Անի Զալինեան` Նիտըրլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Նիտըրլանտներու մէջ 29 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Անի Զալինեան ընտրուած է երեսփոխան` դառնալով երկրի պատմութեան մէջ առաջին հայ երեսփոխանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Անոր շնորհաւորանքներ յղած են «Աբովեան» մշակութային միութիւնը, FAON-ը, ինչպէս հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:
Անի Զալինեան առաջադրուած էր GroenLinks-PvdA դաշինքին կողմէ:
