Մարքիի Եւ Ուայթհաուսի Գլխաւորութեամբ՝ 27 Դեմոկրատ Ծերակուտականներ Հայ Գերիներուն Ազատ Արձակումը Պահանջեցին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 27 դեմոկրատ ծերակուտականներ, գլխաւորութեամբ՝ Էտ Մարքիի եւ Շելտըն Ուայթհաուսի, նամակ մը յղեցին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին՝ պահանջելով Ատրպէյճանի կողմէ բանտարկուած բոլոր հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքական առաջնորդներուն անյապաղ ազատ արձակումը։
Նշեալ նամակին մէջ, Թրամփի վարչակազմը կը հրաւիրուի պահանջելու նաեւ, որ միջազգային դիտորդները իրաւունք ստանան մասնակցելու Պաքուի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութիւններուն:
Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր եւս ստորագրած է նամակին տակ, որ կը պահանջէ նաեւ պատժամիջոցներ որդեգրել Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան պատասխանատու ատրպէյճանցի ղեկավարներուն դէմ։ Կենսական կը նկատուի նաեւ Արցախէն տեղահանուած հայերուն վերադարձը ապահելը։
Նամակը ստորագրած ծերակուտականները կը ներկայացնեն 18 նահանգներ եւ մօտաւորապէս 160 միլիոն ամերիկացիներ։
Ծերակուտականներու նամակին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Զեկոյցները կը հաստատեն, որ այս քաղաքական պատանդները ենթարկուած են բռնարարքներու եւ նուաստացուցիչ վարուելակերպի: Ատրպէյճանի պարտադրած շրջափակումը եւ ռազմական յարձակումները պարտադրաբար տեղահանեցին Արցախի 120 հազար քրիստոնեայ հայերը՝ գործընթաց մը, որ միջազգային իրաւունքի մասնագէտները կը գնահատեն իբրեւ ցեղային զտում։ Նաեւ, Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ գաղտնիութիւնը եւ ընթացակարգային խախտումները լուրջ կասկածներ կը յառաջացնեն դատավարութիւններուն արդարութեան եւ օրինականութեան վերաբերեալ։ Ատրպէյճանի կողմէ Միջազգային Կարմիր Խաչի արտաքսումը աւելիով վտանգաւոր կը դարձնէ հայ բանտարկեալներուն իրավիճակը»։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս նամակին առաքումը՝ յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ այսպիսի քայլեր դրական արդիւնքներու կ՛առաջնորդեն: Ան շեշտեց, թէ Ծերակոյտի դեմոկրատ անդամներուն կէսէն աւելին նեցուկ կանգնած է նամակին, այս գծով յաւելեալ ճնշում դնելով հանրապետականներուն եւ վարչակազմին վրայ։
Անդրադառնալով Ամերիկայի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն՝ ծերակուտականները կ՛ըսեն. «Թէեւ զգուշաւոր կերպով յոյս ունինք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջին բանակցութիւնները կրնան շրջանին համար աւելի խաղաղ ապագայ մը ապահովել, Ատրպէյճան իր արարքներով եւ անհիմն նախապայմաններով վտանգի տակ կը դնէ այդ գործընթացը։ Հայաստան-Ատրպէյճան նախաստորագրուած համաձայնագիրէն կը բացակայի որեւէ կէտ հայ գերիները ազատ արձակելու գծով։ Պատժամիջոցները կը շարունակեն մնալ առանցքային գործիք մը՝ ռազմագերիներուն ազատ արձակելը ապահովելու եւ Հայաստանի դէմ նոր բռնարարքները զսպելու համար»։
Նաեւ կը շեշտուի, թէ Ուաշինկթընի կրաւորական կեցուածքը անընդունելի է եւ լուրջ վնաս կը հասցնէ Ամերիկայի հեղինակութեան, յատկապէս այն միջոցին, երբ Հայաստան կը փորձէ Արեւմուտքի հետ կապերը ամրապնդել։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերուն աջակցելու համար այցելել anca.org/prisoners կայքէջը, իսկ նամակը կարելի է կարդալ այս կայքէջին վրայ։
