«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Սփիւռք

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բեմին ձայնը» ասմունքի եւ բեմական կատարողութեան ակադեմիային պաշտօնական բացումը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ահարոն Շխրտըմեան, որ ներկայացուց նախաձեռնութեան ծագումն ու նպատակը: Ան ըսաւ, որ ակադեմիան նոր սերմ մըն է, որ պիտի բխի հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ,  աւելցնելով, որ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի նախաձեռնութիւնը միայն մշակութային, գեղարուեստական դրսեւորում մը չէ, այլ նաեւ` ազգային ծառայութիւն, հոգեւոր եւ լեզուական առաքելութիւն, որ կը միացնէ խօսքը, շունչը եւ ոգին:

Այնուհետեւ սրտի խօսք արտասանեցին ներկաներէն ոմանք, որոնք գնահատեցին նախաձեռնութեան խորհուրդը եւ արժէքը:

Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ վարժարանի տնօրէն Արամ Գարատաղլեան  յայտնեց, որ ասմունքը միայն բեմ չէ, այլ` սրտի եւ հոգւոյ կրթութիւն, աւելցնելով, որ երբ բառը կը հնչէ մաքուր լեզուով եւ ճշմարիտ զգացումով, ան կը դառնայ հոգեւոր աւիշ, որ կը զօրացնէ հայուն ինքնութիւնը: Ան հաստատեց, որ ասմունքող սերունդներ պատրաստող անհատներ իրենց գործով կը շարունակեն մեր մշակոյթին շղթան:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան իր կարգին ընդգծեց, որ ներկայ ժամանակներու բեմը,  աւելի քան երբեք, կը զգայ հայեցի հնչիւնի կարօտը, ճշմարիտ բառի արտայայտութիւնը, հաստատելով, որ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան իր փորձառութեամբ եւ համբերութեամբ կը բանայ դուռ մը, որ կը տանի դէպի նոր արժանապատիւ սերունդի մը:

ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պարբերականի խմբագրապետ Համբիկ Մարտիրոսեան ողջունեց նախաձեռնութեան մեկնարկը` հաստատելով, որ «Բեմին ձայնը» պիտի ըլլայ այն վայրն ու դարպասը, ուր բեմը, երաժշտութիւնը եւ արտասանութիւնը պիտի միաձուլուին` ստեղծելով մշակութային նոր շունչ:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի մօտ սորված է, թէ ասմունքը միայն արտասանել չէ, այլ` ապրիլ բառին մէջ եւ զգալ անոր ճշմարիտ կշիռը: Ան հաստատեց, որ նախաձեռնութիւնը սահմանափակուած չէ միայն մշակոյթով ու գեղարուեստով, այլ կը միացնէ` կրթութիւնը, ոգին եւ ազգային ինքնութիւնը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ նախաձեռնութեան հիմնադիր ու տնօրէն Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, որ նկատել տուաւ, թէ տարիներ շարունակ իր երազը եղած է հայ բեմին նոր շունչ տալ, ստեղծել վայր մը, ուր երիտասարդները պիտի սորվին ոչ միայն արտասանել, այլեւ` ապրիլ բառը, հասկնալ հոգին եւ փոխանցել ճշմարիտ զգացումը: Ան կոչ ուղղեց նոր սերունդին` պահպանելու հայ բեմի ոգին, վառ պահելու խօսքի լոյսը եւ հաւատալու, թէ մշակոյթը մեր ինքնութեան անսպառ աւիշն է:

Այս առիթով Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Սուրբ Խաչ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնք գործնապէս թիկունք կը կանգնին սոյն նախաձեռնութեան: Ան շեշտեց, որ «Բեմին ձայնը» պատրաստ է գործակցելու բոլոր հայկական վարժարաններու հետ` նպատակ ունենալով հայ աշակերտին մէջ վերակենդանացնել մայրենիի սէրը, հնչիւնին նրբութիւնը եւ արտայայտութեան ուժը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Նարեկ քհնյ. Հեճինեանի աղօթքով:

«ԱԶԴԱԿ»