Պաքուի Մէջ Կը Դատուի Հայաստանը․ Տիգրան Ճինպաշեան
31 Հոկտեմբեր 2025ին, Պաքուի մէջ աւարտեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու դատավարութեան նախնական բաժինը: Այս բաժինը, որ տեւեց մօտաւորապէս մէկ տարի եւ ունեցաւ 100 նիստեր, կ՛ընդգրկէր մեղադրեալներու հարցաքննութիւնը, «տուժածներու» եւ վկաներու ունկնդրութիւնները: Մեղադրեալները, 15 հոգի, իրաւունք չունէին եւ տակաւին չունին փաստաբաններ վարձելու արտասահմանէն եւ կը պաշտպանուին Ազրպէյճանի պետութեան կողմէ տրամադրուած փաստաբաններով: Իրենց 20 Սեպտեմբեր 2023ին ձերբակալութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ Արցախ դատարկուած էր եւ բոլորին բռնի տեղահանութիւնը ապահովելէ ետք, իրենք եւս կը պատրաստուէին դուրս գալ Արցախէն եւ ապաստանիլ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Դատուող խումբէն անջատուած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան: Այս վերջինը կը նկատուի Ատրպէյճանի սահմանը անօրէն կերպով անցած յանցագործ օտարական մը. Ռուբէն Վարդանեան կը դատուի զինուորական յատուկ դատարանի մը կողմէ:
Դատավարութիւնները տեղի կ՛ունենան անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան: Մեղադրեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը կը պահպանուէր Միջազգային Կարմիր Խաչին միջոցով: Այս կապը խափանուեցաւ Միջազգային Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակին փակումով: Մեղադրեալները իրաւունք ունին միայն ամիսը անգամ մը, հսկողութեան տակ իրենց ընտանիքներուն հետ հեռաձայնային կարճատեւ խօսակցութիւն մը ունենալու:
Ի՞նչ բանի մէջ կը մեղադրուին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները: Ատրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ սկսելու եւ իրականացնելու, ահաբեկչութիւն կատարելու, ցեղասպանութիւն իրականացնելու, իշխանութիւնը բռնազաւթելու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու մէջ:
3 Նոյեմբերին, պետական մեղադրողը` Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազի օգնական Վիուսալ Ալիեւ յայտնեց, որ դատարանին առջեւ կանգնած են բազմաթիւ յանցագործութիւններ կատարած անձերուն միայն մէկ մասը: Աւելի՛ն. մեղադրեալները անուղղակիօրէն մասնակցած են «այն յանցագործութիւններուն, զորս Հայաստանի պետութիւնը գործած է 1998էն սկսեալ մինչեւ Սեպտեմբեր 2023»:
Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ընդհանուր դատախազի օգնականը յայտարարեց, թէ մեղադրեալներուն կը վերագրուին յանցագործութիւններ, որոնք գործուած են 1998էն 20 Սեպտեմբեր 2023: Ան եզրակացուց, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը ապացուցուած է:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ դատախազութիւնը մեղադրեալներուն նկատմամբ ի՛նչ պատժամիջոց կը պահանջէ:
Այս դատական ներկայացման նմանող դատավարութեան յաջորդ փուլին պիտի լսուին պաշտպան փաստաբաններուն ելոյթները: Մեղադրեալներու շահերը պաշտպանող անկախ փաստաբաններու բացակայութիւնը շատ թէական կը դարձնէ ատրպէյճանցի փաստաբաններու պաշտպանութիւնը:
Կատարուող այս բեմադրութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են: Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած խաղաղութեան յուշագիրը չի յիշատակեր Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ապօրինի դատավարութիւնը, որուն ընթացքին Ատրպէյճանի դատախազութիւնը մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնէ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը:
Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնապէս ընդունած են իրենց մեղքը, ճանչցած են Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, Արցախը ներառեալ, մեղայի եկած ու քաշուած մէկ կողմ, իսկ միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուող խաղաղութիւնը ողջունող արեւմուտքն ու արեւելքը ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրուին դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ճակատագիրով եւ գաղթական դարձած արցախահայերով: Չէ՞ որ Հայաստան պահանջ չունի. Հայաստանի հռչակած խաղաղութեան խաչմերուկին մէջ Արցախը եւ արցախահայերը չեն տեղաւորուիր: Արցախ եւ արցախահայեր պետական պաշտպանութիւն չեն վայելեր, ո՛չ հայաստանեան, ո՛չ ալ օտար:
Ըստ Ատրպէյճանի բնութագրումին՝ Հայաստան ներխուժած է Ատրպէյճանի հողամասը եւ Ղարաբաղ կոչուած վայրին մէջ, տեղացի հայերու մասնակցութեամբ, ստեղծած է ապօրինի իշխանութիւն մը: Արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեամբ ազգային ազատագրական պայքարը եղած է պարզապէս ապստամբութիւն մը: Հայաստան սխալած է՝ օգնելով ապստամբութեան իրականացման:
Պաքուի դատավարութիւնը կը մօտենայ աւարտին: Մեղադրեալները վերջապէս պաշտպան պիտի ունենա՞ն:
