Փառաշուք Ոգեկոչում՝ ՀՕՄ-ի 115-ամեակի
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, վերահաստատեց մեր կազմակերպութեան մարդասիրական եւ ազգային առաքելութեան շարունակութեան հրամայականը։






1 of 6ՀՕՄի 115ամեակի պաշտօնական հանդիսութենէն պահեր
Ոգեկոչումի ձեռնարկներու եւ հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Կեդրոնական վարչութիւնը, Կեդրոնական գրասենեակը, զանազան երկիրներէ Երեւան ժամանած մեծ թիւով ՀՕՄականներ, հիւրեր եւ բարեկամներ։
14 Հոկտեմբերին, Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար նիստը։
15 Հոկտեմբերին, ՀՕՄի կեդրոնի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր Էդուարդ Ակնունիի կիսանդրիին, որ եղաւ լաւ առիթ մը՝ լուսարձակի տակ բերելու Ակնունիի մեծ իրագործումին մարդկային եւ ազգային տարողութիւնը։


ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյին։
16 Հոկտեմբերին, այցելութիւն տրուեցաւ ՀՕՄի «Մօր ու Մանկան» ծննդատան, ուր ՀՕՄականները ականատես եղան կեդրոնին գործունէութեան եւ մամոկրաֆիայի նոր սարքին։


Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքի ՀՕՄի «Հեքիաթ» մանկապարտէզը, ուր շուրջ 250 ՀՕՄականներ ողջունեցին մանկապարտէզի սաները՝ իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնելով։
Նոյն օրը, Ախուրեան համայնքի Բենիամին բնակավայրին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ ՀՕՄի «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրին բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Յոյսի Օճախներ»ը մեր կազմակերպութեան կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է, որուն նպատակը հայրենազուրկ արցախահայ ընտանիքները երդիքով մը ապահովելն է։ Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, առանց որոնց զօրակցութեան եւ աշխատանքին անկարելի պիտի ըլլար այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։


17 Հոկտեմբերին, «Կոմիտաս» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին հինգ զեկուցաբերներ հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առին ՀՕՄի ընդհանուր գործունէութեան ծիրին մէջ ինկող թեմաներ, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ եւ արցախահայութեան իրավիճակին վերաբերող հարցեր եւ մարտահրաւէրներ։
18 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ 115ամեակի կալա-ընթրիքը՝ առաւել քան 400 ներկաներով։
19 Հոկտեմբերին, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՕՄի 115ամեակը՝ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ մեր կազմակերպութեան համահայկական առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան ընկերուհիներ Յասմիկ Տէրտէրեան, Անժէլ Մանուկեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Արարատ» մրցանակը յանձնուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնարկին։
20 Հոկտեմբերը յատկանշուեցաւ Լոռիի մարզը այցելութեամբ, որուն ընթացքին ՀՕՄականները անմոռանալի պահեր ապրեցան Հաղբատ եւ Սանահին վանքերուն մէջ։ Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վանաձորի, Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի մասնաճիւղերուն հետ։


21 Հոկտեմբերը ունեցաւ յատուկ նշանակութիւն մը՝ Եռաբլուր այցելութեամբ։ Նախ մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը՝ ննջեցեալ ՀՕՄականներու հոգիներուն համար, ապա մասնակցողները այցելեցին Անյայտ Հերոսներու յուշարձանը, Արցախի Կանչը յուշահամալիրը եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան։ Այնուհետեւ ՀՕՄականները այցելեցին յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմները՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր նահատակներուն յիշատակին։
Նոյն օրը, Կեդրոնական վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանին, որ իր գնահատանքը արձանագրեց ՀՕՄի ծաւալած ազգանուէր գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախին եւ արցախահայութեան ցուցաբերուած յատուկ հոգածութեան համար։
22 Հոկտեմբերին այցելութիւն մը տրուեցաւ Սեւանայ լիճի եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՕՄի Գաւառի, Սեւանի, Ճամբարակի եւ Վարդենիսի մասնաճիւղերուն հետ։
23 Հոկտեմբերին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ գրասենեակի անձնակազմը այցելութիւն մը տուին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Մայր աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի կողմէ։ Սրբազան հայրը ՀՕՄականներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ գնահատանքը։ Սրբազանը ընդգծեց ՀՕՄի մարդասիրական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը նոյն թափով եւ ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։
24 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրի Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն հարիւր ուսանողներու դրամական պարգեւներու բաշխման ձեռնարկը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ հայ ուսանողին նեցուկ կանգնելու՝ ՀՕՄի յանձնառութիւնը։
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, եղաւ պատեհ առիթ մը, վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը, թէ՝ ՀՕՄը անխափան պիտի շարունակէ իր երթը՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանին։
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
