պիտի անդրադառնայ հիմնական հարցերու՝ ինչո՞ւ հիմա՛ ստեղծել այսպիսի վերլուծական հարթակ մը, անիկա ինչո՞վ կը տարբերի նոյնանման այլ նախաձեռնութիւններէ, որո՞նք են նպատակները եւ հարցերը, սփիւռքեան հեռանկար մը ունենալը ի՞նչ կ՛ենթադրէ ազգային հարցերու վերլուծութեան մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ հետազօտութիւնները հասցէագրել որոշում տուողներու…։ Բանախօսները նաեւ պիտի պատասխանեն լսարանի հարցումներուն։

 Բանախօսներն են՝

 – Ռազմիկ Փանոսեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն։
– Վիգէն Չըթըրեան, «Սփիւռքեան Հեռանկարներ» նախաձեռնութեան տնօրէն, Ժընեւի համալսարանի դասախօս, Զուիցերիա։
– Արմինէ Իշխանեան, London School of Economics and Political Science-ի Ընկերային քաղաքականութեան բաժինի դասախօս։

Քննարկումը պիտի կատարուի անգլերէնով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել սփիւռքեան-հեռանկարներ-վերլուծական կայքէջը կամ Diasporan Perspectives կայքը։