Յարգել Մեր Ազգին Բարերարները. Անոնց Կտակները Համարելով Ազգային Սրբութիւններ․ Սեւակ Յակոբեան

Հայաստան, Սփիւռք

«ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի Նամակ-Դիմումը Հերացի թիւ 1 Հիւանդանոցային Համալիրի Տնօրէնութեան

Հերացի թիւ 1 Հիւանդանոցային Համալիրի ՏնօրէնութիւնՀայաստան, 0025, Երևան

Աբովյան փող., 60 շենք, շինություն 1

(Կենտրոն վարչ. շրջան)

Կրկնօրինակը՝ ի գիտութիւն

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին

Սեւակ Յակոբեանէն

«Զարթօնք» օրաթերթի Գլխաւոր խմբագիր

27.10.2025թ.

Յարգելի տնօրէն,Կտակները սրբութիւններ են, մինչ Հայ ժողովուրդի գոյերթը շատ անգամ պայմանաւորուած եղած է ազնիւ բարերարներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն վրայ, որուն շնորհիւ Հայ ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, կարողացած է կառուցել իր եկեղեցիները, ուսումնարանները, որբանոցները, հիւանդանոցները, եւայլն:

Հերացի թիւ 1 Հիւանդանոցային Համալիրի պատմական շէնքի հիմնադրութիւնը ունի իր պատմութիւնը անցեալի մէջ, որ շատերուն համար այսօր կրնայ մոռացութեան մատնուած պարագայ մը ըլլալ: Պատմութիւնը կ՛երթայ մինչեւ 1897 թուական երբ Իզմիր բնակող (ապա Եգիպտոս գաղթած) Հայ մեծահարուստ բարերար ամոլ մը՝ Տէր եւ Տիկին Թագւոր փաշա եւ Երանուհի Յակոբեաններ՝ հինգ հազար օսմանեան ոսկի յատկացուցած են իրենց վաղամեռիկ դստեր՝ Դարուհիի յիշատակին աղջկանց որբանոց մը բանալու համար Իզմիրի մէջ:

Այս կտակը իր ծնունդէն մինչեւ իր վերջնական գործադրութիւնը՝ անցած է զանազան փուլերէ եւ պարագաներու բերմամբ կրած է փոփոխութիւններ:

Թագւոր փաշայի կտակը, 1897 էն մինչեւ 1921, կը մնայ լռութեան մէջ: 1921 ին, ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Միութիւն»-ը կը խզէ այդ լռութիւնը, ազգին ծանուցանելով «Հոյակապ նուիրատութիւն մը»:

Փարիզէն, Լեւոն պէյ Յակոբեան, միակ որդին եւ անմիջական ժառանգորդը Յակոբեան գերդաստանին, իր երջանկայիշատակ ծնողաց նուիրական կամքն ու կտակը գործադրելու որոշումը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Պօղոս փաշա Նուպարին կը հաղորդէ 8 Նոյեմբեր 1921 թուակիր նամակով մը, որ կը վերջանայ այս սրտառուչ տողերով.

«Չեմ կարող վերջացնել այս նամակս առանց ըսելու թէ Հ. Բ.Ը. Միութիւնը, զոր ձեր վսեմութիւնը հիմնած է, որքան մեր դժբախտ ազգին համար ճշմարիտ նախախնամութիւն մը եղած է եւ է: Կը համարեմ, որ ամէն ճշմարիտ հայու համար, որ հայրենիքին սիրովը տոգորուած է, պարտականութիւն մըն է իր լուման եւ իր օժանդակութիւնը ընձեռել այս գերազանցօրէն մարդասիրական եւ ազգասիրական ձեռնարկութեան, մեր հայրենակիցները իրենց դժբախտութեան մէջ ամոքելու եւ անոնց բարօրութեանը օգնելու համար»:

1922 Մայիս 6 ին, ուրիշ նամակով մը, Լեւոն պէյ կը հաղորդէ Պօղոս Նուպար փաշային թէ պէտք եղած հրահանգը տուած է Օսմանեան Պանքի Աղեքսանդրիոյ ճիւղին՝ ՀԲԸՄ-ին յանձնելու 27000 անգլիական ոսկիի դրամագլուխ մը ներկայացնող առաջնակարգ արժեթուղթեր եւ 75000 Ֆրանքի գումար մը: Այս կարեւոր նուիրատութեան հիմը կը կազմէ այն 5000 օսմանեան ոսկին, (օրուան սակով 4000 անգլիական), զոր 1897 էն ի վեր կտակած էր ողբացեալ Թագւոր փաշա Յակոբեան: Այս գումարը իր տոկոսներովը եւ Տիկ. Երանուհի Յակոբեանի զանազան նուիրատութիւններովը բարձրացած է 27000 անգլիական ոսկիի: Իսկ 75000 Ֆրանքի գումարը կը ներկայացնէ գթասիրտ Տիկին Երանուհի Յակոբեանի ուրիշ մէկ կտակը, Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ հիմնելու համար աղջկանց որբանոց մը, իր աղջկան՝ Դարուհիի անունովն ու յիշատակովը:

Հետզհետէ ստեղծուած քաղաքական նոր պայմաններու բերմամբ՝ Յակոբեան կտակները կ’երկճղին: Որբանոցի մը տխուր գաղափարը տեղի կու տայ Մայրանոցի մը յուսատու, եւ դպրոցի մը լուսատու գաղափարին, եւ 1925 Մայիս 10 ին, Փարիզի մէջ,- «Հայաստանի Ս. Խ. Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Պր. Արամայիս Երզնկեան, մի կողմից, Եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա, Գանձապահ՝ Լ. Կիւմիւշկերտեան եւ ընդհանուր քարտուղար՝ Գ. Սինապեան, որոնք գործում են յանուն յիշեալ Միութեան, համաձայն կեդրոնական վարչական խորհրդի որոշման, միւս կողմից, երկուստեք համաձայնութեամբ՝ կը կնքեն ինը յօդուածէ բաղկացած պայմանագրութիւն մը, Երեւանի մէջ «Դարուհի Յակոբեան» անունով Մայրութեան Տուն մը կառուցանելու եւ մանկաբարձուհիներ պատրաստելու նպատակով: «Մայրութեան Տուն» ին հողը կը տրամադրէր Հայաստանի կառավարութիւնը, իսկ շէնքին շինութեան հոգը եւ կարգ մը ծախքեր կը ստանցնէր ՀԲԸՄ-ը, գործածելով 27000 ոսկիի եկամուտներէն մաս մը եւ 75000 Ֆրանքը ամբողջութեամբ»:

Շէնքը շուտով կը սկսի կառուցուիլ այն նոյն վայրին մէջ, որ այսօրուայ Հերացիի անուան թիւ մէկ հիւանդանոցային համալիրն է այսօր: Ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանյանի հսկողութեամբ կատարուող շինարարական աշխատանքները կը տեւեն 3 տարի եւ հաստատութեան բացումը կը կատարուի Մարտ 1929-ին: 60 մահճակալնոց առաջին մայրանոցին հնարաւորութիւնները շուտով զգալիօրէն կը բարելաւուին՝ 1930-ին բարձրացած նոր շինութիւններուն շնորհիւ:Ափսոս, որ սակայն Ստալինեան բռնաճնշումներու տարիները կը խանգարեն, սոյն Կտակի անուան օգտագործումը Հայաստանի մէջ: Այս անարդար կարգադրութենէն ետք, Տիկին Երանուհի Յակոբեանին ՀԲԸՄիութեան կտակած նոր ֆինանսական միջոցներով 1939 Հոկտեմբերին Պէյրութի մէջ բացուեցաւ Հ.Բ.Ը Միութեան «Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց վարժարան»ը, որ կու գար կերպով մը փոխարինելու հիմնական ծրագիրը:

1930-ականներէն անցան տարիներ: Նման անարդար կարգաւորումներու պատճառով մեր Հայրենիքին մէջ Սովետական տարիներուն անուանափոխուած շատ մը կառոյցներ, քաղաքներ կամ փողոցներ Հայաստանի անկախութեան նախօրէին եւ անցնող 34 տարիներուն ընթացքին վերանուանուեցան եւ տակաւին կը վերանուանուին իրենց նախկին անուններով (վերջինը՝ Լենինկրատեան պողոտային վերանուանումի որոշումը՝ հայազգի մեծ բարերար՝ Քըրք Գրիգորեանի անունով): Այս բանին մէջ այսօր ափսոս, որ «Դարուհի Յակոբեան» անունը տակաւին բացառութիւն կը կազմէ, կամ մոռացութեան մատնուած է: Որպէս Հայ մարդ, Հայաստանի քաղաքացի եւ Պօղոս Նուպարի հիմնած Մեծ Միութեան արդեն 90-ամեայ դրօշակակիրը հանդիսացող թերթին՝ «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ին խմբագիրը, մեծապէս գնահատելով հանդերձ Մխիթար Հերացի անուան խորհրդանշանակութիւնը, կոչ կ՛ուղղեմ Ձեզի համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու արդարութիւնը վերահաստատելու համար: Այսօր, մեր ազգին ու պետութեան բարոյական պարտականութիւնն է անպայմանօրէն վերականգնել «Դարուհի Յակոբեան» անունը, զգացական Կտակին սրբութիւնը պահպանելու եւ արդարութիւնը ամրապնդելու համար: Նաեւ մեր ներկայ եւ ապագայ բարերարներուն գործնական օրինակով ցոյց տալու համար, որ իրենց Կտակներն ու բարերարութիւնները մոռացութեան չեն կրնար մատնուիլ ժամանակի կամ պարագաներու բերումով: Դարձեալ առաջարկութեան կարգով եւ նուազագոյնին մէջ, պիտի առաջարկէի, ներկայ Համալիրին շրջափակին մէկ պատշաճ անկիւնը, մշտադալար ծառերու թուփին ու շուքին տակ բարձրանային Յակոբեան ամոլին կիսանդրիները առ ի երախտագիտութիւն իրենց ազնիւ՝ բարերար հոգիներուն:

Յարգանքով,

Սեւակ Յակոբեան

ՅԳ. Սոյն պաշտօնական նամակը գրած եմ Արեւմտահայերէն լեզուով եւ ուղղագրութեամբ, նախ՝ որպէս սկզբունքային հարց, ապա՝ լիարժէք օգտագործած ըլլալու համար Թագւոր եւ Երանուհի բարերար ամոլին խօսած ու գրած մայրենին:

Շնորհակալութիւն Օրդ. Hasmig Kurdian-ին եւ Hovig Eordekian-ին իրենց տրամադրած օգտակար տեղեկութիւններուն համար: