Սրբոց Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ Ս. Խորանի Օծում՝ Ձեռամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի
30 Հոկտեմբեր 2025 թուականը պիտի մնայ պատմական շրջադարձային յիշարժան օր մը Քրեսենթա հովիտի ծխական համայնքի տարեգրութեան մէջ:
Արդարեւ, այդ օր, բարձր տրամադրութեամբ եւ ծաղկազարդեան ցնծութեան մէջ, հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուած էին Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ՝ դիմաւորելու Արամ Ա. վեհափառը եւ իր շքախումբը ու ականատեսները ըլլալու նորակառոյց եկեղեցւոյ Ս. խորանի օծման եւ զայն միւռոնաբոյր դարձնելու պատմական արարողութեան:


Հայրապետը ամպհովանիի ներքեւ, զոր կը բարձրացնէին Արման Մելքոնեան, Րաֆֆի Մելքոնեան, Փիթըր եւ Գեւիկ Պաղտասարեան եղբարք, արժանավայել թափօրով եւ «Հրաշափառ Աստուած» գեղահիւս շարականի կշռոյթին տակ մուտք գործեց եկեղեցի, շրջապատուած թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երեք սրբազաններու, երկու ծայրագոյն վարդապետներու, երեք վարդապետներու, քահանայ հայրերու եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ: Շքախումբին մաս կը կազմէին նաեւ Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետները եւ անդամներ: Ներկայ էին թեմիս Ազգային իշխանութեան ատենապետը եւ անդամներ, հիւրեր ու բարերար ամոլին ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ իրենց սիրեցեալ մայրը՝ Անժէլը, որուն ի պատիւ եկեղեցին անուանուած է Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցի:


Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախորդ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի եւ Ազգային վարչութեան՝ տարիներու վրայ երկարող նպատակասլաց աշխատանքին, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլի իշխանական նուիրատուութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ժրաջան գործունէութեան եւ համայնքի հաւատացեալներու ջերմեռանդ աղօթքներուն շնորհիւ, այսօր իրականութիւն կը դառնար այս ծուխի 20 տարիներու փայփայուած եւ սպասուած քաղցր երազը՝ ոչ միայն ունենալու իր սեփական եկեղեցին, այլեւ անոր Ս. խորանը Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ օծուելու բարձր պատիւին արժանանալու: Եկեղեցին կը կանգնի Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանին հանդիպակաց՝ Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան Ազգային մանկամսուրին կից:

Յայտնենք, որ մանկամսուրի հիմնարկէք-օրհնութինւը եւս կատարուած էր Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ, նոյն օրը առաւօտուն:
Այո՛, Հայ եկեղեցին ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ անգնահատելի եւ էական դեր հայկական ինքնութեան պահպանման մէջ: Մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին պատմութիւնը սերտօրէն միահիւսուած են իրար այնպէս, որ կարելի չէ զանոնք իրարմէ տարանջատել: Պատմութեան ընթացքին, հայոց երկնակամարին վրայ յաճախ գրկախառնուած են խաչը եւ սուրը՝ վասն հաւատքի, վասն հայրենեաց եւ վասն հայկական ինքնութեան պահպանումին:
Սահակ Ձորափորեձի շարականագիր հայրապետի գրիչին արգասիքը եղող «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի» տողերը, լաւագոյնս կ՛արտայայտեն հայ եկեղեցւոյ դերը՝ իբրեւ լոյսի աղբիւր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Օծման սրբազան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Արամ Ա. հայրապետին, մասնակցութեամբ Գեղամ, Մուշեղ, Թորգոմ եւ Տաճատ սրբազաններուն: Խորհրդաւոր էր պահը: Փոխադարձ սաղմոսացութիւններու եւ շարականներու ուղեկցութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Սուրբ խորանի օծումը Սրբալոյս Միւռոնով: Իրագործուած էր սրբազնագոյն խորհուրդը: Հրեշտակներու երկնային մեղեդիներու, Աստուծոյ հայրական լոյս հովանաւորութեան ներքեւ եւ Ս. հոգիի ճառագայթող ներգործութեամբ պահը դարձաւ վեհ եւ սրբազան: Արդարեւ երկինքը եւ երկիրը կ՛ողջունէին զիրար:

Խօսք առաւ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ողջունեց վեհափառին հովուապետական օրհնաբեր այցելութիւնը եւ ըսաւ. «Ուրախութեամբ եւ ոգեւորութեամբ լեցուն պահեր կ՛ապրինք այս նորաօծ խորանին դիմաց: Վեհափառ հայրապետը այցելեց շատ դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Բայց նորին սրբութեան այս այցելութիւնը տարբեր հմայք եւ հոգեկան ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս»: Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց խորին երախտագիտութիւն յայտնելով եկեղեցասէր ժողովուրդին եւ բարերարներուն:

Ապա Արամ Ա. վեհափառը իր բարձր հայրապետական գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, անոնց կատարած աստուածահաճոյ բարերարութեան համար: «Եկեղեցի շինել կը նշանակէ Աստուծոյ տունը շինել», ըսաւ կաթողիկոսը: Այնուհետեւ, վեհափառը իրենց մաղթեց երկնային օրհնութեամբ լեցուն առողջ եւ երկար տարիներ:
Օծումին աւարտին, երգչախումբը վեհօրէն հնչեցուց «Կիլիկիա»ն եւ Հայրապետական մաղթերգը:
Խորախորհուրդ արարողութենէն ետք, վեհափառին օրհնութեան ներքոյ, ժողովուրդը, «Ուրախ լեր» հոգեզմայլ շարականի ուղեկցութեամբ, իւրայատուկ թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր հաւատացեալներ հոգաբարձութեան կողմէ հիւրասիրուեցան:
Հուսկ, որդիական ակնածանքով եւ մեծ սիրով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք մեր սիրեցեալ վեհափառ հօր իր օրհնաբեր հովուապետական այցելութեան եւ եկեղեցւոյս խորանի օծման կարգը կատարելուն համար, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ արեւշատ եւ քաջառողջ տարիներ պարգեւէ անոր, շարունակելու համար իր հովուապետական սրբազան առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ, ի պատիւ Կիլիկեան Ս. աթոռին եւ ի ուրախութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:
(Հաղորդագրութիւնը՝ եկեղեցիէն)
