Փարիզի Մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.- «Ֆրանս»-ի Մարզահամալիրի Բացում
Նոյեմբեր 22-ին, հայահոծ արուարձաններէն՝ Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ, բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»-ի մշակութային ու մարզական կեդրոնին։
Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ կապեր հաստատուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են՝ եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ, որպէսզի յաջողի այս ակումբին գործունէութիւնը։
Այս բացառիկ իրադարձութիւնը կը զուգադիպի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»-ի վերակազմաւորման յիսնամեակին եւ բոլորովին նոր հորիզոն մը կը բանայ համայնքին, յատկապէս Իսի Լէ Մուլինոյի շրջակայքը հաստատուած հայութեան ու մանաւանդ ապագայ սերունդին առջեւ:
Մշակութային առումով արդէն իսկ սրահ մը պիտի տրամադրուի «Արարատ» պարախումբին: «Համազգային»-ի հետ հայերէն դասընթացքներու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, նաեւ կը մտածուի երեխաներու երգչախումբի մասին։ Կեդրոնը ունի նաեւ ճաշարանի բաժին մը։
Նշենք, թէ Իսի լէ Մուլինոյի եկեղեցւոյ տուեալներով շրջանին մէջ 15 հազար հայ ընտանիք կ՚ապրի, այսինքն շուրջ 50-60 հազար հոգի։Փարիզի հարաւը եւս հայեր կ՚ապրին, հայկական գաղութ ունեցող շրջան՝ Ալֆորվիլէն եւս գետնուղիի ուղիղ գիծ պիտի հասնի Իսի լէ Մուլինօ:
Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեանի ձեռամբ կատարուած օրհնութեան կարգէն ետք ծայր առաւ հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը։
