Մոնթրէալի եւ Լաւալի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Երեք Հայ Թեկնածուներ Յաղթանակ Կ’արձանագրեն
Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ին: Անոնց կարգին՝ Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի թեկնածուներէն երեքը յաղթանակ արձանագրեցին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»ը։
Մոնթրէալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայազգի թեկնածուներն են՝ Վանա Նազարեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Ensemble Montréal» կուսակցութեան կողմէ, Սեն Լորան շրջանի Côte-de-Liesse ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Շահէ (Sharkie) Տարագճեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, Ensemble Montréal կուսակցութեան կողմէ, Pierrefonds-Roxboro շրջանի Cap-Saint-Jacques ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Լաւալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց Սեդա Թոփուզեան, նոյնպէս երկրորդ անգամ ըլլալով, Mouvement Lavallois կուսակցութեան կողմէ, Լաւալի Renaud Coursol շրջանի քաղաքապետութեան:
Իսկ Մարի Տէրոս, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Ensemble Montréal» կուսակցութեան կողմէ, Villeray–Saint-Michel–Parc-Extension շրջանի Parc-Extension ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, սակաւաթիւ քուէներով կորսնցնելէ ետք բողոքարկած է, եւ արդիւնքը վերատեսութեան ենթակայ է:
Նշենք, որ Մոնթրէալի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Սուրէյիա Մարդինէզ Ֆերրատա. ան կը հանդիսանայ Մոնթրէալի երկրորդ կին քաղաքապետը եւ առաջինը, որ բնիկ տեղացի չէ, այլ որպէս գաղթական հաստատուած է Գանատա եւ ծագումով չիլ է: Իսկ Լաւալի քաղաքապետ ընտրուեցաւ, երկրորդ անգամ ըլլալով, Mouvement Lavallois կուսակցութեան ղեկավար Սթեֆան Պուայէ:
