Ներգաղթի Փորձառութիւններու Նուիրուած Դասախօսութիւն Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին, Ուրբաթ, 14 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դէպի Հայաստան ներգաղթի փորձառութիւններու նուիրուած դասախօսութիւն մը։
Նիւթը պիտի ներկայացնէ Գէորգ Օֆլազեան, որ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ յատկապէս 1946-1948 տարիներուն Այնճարէն Հայաստան ներգաղթի սակաւաթիւ ըլլալուն պատճառներուն վրայ։
Մուտքը ազատ է։
Դասախօսութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ առցանց՝ այցելելով bit.ly/armenianstudiesyoutube կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։
