Հայ Դատը Մեծարեց Հայկական Հարցի Նուիրեալները Եւ Հայկական Հարցը Ջատագովելու Նոր Էջ Մը Բացաւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Fairmont Century Plaza պանդոկին մէջ, լուսարձակի տակ առնելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները: Անիկա առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու այն անհատները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան տարեկան ձեռնարկին ներկայ էր հովուապետական այցելութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը այցելող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Նենսի Փելոսի

Քաղաքական ազդու դերակատարներու, հոգեւոր, քաղաքական եւ համայնքային ղեկավարներու եւ հարիւրաւոր համակիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացումը կատարեց Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լիլիան Արէճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, զանոնք համարելով Հայ Դատի մեծ ընտանիքի անդամները։

Ապա, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խօսեցաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին՝ վստահեցնելով, որ պայքարը կը շարունակուի, հակառակ հայութեան շահերուն վրայ շարունակուող յարձակումներուն։

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան արտայայտուեցաւ համայնքին ցուցաբերած աննկուն աջակցութեան եւ միացեալ պայքարի կարեւորութեան մասին, որոնք պիտի նպաստեն կազմակերպութեան առաքելութեան իրականացման։ Ան երեկոն նուիրեց Հայ Դատի նուիրեալ ջատագովներ՝ Աբօ Սաղտճեանին եւ Նշան Քիւլիւքեանին, որոնք ցմահ պայքարեցան Հայկական Հարցին համար։

Պրետ Շըրմըն

Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լենա Յովհաննէսեան խօսեցաւ կազմակերպութեան գործունէութեան ընդարձակման մասին եւ շեշտեց, թէ Հայ Դատի պաշտպանութիւնը, Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած հայութեան վերադարձի եւ հայ գերիներու ազատ արձակման ապահովումը համահայկական պատասխանատուութիւն է։

Այնուհետեւ, կազմակերպութեան «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնուեցաւ  Քալիֆորնիոյ 40րդ ընտրաշրջանը ներկայացնող քոնկրեսական Եանկ Քիմին՝ հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի նպաստ անոր գործունէութիւնը գնահատելու համար։

Քոնկրեսականը բազմաթիւ առիթներով նեցուկ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, Հայաստանի դէմ թրքական եւ ատրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող եւ Արցախի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորել պահանջող բանաձեւներուն եւ հայութիւնը յուզող այլ նախաձեռնութիւններու։

Կազմակերպութեան «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը շնորհուեցաւ Հայ իրաւաբանական միութեան, Հայկական Հարցը, մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան հասնելու ջանքերը ջատագովելու ոլորտներին մէջ անոր երկար տարիներու ծառայութիւններուն համար։ Մրցանակը ստանձնեց Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան անդամ Լուսի Վարդապետեան։

Եանկ Քիմ

1989ին հիմնուած Հայ իրաւաբանական միութիւնը յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած է շրջանիս հայ համայնքի իրաւունքները պաշտպանելու գործունէութեան մէջ, միաժամանակ նեցուկ կանգնելով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած անձերու եւ Արցախի հայութեան, ինչպէս նաեւ կենսական խորհրդատուութիւն շնորհելով իրաւաբանութիւն ճիւղին հետեւող հայ ուսանողներու։

«Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը շնորհուեցաւ «Շուարց Սէմէրճեան» իրաւաբանական հաստատութեան, որ յաջողութեամբ կրցած էր պաշտպանել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, 2024ին անոր դէմ Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած դատական հետապնդումին ընթացքին, որուն նպատակը Հայկական Հարցին եւ ամերիկահայութեան իրաւունքներու ջատագովումը կասեցնելն էր։

Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու համակարգող Կարէն Ճինպաշեան յատուկ հաստատագիրներ յանձնեց Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակցողներուն, որոնք պիտի շարունակեն Հայկական Հարցը ջատագովել։

Արամ Համբարեան

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, որ խոստացաւ շարունակել հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերը, նպաստելու համար յատկապէս հայ գերիները ազատ արձակելու եւ արցախահայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորելու ջանքերուն։

Շարունակելով մրցանակներու յանձնումը, Հայ Դատի «Կեանք Մը Իրագործումներ» հեղինակաւոր մրցանակը շնորհուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախորդ խօսնակ Նենսի Փելոսիին, որ իր քաղաքական կեանքին ամէնէն կարեւոր իրագործումներէն մէկը նկատեց Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը եւ դրուատեց իր իրաւունքները պաշտպանելու համար հայ համայնքին աշխատանքները։

Օշին Յարութիւնեան

Փելոսի կը նկատուի Քոնկրեսին մէջ Հայկական Հարցին ամէնէն կարեւոր պաշտպաններէն մէկը, որ նաեւ ջատագոված է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացումը, Արցախէն տեղահանուած հայութեան աջակցութեան ապահովումը եւ Պաքուի դէմ պատժական քայլերու որդեգրումը։

Խօսք առնելով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեան յոյժ կարեւոր նկատեց Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները ջատագովելու ջանքերուն զարկ տալը։

Լիլիան Արէճեան

Վերջապէս, կազմակերպութեան «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» հեղինակաւոր մրցանակը յանձնուեցաւ «Քրիստոնէական միջազգային զօրակցութեան» կազմակերպութեան՝ արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի նպաստ անոր կենսական գործունէութիւնը գնահատելու համար։ Մրցանակը ստանձնեց կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճան Այպնըր։

Ձեռնարկին փակումը իր տպաւորիչ պատգամով կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ «Սուրբ Դատ» որակեց Հայկական Հարցը՝ յիշեցնելով, որ անիկա արդարութեան հասնելու համար պայքար մըն է։ Վեհափառը շեշտեց, որ արդարութիւնը աստուածաուր իրականութիւն մըն է, որ արմատացած է հայ ժողովուրդին մէջ։