Անվերապահօրէն Կը Զօրակցինք Վեհափառին՝ Շարունակելու Իր Սրբազան Առաքելութիւնը. Յայտարարութիւն
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան հոգեւորականաց դասն ու եկեղեցական համայնքները տարածած են յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.
«Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան հոգեւորականաց դասը եւ եկեղեցական համայնքները խոր մտահոգութեամբ կը հետեւին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող անցանկալի եւ մտահոգիչ զարգացումներուն։ Դարեր շարունակ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եղած է եւ կը շարունակէ մնալ մեր քրիստոնէական հաւատքի, հայ հոգիի, ինքնութեան եւ ազգային միասնականութեան ամուր հենարանը։
Մեզի համար անընդունելի է ցանկացած քայլ, որ կրնայ խաթարել Եկեղեցւոյ ներքին խաղաղութիւնը եւ կասկածի տակ դնել անոր սրբազան առաքելութիւնը։
Տագնապով կը հետեւինք Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններուն կողմէ հոգեւորականներուն դէմ յարուցուող քրէական գործերուն։ Արդարութիւնը, թափանցիկութիւնը եւ փոխադարձ սէրը եղած են եւ պիտի մնան մեր քրիստոնէական հաւատքի ու ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքները. «Ճշմարտութիւնը կ՝ազատէ ձեզ․․․» (Յովհաննէսի Աւետարան 8.32)։
Մեր յորդորն ու ակնկալիքն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները առաջնորդուին արդարութեան, անաչառութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներով։
Ինչպէս միշտ՝ յատկապէս այս դժուարին օրերուն, մեր հոգեւոր եղբայրներուն եւ հաւատացեալներուն կողքին, միասնականօրէն եւ անվերապահօրէն կը զօրակցինք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ շարունակելու իր սրբազան առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս։
Թո՛ղ Տէրը Ողորմութեան հեռու վանէ մեզմէ ամէն տեսակ պառակտում եւ թշնամանք։ Կ՝աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի մեր մէջ տարածուի սէրը, յոյսը, հաւատքը եւ միասնականութիւնը՝ ի շահ մեր ժողովուրդի եւ պետութեան ամրապնդման։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ. «Ձեր բոլոր գործերը թող սիրով ըլլան» (Ա Կորնթացիներ 16.14)»։
