Մշակութային Աշխոյժ Օրեր Թեհրանի Հայկական Համայնքէն Ներս
Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ՝ Հոկտեմբեր 30-ին եւ 31-ին Թեհրանի հայկական համայնքը ապրեցաւ մշակութային աշխատանքներու եւ ծրագրերու առումով աշխոյժ կեանք:
«Ալիք»-ի տեղեկութիւններով՝ նշեալ օրերուն, նախաձեռնութեամբ՝ Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան կազմակերպուած էր միութեան «Նայիրի» պարախումբի տարեկան ելոյթը՝ կեդրոնատեղի «Սուքերեան» սրահին մէջ նոյն օրերուն, «Արարատ» մարզաւանի «Շահբազեան» սրահին մէջ բեմականացուեցաւ «Անին ու Ես» ներկայացումը: Հոկտեմբեր 31-ին, Հ. Մ. Մ. «Րաֆֆի» համալիրի «Մասիս» մարզադալիճին մէջ, «Զարթօնք» պարախումբը իր անսամպլային ելոյթը նուիրած էր Սրբոց Թարգմանչաց տօնին:
Հոկտեմբեր 31-ի առաւօտեան՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, նախաձեռնութեամբ Իրանի Հայ Ուսուցիչներու միութեան՝ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն մեզմէ առյաւէտ հեռացած հայ ուսուցիչներու հոգիներու խաղաղութեան համար, իսկ երեկոյեան Հ. Ուս. «Չհարմահալ միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ «Գեղարդ» թատերախումբը ներկայացուց «Աշխարհը շուռ է եկել» ներկայացումը, ոը բեմադրուած էր նաեւ Հինգշաբթի օրը:
