Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Լոս Անճելըսի Երիտասարդութեան Հետ
«ԴԱՌՆԱՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ԵՒ ՆԵՐԱՌԵՆՔ ԶԱՅՆ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ»․ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Փիլիպոս, Ֆերահեան, Մեսրոպեան, Շամլեանի եւ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարաններու երիտասարդութեան հետ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն Սիւզի Օհանեան, որ ողջունելէ եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք վեհափառին՝ հրաւիրեց յիշեալ վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտները, որպէսզի ուղղեն իրենց սրտի խօսքը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով՝ ընդգծեց, որ հայրապետին ներկայութիւնը պատմական եւ եզակի առիթ մըն է, որուն յարգն ու պատիւը պէտք է գիտնայ եւ ունենայ իւրաքանչիւր երիտասարդ: «Վեհափառը իր հովուապետական բոլոր այցելութիւններուն միշտ կարեւոր տեղ տուած է երիտասարդներու հետ հանդիպում եւ զրոյց ունենալուն, որովհետեւ անոնք մեր ազգի ներուժն ու ներկան են, ինչպէս նաեւ՝ ապագան«, ըսաւ առաջնորդ սրբազանը։


Ապա, կաթողիկոսը ներկայ երիտասարդներուն իր հայրապետական խօսքը ուղղեց։ «Ընդունելի չէ, որ երիտասարդութեան նկատմամբ անտարբեր մօտեցում ունենանք: Ընդունելի չէ, որ երիտասարդութիւնը նկատենք մեր կեանքի լուսանցքին վրայ գտնուող անհատներու խումբ մը: Երիտասարդութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մաս կը կազմէ: Այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ անոր: Երիտասարդութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Թէ՛ համալսարանական ուսում ունեցող եւ թէ՛ կեանքի փորձառութեամբ կազմաւորուած մեր երիտասարդները պէտք է մաս կազմեն մեր կեանքի բոլոր մարզերուն՝ բոլոր մակարդակներու վրայ: Այս յիշեցումը կատարած եմ միշտ եւ պիտի կատարեմ, ո՛չ միայն հանդիպելով երիտասարդութեան հետ, այլ նաեւ մեր մարմիններու պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ», այս հայրապետական պատգամով վեհափառը բացումը կատարեց երիտասարդներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին:


Կաթողիկոսը, շարունակելով իր պատգամը՝ ըսաւ. «Երբ երիտասարդութեան հետ հանդիպում կ՛ունենամ՝ զայն կը նկատեմ երկխօսութիւն: Ինչպէս դուք կը լսէք ու պէտք է լսէք զիս, այնպէս ալ ես պէտք է լսեմ ձեզ: Այս մօտեցումը պէտք է ունենանք մեր ընտանիքներէն ու կազմակերպութիւններէն ներս, ինչպէս կ՛ըսեն անգլերէն՝ one way traffic-ը (միակողմանի ճանապարհը) ընդունելի չէ: Մենք պէտք է լսենք երիտասարդները. անոնք ըսելիք ունին, մտահոգութիւններ, սպասումներ ու տագնապներ ունին: Անոնք պիտի բաժնեն զանոնք մեզի հետ»:
Իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով այժմէական հարցերու՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ. «Այսօր կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, ճարտարագիտութիւն, Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու տագնապ եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել: Ես որեւէ տագնապ կը բնորոշեմ իբրեւ մարտահրաւէր: Այս բոլորին մասին մեր երիտասարդները պէտք է գիտնան եւ ծանօթութենէ ու գիտակցութենէ բխող ըսելիք պէտք է ունենան: Ահա ասոր համար ես պատրաստ եմ լսելու մեր երիտասարդները»:


Շեշտելով երիտասարդութեան կողմէ մեր ազգային կեանքին մէջ ներմուծուելիք նոր շունչին՝ վեհափառը եզրափակեց՝ ըսելով. «Հեռո՛ւ մնացէք մակերեսային մօտեցումներէ, ուրիշներուն ըսածները կրկնելէ: Եղէք այնպէս, ինչպէս որ էք, սակայն ձեր անձերը դիտելով մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս»:
Հայրապետին խօսքէն ետք, երիտասարդները հարցումներ ուղղեցին անոր՝ եկեղեցւոյ, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս համազգային հարցերու վերաբերող նիւթերու շուրջ: Կաթողիկոսը երիտասարդներուն տուաւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները եւ լուսաբանութիւնները:


