«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է»․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք

Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Վատիկանի մէջ Ցեղասպանութեան նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման նպատակով Հռոմ գտնուող «Ազդակ»-ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք հաստատեց, որ նահատակութիւնը ընդհանրապէս, իսկ Ս. Մալոյեանի նահատակութիւնը յատկապէս գերագոյն խորհուրդ ու պատգամ կը պարունակէ հաւաքական նպատակները առաջնահերթ նկատելու:

«Մենք միշտ զօրաւոր ենք մեր վկայութեամբ, բայց Աստուած տայ, որ այս սուրբերը միայն խորաններուն վրայ չդրուին, այլ մեզի համար նշան դառնան, որպէսզի մենք միասնաբար յաղթահարենք դժուարութիւնները: Եթէ այսօր մենք նահատակութեան ոգիով չյաղթենք խոչընդոտներուն, մեր ներքին դժուարութիւնները, աշխարհի բազում մարտահրաւէրները չենք կրնար տապալել: Մեր միութիւնը էական մասն է, զոր մենք իսկապէս պէտք է կարենանք իրականացնել մեր կեանքին մէջ, իսկ ասիկա կը սկսի նախ եւ առաջ իմ անձնական ներքին խաղաղութեամբս, ապա եղբայրական մթնոլորտի մէջ, որպէսզի կարենանք իսկապէս ցոյց տալ հայութեան ճշմարիտ պատկերը, որուն ընդմէջէն հայը միշտ ցոյց տուած է իր կառչածութիւնը իր հաւատքին, ինքնութեան եւ հայրենասիրութեան»,- հաստատեց ան: