Յունաստանի Մշակոյթի Նախարարը ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի Հայ­կա­կան Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի Այցելեց

Աշխարհ, Սփիւռք

Հաղորդագրութիւն

Ուր­բաթ, 24 ­Հոկ­տեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­հի տիկ. ­Լի­նա ­Մեն­տո­նի այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի հայ­կա­կան պատ­մա­կան Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին։ ­Նա­խա­րա­րու­հին դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ պ. Ար­սէն ­Գալ­ֆա­յեա­նի կող­մէ։ Ա­նոնց կող­քին էին նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը եւ թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւոր­ներ։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը նա­խա­րա­րու­հիին ծա­նօ­թա­ցուց ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր հնա­մեայ կո­թո­ղա­կան ար­ժէ­քը, իսկ խօ­սակ­ցու­թեան ա­ռանց­քը դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի ան­մի­ջա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մեկ­նար­կը, ո­րոնց շնոր­հիւ ա­ռա­ջին հեր­թին կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հիմ­նա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կել ե­կե­ղեց­ւոյ տա­նի­քը։ Այս գծով, նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տրա­մադ­րած է 100,000 եւ­րո­յի պիւտ­ճէ, իսկ վե­րա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի սկսին յա­ռա­ջի­կայ գար­նան։

Ա­ռա­ւել, նկա­տի ու­նե­նա­լով դա­րա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգն­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, մօտ ա­տե­նէն պի­տի պատ­րաս­տո­ւի ճար­տա­րա­պե­տա­կան յա­տուկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը, որ­պէս­զի վե­րա­շի­նու­թեան յա­ջորդ փու­լը եւս նե­րառ­նո­ւի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան պիւտ­ճէին մէջ եւ հնա­րա­ւոր դառ­նայ պատ­մա­կան մեր սրբա­վայ­րի վե­րա­կանգ­նու­մը։

­Ներ­կայ գտնո­ւող լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­հիին եւ ընդգ­ծեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­րա­րու­թեան ստանձ­նած ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Սր­բա­զան հայ­րը դրո­ւա­տեց հայ եւ յոյն պատ­մա­կան կա­պե­րու խո­րու­թիւնն ու եղ­բայ­րա­կան սի­րա­լիր հա­մա­գո­յակ­ցու­թիւ­նը շրջա­նէն ներս։

Իր կար­գին, նա­խա­րա­րու­հին ընդգ­ծեց Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան ար­ժէ­քը, որ­պէս մաս­նիկ նոյն տա­րած­քէն ներս իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ներ­կա­յաց­նող հնա­մեայ կո­թող­նե­րուն, ա­ռա­ւել, շեշ­տեց նա­խա­րա­րու­թեան ստանձ­նած կապ­տու­մը՝ ամ­բող­ջու­թեամբ սա­տա­րե­լու հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ լրիւ վե­րա­կանգ­նու­մի ծրա­գի­րին։

­Տի­տի­մո­թի­քո­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին, իր բազ­մա­դա­րեայ ներ­կա­յու­թեամբ, կը հան­դի­սա­նայ մեր գա­ղու­թին, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար Թ­րա­կիոյ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն հա­մար, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կան նմուշ­նե­րէն մէ­կը։ ­Հել­լէն պե­տու­թեան կող­մէ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման ծրա­գի­րի ի­րա­գոր­ծու­մը, շրջա­նի պատ­մա­կան այլ գան­ձե­րու վե­րա­շի­նու­թեան կող­քին, մե­ծա­պէս ող­ջու­նե­լի է, սա­տա­րե­լով նաեւ տե­ղա­կան հայ հա­մայն­քի հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թեան ու ա­ռա­ւել ծաղ­կու­մին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ