«ՀՄԸՄ-ի Օր»ուան Առիթով՝ «ՀՄԸՄ-ը Էապէս Դպրոց Է Եւ Ո՛չ Թէ Սոսկ Մարմնակրթական Միութիւն». Արամ Ա.
24 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ Մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ, Արամ Ա. վեհափառը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ՝ ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «ՀՄԸՄ-ի Օր»ուան 10-րդ տարեկան տօնակատարութեան եւ այս առիթով իր հայրապետական պատգամը ուղղեց։


Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն, բացման ու յաւուր պատշաճի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքերէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն, ինչպէս նաեւ պատուոյ շքանշաններու տուչութենէն ետք, խօսք առաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան։ «Կը տօնենք մեր կազմակերպութեան 107-րդ տարեդարձը, երբ նաեւ կը վայելենք եւ կը պատուըւինք նորին սրբութեան ներկայութեամբ։ Վեհափա՛ռ հայր, ձեր օրհնաբեր ներկայութիւնը մեզի համար մխիթարութիւն ու ներշնչում է։ Ձեր վաստակը մեր բոլորին ներշնչանքն է, յատկապէս մեր երիտասարդներուն, որոնք կը սորվին ձեզմէ՝ նայիլ ապագային հաւատքով եւ ծառայել առանց վարանելու։ Աղօթք կ՛ուղղենք առ Աստուած, որ շնորհէ ձեզի երկար, առողջ եւ խաղաղ տարիներ, որպէսզի շարունակէք առաջնորդել մեր ազգն ու եկեղեցին։ Կեցցէ՛ նորին սրբութիւնը. կեցցէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ աթոռը. կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ի ոգին՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարիք մեր ժողովուրդին», ըսաւ Մանուկեան:


Ատենապետին խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ վեհափառը, որպէսզի իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղէ ներկաներուն։ «ՀՄԸՄ-ը էապէս դպրոց է եւ ո՛չ թէ սոսկ մարմնակրթական միութիւն։ Այս կ՛ուզեմ յիշեցնել ՀՄԸՄ-ին եւ մեր ժողովուրդին՝ ամէն անգամ երբ առիթը ունենամ ՀՄԸՄ-ին հետ ըլլալու: Ճիշդ է, իր արտաքինով, մեթոտներով, կազմակերպչական գործընթացքով ու աշխատանքներով մարմնակրթական միութիւն է ան, սակայն իր էութեամբ ու առաքելութեամբ դպրոց է: ՀՄԸՄ-ը դպրոց է, որովհետեւ ան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան՝ մեր պատանիները թրծելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս, ուր պայմաններու բերումով հայ դպրոց չկար, ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայ դպրոց: Նոյնը կը մնայ ՀՄԸՄ-ը այսօ՛ր եւս: Իմ հայրապետական թելադրութիւնս է, որ մարզական աշխատանքներէն անդին, ՀՄԸՄ-ը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ հայեցի դաստիարակութեան՝ հայուն մէջ հա՛յը կրթելով եւ հայուն ինքնութիւնը բիւրեղացնելով»:
Աւարտին, բոլորը միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը։




