Յանձնառու ՀՕՄ-ականը․ «Հայրենիք»
Խմբագրական
Ահաւասիկ աւելի քան դար մը եւ աւելի, այսինքն` 115 տարիէ ի վեր, ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը` շողշողուն լոյսի, խոր հաւատքի եւ անսակարկ զոհողութեան ճամբով: Եւ ՀՕՄ-ի ջահը կը բոցավառի շնորհիւ ՀՕՄ-ականին:
ՀՕՄ-ականն է, որ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ աշխատիլ ու ամէն միջոց ի գործ դնել` պայքարելու համար յանուն արդարութեան, հայ կնոջ ընկերային պատասխանատուութեան, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, վերաշինութեան ու ինքնապահպանման` ազգային արժէքներո՛ւ պահպանման:
Այո՛, այդպէ՛ս է: ՀՕՄ-ականը, իր հիմնական գաղափարաբանութեամբ, մարդասիրութիւնը կը միացնէ ազգային ինքնութեան: Ճիշդ է, որ մարդասիրութիւնը` որպէս համամարդկային արժէք, ՀՕՄ-ի գործունէութեան առանցքն է, սակայն այս մարդասիրութիւնը ոչ թէ անորոշ եւ համընդհանուր ձեւով կ՛արտացոլացուի եւ կը կիրարկուի, այլ խորապէս կապուած է` հայութեան ճակատագրին, վերապրումին եւ բարեկեցութեան:
ՀՕՄ-ականը` որպէս մայր, դաստիարակ եւ գործունեայ կին քաղաքացի, ունի ո՛չ միայն ընտանեկան, այլեւ ազգային առաքելութիւն: Այդ պատճառով ալ ՀՕՄ-ը, իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին եղած է առանցքային` իր սրտին մէջ պահած ըլլալով հայ կնոջ գիտակցութիւնն ու կամքը:
Յստակ է ու հաստատ ՀՕՄ-ականին դաստիարակութեան ձեւը` սկսելով ՀՕՄ-ի նշանակէն, ուր արեւը կը ծագի եւ շարունակ պիտի ծագի` դէպի Մասիսները առաջնորդող ուղիին վերեւ: Նո՛յնքան յաւերժական է ՀՕՄ-ը, որքան` պիպլիական եւ հայորդիին սրտին խօսող Արարատը: Այդպէս ալ անփոփոխ պիտի մնան Մասիսները:
Ակնյայտ է, որ ՀՕՄ-ի գլխաւոր առաքելութիւններէն է կրթութիւնը: ՀՕՄ-ի առաջին եւ հետեւողական աշխատանքները եղած են հայկական կրթօճախները` ըլլան անոնք դպրոցներ, մանկապարտէզներ, մանկամսուրներ, շաբաթօրեայ դպրոցներ եւ որբանոցներ: Կրթութիւնը դիտուած է ո՛չ միայն որպէս պարզ ու տափակ գիտելիքի փոխանցում, այլ` որպէս ազգային ոգիի պահպանման բանալի միջոց:
ՀՕՄ-ականը գաղափարախօսն է ծառայութեան, եւ այդ` ոչ որպէս պարտադիր կամ սոսկական վարչական գործընթաց, այլ` իբրեւ ինքնազոհողութիւն եւ բարոյալից բովանդակութիւն: Ծառայել` ՀՕՄ-ականին համար կը նշանակէ մասնակցիլ հայ ժողովուրդի զարգացման եւ վերարժեւորման գործին, անշուշտ` առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալութեան:
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայ ժողովուրդին գոյութիւնը միշտ եղած է պայքարի, զոհողութեան եւ ձեռքերու միացման արդիւնք: Այդ իսկ պատճառով ՀՕՄ-ականին համար գիտակցօրէն կատարուած ընտրութիւն մըն է զոհաբերութիւնը:
ՀՕՄ-ին նպատակները չեն սահմանափակուիր միայն նիւթական օժանդակութեամբ: Անիկա ոչ կառավարական բնագաւառէն ներս գործող կառոյց մըն է, որ կը զբաղի` կիներու իրաւունքներով, ապագայ սերունդի կրթութեամբ, առողջապահական նախաձեռնութիւններով, կենսոլորտի պահպանութեամբ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ:
ՀՕՄ-ականին համար ազգի մը վերակազմաւորումը կարելի է միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր անհատ, այս պարագային` կին, զգայ իր պարտականութիւնը հասարակութեան հանդէպ: Այս կէտը շեշտելէ ետք պէտք է հաստատենք, որ ծայրայեղ «ֆեմինիստական» շարժումի մասին չէ մեր խօսքը, այլ` անոր ըստ ամենայնի ազգային ուղղուածութեան մասին. էականը հայ կնոջ տիպարին բիւրեղացումն է: Հայ օճախէն ներս, կինը ո՛չ միայն ընտանիքին օժանդակ ուժն է, այլ հասարակական առաջնորդ մը` դաստիարակութեան, ընկերային կեանքի եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ:
ՀՕՄ-ը ունի համահայկական տեսլական եւ կազմակերպական կառոյց: Մայր հայրենիքին թէ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերը իրարմէ անջատ, ինքնագլուխ գործող միաւորներ չեն: Անոնք կը գործեն իբրեւ միասնական ցանց` ծառայելու Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին ու աշխարհասփիւռ հայութեան կարիքներուն:
ՀՕՄ-ին համար սփիւռքը պարտաւոր է պահպանել իր արմատները` յանձնառու կերպով շարունակելով իր հաստատած կամուրջը հայրենիքին հետ: Պիտի շարունակուին` բարեսիրական աշխատանքները, առողջապահական ծրագիրները, կրթական աջակցութիւններն ու ընկերային բարեկեցիկ պայմաններու ստեղծումը:
115-ամեայ ՀՕՄ-ը մնայուն է եւ յանձնառու, նմանապէս` ՀՕՄ-ականը:
