«Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Հատորի Ներկայացում Եւ Գինեձօն

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներուն, Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նորատիպ «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» հատորի ներկայացումը եւ գինեձօնը: Հատորին թարգմանութիւնը կատարած է Արտա Ճէպէճեան, սրբագրութիւնը` Նորա Բարսեղեան, իսկ էջադրումը` Մեղրի Շամմասեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան եւ ըսաւ, թէ սոյն գիրքը կը փաստէ մեզի, որ քրիստոնէութիւնը օրէնքներու շարք, կամ սովորութիւններ չէ, այլ` կեանքի ձեւ: Ան դիտել տուաւ, որ որպէս հայեր եւ որպէս առաջին քրիստոնեայ պետականութիւն` մեզի համար մեր ազգային ինքնութիւնը եւ մեր քրիստոնէական հաւատքը միշտ միասին ընթացած են, եւ այս իմաստով շատ անհրաժեշտ է, որ մենք մէկ կողմէն եթէ ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին կարեւորութեան մասին մտածենք, նոյնքան նաեւ մտածենք քրիստոնէական հաւատքին  պահպանումին մասին, մանաւանդ ներկայիս, երբ ամէն տեսակի արժէքներ սկսած են թափանցել մեր հայկական իրականութեան մէջ: Հարպոյեան բացատրեց, որ այս գիրքը կը միտի  պատասխանել քրիստոնեայ մանուկներուն հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն, հակառակ որ  կրնան շատ պարզ թուիլ, սակայն անոնք շատ իրական եւ անկեղծ են: Հարպոյեան դիտել տուաւ, որ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մեր ազգային ինքնութեան եւ անոր դաստիարակութեան մէկ կարեւոր բաժինը պէտք է դառնայ, եւ մենք պէտք է փորձենք Աստուածաշունչն ու անոր դաստիարակութիւնը ներմուծել մեր ազգային կեանքին մէջ` հոգեւոր, քրիստոնէական, եկեղեցական արժէքներու պահպանումին համար:

Հատորը ներկայացուց Կիրակնօրեայ վարժարանի վարիչ Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան, որ շեշտեց, թէ գիրքը ոչ միայն հեքիաթ կամ պատմութիւն է, այլ` կեանքի դաս մը, որ կրնայ իսկապէս փոխել մեր երեխաներուն հոգեւոր աշխարհը` առաջնորդելով մեր մանուկները դէպի հաւատք, բարութիւն եւ յոյս:  Ան ըսաւ, որ գիրքը խտացեալ եւ տեսողական կերպով  կը ներկայացնէ Սուրբ Գիրքի 24 դէպքեր` առնուած Հին եւ Նոր կտակարաններէն` պարզ, գունաւոր եւ մանուկներուն հասկանալի լեզուով, նպաստելով, որ մանուկները պատկերացնեն պատմութեան մթնոլորտը, զգան Յիսուսի սիրոյ ջերմութիւնը եւ գիտնան, թէ իրենք որքա՛ն կարեւոր են Աստուծոյ աչքին,  եւ այս գիրքը կը յաջողի ճշգրտօրէն արթնցնել այդ կողմը: Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան դիտել տուաւ, որ գիրքին պատմողական լեզուն պարզ ու հոսուն է, իսկ մեծ տառերը ընթերցանութիւնը կը դարձնեն աւելի հաճելի,  աւելցնելով, որ նկարազարդ էջերը պատմութիւնները կեանքի կը բերեն ` օգնելով մանուկներուն տեսնելու կերպարներուն դէմքերը եւ զգացումները, իսկ նկարազարդ էջերուն տիպարները կ՛արտայայտեն մարդկային տարբեր զգացումներ` ուրախութիւն, տխրութիւն, մտահոգութիւն, սակայն իշխողը միշտ ուրախ եւ խաղաղ դէմքերն են: Ան նշեց, որ պատկերներուն մէջ կը բացակայի մորթի գոյնի տարբերութիւնը, եւ բոլորը ներկայացուած են իբրեւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ` հաւասար եւ միասնական: Այս քայլը գնահատելի է, որովհետեւ մեր օրերու աշխարհը շատ անգամ կը սորվեցնէ բաժանում եւ կողմնակալութիւն, մինչդեռ այս գիրքը կը խրախուսէ` բարութիւն, սէր եւ Աստուծոյ առջեւ հաւասարութիւն:

Շարունակելով իր խօսքը` Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան ըսաւ, որ գիրքը նաեւ կը նպաստէ երեխայի յուզական եւ հոգեւոր աճին` սորվեցնելով արժէքներ, ինչպէս` բարիք, ներողամտութիւն, ազնուութիւն եւ սէր, աւելցնելով, որ այս պատմութիւնները ոչ միայն կը սորվեցնեն դասեր, այլ կը ձեւաւորեն սրտեր, նաեւ կը զարգացնեն հաւատքը եւ բարոյական երեւակայութիւնը` սորվեցնելով, որ բարի ընտրութիւնները կը բխին սիրոյ եւ վստահութեան մէջէն:

Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան հաստատեց, թէ հետաքրքրական է այն, որ իւրաքանչիւր պատմութեան աւարտին ներառուած են գործնական վարժութիւններ, խաղեր, որոնք կը մղեն մանուկները` մտածելու, վերանայելու եւ կիրարկելու պատմութեան պատգամը իրենց կեանքին մէջ: Որոշ պատմութիւններու վերջաւորութեան տեղ գտած են նաեւ երաժշտական տողեր եւ երգերու բառեր, որոնք աւելի կենդանութիւն կու տան դասին, եւ այս ձեւով մանուկները ոչ միայն կը լսեն պատմութիւնը, այլ նաեւ կը մասնակցին անոր` երգելով, արտայայտելով եւ ապրելով պատմուած պատգամը:

«Այս գիրքը կիրարկութեան կրնանք դնել ե՛ւ կիրակնօրեայ դպրոցներու դասաժամերու ընթացքին ե՛ւ դպրոցներէն ներս կրօնի դասաւանդման ժամանակ ե՛ւ մեր տուներէն ներս», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ ուսուցիչներ կրնան զայն օգտագործել որպէս օժանդակ նիւթ` դասերու, քննարկումներու եւ խմբային գործունէութիւններու ժամանակ` ծառայեցնելով որպէս հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ բարոյական արժէքներու ուսուցման միջոց, իսկ բաց գիրքը կը ստանայ աւելի խոր արժէք, երբ կը մտնէ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ, կը դառնայ կիսուող պահ մը, երբ ծնողները եւ զաւակները գիշերները միասին կը կարդան, կը քննարկեն պատմութիւնը եւ կը փնտռեն Աստուծոյ խօսքը: Այս ձեւով երեխաները կը մեծնան ոչ միայն հաւատքով եւ սիրով, այլ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը առաւել կ՛ամրանայ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Ժանին Դանիէլեան Մարգարեան ըսաւ, որ այս գիրքը իրեն հետ կը բերէ ուրախութիւն, որովհետեւ մանուկները կը գտնեն երջանկութիւն Աստուծոյ պատմութիւններուն մէջ, մխիթարութիւն,  որովհետեւ անոնք կը սորվին, թէ դժուար պահերուն Աստուած միշտ մօտ է, նաեւ` կապ, որովհետեւ պատմութիւններու, աղօթքի եւ խոկման միջոցով ընտանիքները աւելի կը մօտենան իրարու:

Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու  միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ իբրեւ հայ աւետարանական եկեղեցի` մանուկներու հոգեւոր դաստիարակութիւնը միշտ ալ առաջնահերթ եղած է իրենց համար, աւելցնելով, որ մանուկի տարիքային հասկացողութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ պատանեկան տարիքը, որ ամբողջական դաստիարակութիւն է, որ կը միտի զայն ծանօթացնել Քրիստոսի Աւետարանի բարի լուրին եւ առաջնորել կեանքը ապրելու քրիստոնէական արժէքներով եւ սկզբունքներով: Ան շեշտեց, որ դաստիարակութեան այս ընթացքին մէջ հիմնական դեր ունի դպրոցը իր կրթական ծրագիրով եւ եկեղեցին` իր քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրով: Ան ըսաւ, որ յաճախ դժուարութիւն ունեցած ենք ունենալու հայերէնով պատրաստուած գիրքեր եւ գործածած ենք Աստուածաշունչը, աւելցնելով, որ նկատի առած այս իրականութիւնը` մանուկներու սոյն Աստուածաշունչը իր մօտեցումով եւ բովանդակութեամբ պիտի օգնէ այդ բացը գոցելու եւ դասաւանդութիւնը աւելի արդիական, գրաւիչ եւ հաճելի դարձնելու: Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան խիստ գնատահելի գտաւ այս գիրքը մանուկներուն ձրիաբար տրամադրուելու իրողութիւնը:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ներկայացուց ցարդ իրենց հրատարակած գիրքերը`  շեշտելով, որ շատ կարեւոր է մանկուները Աստուծոյ ճամբուն մէջ տեսնել, որովհետեւ անոնք մեր ապագայ առաջնորդները պիտի ըլլան: Անդրադառնալով վերջին հատորին` «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք»-ին, ան ըսաւ, որ գիրքին պատմութիւնները Աւետարանին մէջ տեղ գտած արկածախնդրութիւններն են, որոնք գրուած են դիւրին բառերով, դիւրին հայերէնով, որպէսզի մանուկները կարդան եւ դիւրին հասկնան, եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն` քաջալեր հանդիսանալ իրենց զաւակներուն, որպէսզի զայն կարդան:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն գիրքի հրատարակութեան,  յատկապէս` սրբազան հօր, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի իր բոլոր հրատարակութիւններուն, նաեւ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, որ որակով հրատարակելէն անդին, կ՛օգնէ, որ գիրքը տարածուի, որովհետեւ իրենք կը հաւատան հայ գիրքի արժէքին: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութեան գործունէութիւնը, որ բաղկացած է զանազան գրասենեակներէ աշխարհի տարածքին, սակայն միշտ միասին կը գործեն: Ան դիտել տուաւ, որ չափահասները Աստուածաշունչով կ՛ապրին, սակայն մեր մանուկները Աստուածաշունչով պիտի մեծնան, հետեւաբար ասիկա մեր այսօրուան մեծագոյն հրամայականն է, եւ այդ պատճառով ինք ծանրաբեռնուած է որպէսզի Աստուածաշունչը հասցնէ մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն: Ան շեշտեց, որ մենք չենք կրնար խօսիլ ազգային ինքնութեան մասին` առանց անդրադառնալու քրիստոնէական ինքնութեան: Ճէպէճեան ըսաւ, որ սոյն գիրքը ձրիաբար պիտի բաժնուի լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն: Աւարտին ան գիրքէն օրինակներ յանձնեց հոգեւոր հայրերուն:

Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահ հաստատեց, որ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու մանկավարժական անգնահատելի արժէք ներկայացնող սոյն հատորը, որ նախատեսուած է 7-էն մինչեւ 12 տարեկան երեխաներուն համար, իր պարզ ու մատչելի լեզուով եւ աստուածաշնչեան պատմութիւններու բովանդակալից, տպաւորիչ ու հմայիչ նկարազարդումներով հոյակապ միջոց կը հանդիսանայ Հին եւ Նոր կտակարաններու աստուածային ճշմարտութիւնները մատուցելու համար եւ մեծապէս կը նպաստէ մեր հայ մանուկներուն հոգեւոր, բարոյական ու աստուածապաշտ դաստիարակութեան` դնելով անոնց կեանքի հիմը Քրիստոսի վրայ:

Գրիգոր եպս. Պատիշահ ըսաւ, որ հայ մանուկներուն համար նկարազարդուած այս նոր Աստուածաշունչը, հոգեւոր մեծագոյն արժէք մը ըլլալէ անդին, կը հանդիսանայ լոյսի փարոս մը եւ կենարար կամուրջ մը` դէպի մեր քրիստոնէական հաւատքի ու հայկական ինքնութեան յաւերժական դրսեւորման,  աւելցնելով, որ այս հատորը, անգամ մը եւս կու գայ սատարելու արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ կենսունակութեան յոյժ կարեւոր ու ազգանուէր գործընթացին, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, ուր նոր սերունդը կը միացնէ Տիրոջ ձայնը իր ազգային ինքնութեան հետ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան յիշեցուց նախապէս իր արտայայտած խօսքը, թէ` Հրայր Ճէպէճեան լիբանանահայ է, բայց Լիբանան չ՛ապրիր, ան երբեմն Լիբանանէն կ՛անցնի, բայց պարապ ձեռքերով չ՛անցնիր, այլ ընդհանրապէս իրեն հետ բան մը բերելով` կ՛ընծայէ լիբանանահայութեան, եւ առաւելաբար այդ նուէրը կը վերաբերի մեր զաւակներուն: Առաջնորդը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի յիշենք եւ իրարու յիշեցնենք, որ քրիստոնեային մեծագոյն պարտականութիւնը աշխարհէն ներս Աստուծոյ խօսքին տարածման գործն է, եւ այդ յիշեցումը իրենց աշխատանքին ընդմէջէն Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեան ամոլը կը կատարէ մեզի, որպէսզի մեզ մեր աշխատանքին մէջ քիչ մը աշխուժացնեն, եռանդ զետեղեն մեր հոգիին մէջ, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելով` յաւելեալ ճիգով փորձենք իրենց փոխանցել Աստուծոյ խօսքը, որպէսզի զայն կարդան, հասկնան եւ իրենց հասկցածը առնչեն իրենց կեանքին անպայմանօրէն: Սրբազանը ըսաւ, որ մեր նախնիները երկիւղածութեան շունչը ունէին եւ Աստուծոյ խօսքը, իրենց կեանքէն ներս ներկայ կը դարձնէին, իսկ ներկայիս մեր զաւակները այդ շունչի բացակայութեան պատճառով տեսակաւոր տագնապներու քովէն կ՛անցնին: Եզրափակելով իր խօսքը սրբազանը ողջունեց սոյն աշխատութիւնը` մաղթելով, որ Աստուած յաւելեալ եռանդ պարգեւէ Ճէպէճեան ամոլին, որպէսզի նորանոր աշխատանքներով մեզի եռանդ եւ ոգեւորութիւն ներշնչեն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան` Քրիստին Պապուճեան, որ ներկայացուց «Անդամալոյծին բժշկութիւնը», Նշան կիս. Մարաշլեան, որ սաքսոֆոնի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, սոփրանօ Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթիւքճեան, որ մեկնաբանեց «Աղաչեա վասն մեր» երգը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժորժ Լեւոնեանի, եւ «Բազմաչարչար նահատակ» երգը` տուտուկի ընկերակցութեամբ Վիգէն Քիւթիւքճեանի: