Ալեքսանդրա Գրիգորեանը Պոկում Վարժութեան Մէջ՝ Եւրոպայի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

20-ամեայ հայ ծանրորդ Ալեքսանդրա Գրիգորեանը ալպանական Տուրես քաղաքին մէջ ընթացող երիտասարդներու Եւրոպայի առաջնութեան, պոկում վարժութեան մէջ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան։

Հայ մարզուհին արդիւնաւէտ գործած է բոլոր երեք մօտեցումներուն ժամանակ եւ վերջնական արդիւնքով յաղթած է 91քկ արդիւնքով։

Երկամարտի ընթացքին Ալեքսանդրան նոյնպէս կը յաւակնի ոսկի մետալին։