ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Հայաստանի Մէջ Նախատեսուած «Աղօթքի Նախաճաշ»ին Վերաբերեալ
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը խոր մտահոգութիւն եւ վրդովմունք կը յայտնէ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք «աղօթքի նախաճաշ»ին վերաբերեալ, որ նախատեսուած է Նոյեմբեր 14-15-ին՝ Հայաստանի վարչապետի աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Թէպէտ միջեկեղեցական երկխօսութեան խթանումը հայ հոգեւոր ժառանգութեան անբաժանելի եւ կարեւոր բաղադրիչ է, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը ցաւով կ՝արձանգրէ, որ տուեալ միջոցառումը, կարծես, հերթական դրսեւորումն է այն երեւոյթին, երբ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները կրօնական աւանդոյթները կ՝օգտագործեն քաղաքական նպատակներով: Նման գործողութիւնները կը վտանգեն աղօթքի հաւաքներու իրական հոգեւոր եւ հաշտեցնող իմաստը:
Նախաձեռնութիւնը ակնյայտօրէն միտուած է շեղելու ուշադրութիւնը կառավարութեան շարունակուող հակաժողովրդավարական գործողութիւններէն եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, որպէս հայ ժողովուրդի հոգեւոր սիւնի, նկատմամբ վարուող համակարգուած ճնշման քաղաքականութենէն՝ փորձելով այդ կերպով արդարացում եւ օրինականութիւն հաղորդել հետզհետէ աւելի մենատիրական իր քաղաքականութեան եւ քայլերուն:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը յատկապէս մտահոգուած է միջոցառման իրականացման այն լայն համատեքստով, որուն շրջանակէն ներս կը կազմակերպուի այս միջոցառումը. անիկա կը բնորոշուի կառավարութեան աճող միջամտութեամբ կրօնական հարցերուն եւ ուժեղացող ճնշումներով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ: Այս արշաւը կ՝արտացոլուի բարձրագոյն եկեղեցականներու եւ անոնց աջակիցներու նկատմամբ քաղաքական դրդապատճառներով, հետապնդումներով ու ազատազրկումներով, մասնաւորապէս՝
– Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան. Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հեղինակաւոր հոգեւորական, դատապարտուած է երկու տարուայ ազատազրկման՝ «սահմանադրական կարգը տապալելու կոչեր»ու մեղադրանքով, որ պաշտպանական խմբակի եւ եկեղեցւոյ կողմէ կը համարուի քաղաքականապէս դրդուած:
– Տաւուշի թեմի նախկին առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան. ընդդիմադիր «Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ, 2025-ի Յունիսէն կը գտնուի նախաքննական կալանքի տակ՝ իր աւելի քան տասնեակ աջակիցներուն հետ՝ «պետական յեղաշրջման փորձ» մեղադրանքով:
– Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեան. ձերբակալուած է Հոկտեմբերին եւ ներկայիս կը գտնուի նախաքննական կալանքի տակ՝ 2021-ին «քաղաքացիներուն հանրային հաւաքներու մասնակցիլ հարկադրել»ու մեղադրանքով:
– Բարերար Սամուէլ Կարապետեան. 2025-ի Յունիսէն կը գտնուի նախաքննական կալանքի տակ՝ քաղաքական դրդապատճառներով առաջադրուած մեղադրանքներով, որոնք հետեւած են անոր՝ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան մասին հրապարակային յայտարարութեան:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը կոչ կ՝ընէ բոլոր եւրոպացի հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչներուն, որոնք հրաւիրուած են Հայաստան «աղօթքի նախաճաշ»ին, գնահատելու իրենց մասնակցութիւնը` հաշուի առնելով վերոնշեալ լուրջ մտահոգութիւնները: Նման միջոցառումներուն մասնակցութիւնը պէտք չէ ընկալուի որպէս լուռ համաձայնութիւն կառավարութեան ներկայացուցած դիրքորոշումներուն կամ որպէս անտարբերութիւն՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական չափանիշներու եւ կրօնական ազատութեան շարունակական խախտումներու նկատմամբ: Փոխարէնը, անոնց այցը պէտք է ծառայէ որպէս առիթ՝ ցուցադրելու անկեղծ նուիրուածութիւն ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ խղճի ու կրօնի ազատութեան Հայաստանի մէջ:
Եթէ եւրոպացի ներկայացուցիչները, այնուամենայնիւ, որոշած են մասնակցիլ, ուստի ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը անոնց կոչ կ՝ընէ.
– Բացայայտ վերահաստատելու իրենց նուիրուածութիւնը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ կրօնի ազատութեան:
– Հանրայնօրէն դատապարտելու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականներուն նկատմամբ իրականացուող հետապնդումները եւ սպառնալիքները:
– Փորձել հանդիպիլ կալանաւորուած եւ բանտարկուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հետ` ներառեալ Սամուէլ Կարապետեանի, որպէսզի անձամբ տեղեկանան անոնց պայմաններուն եւ մեղադրանքներու բնոյթին մասին:
– Այցելել Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ՝ տեղեկանալու Եկեղեցւոյ տեսակէտին՝ Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութեան եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին վերաբերեալ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը կրկին կը շեշտէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իսկական գործընկերութիւնը եւ համերաշխութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլան արդարութեան, ժողովրդավարութեան, հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ՝ խղճի ազատութեան, ընդհանուր արժէքներու վրայ, այլ ոչ թէ այն նախաձեռնութիւններու մասնակցութեան վրայ, որոնք վտանգ ունին ծառայելու որպէս քաղաքական ծածկոյթ ճնշումներու համար կամ ակամայ օրինականացնելու կառավարութեան ներկայացուցած պատումները ու անոր աճող մենատիրական միտումները:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
