Եւրոպայի Սոցիալիստներու Կուսակցութիւնը ազրպէյճանին Կոչ Կ՝ընէ Արցախահայութեան Վերադարձն ու Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութիւնը Ապահովելու

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամսթերտամի մէջ ընթացող Եւրոպայի սոցիալիստներու կուսակցութեան քոնկրէսը այսօր ընդունած է շարք մը բանաձեւեր, ուր տեղ գտած են ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած դրոյթներ։

Մասնաւորապէս՝ Եւրոպայի սոցիալիստներու կուսակցութիւնը ազրպէյճանին կոչ ըրած է ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները, թոյլատրելու արցախահայութեան վերադարձը միջազգային մոնիթորինկի պայմաններուն մէջ, ապահովելու հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։ Ընդունուած բանաձեւով նաեւ կարեւոր կը համարուի Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացումներու շարունակական մոնիթորինկը՝ ներառեալ օրէնքի գերակայութիւնը, դատական անկախութիւնը եւ քաղաքական ազատութիւններու պաշտպանութիւնը։

Քոնկրէսի որդեգրած բանաձեւերէն «Խաղաղութեան, բարօրութեան եւ ներառականութեան խթանումը Եւրոպայի մէջ եւ անոր հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ» բանաձեւով, Եւրոպայի սոցիալիստներու կուսակցութիւնը կ՝ըսէ.

«Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը բոլոր այն միջազգային ջանքերուն, որոնք ուղղուած են խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման միջոցով։

ազրպէյճանը պէտք է ազատ արձակէ բոլոր հայ գերիները, ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն անվտանգ վերադարձը՝ միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ, եւ պահպանէ տարածաշրջանի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը ազրպէյճանի ժողովրդավարական ընդդիմութեան։ Մենք կ՝ընդգծենք Հայաստանի ներքին ժողովրդավարական գործընթացներուն շարունակական մոնիթորինկի կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ օրէնքի գերակայութիւնը, դատական անկախութիւնը եւ քաղաքական ազատութիւններու պաշտպանութիւնը»։

Քոնկրէսը PES-ի բարձրագոյն ժողովն է, ուր կը քննարկուի համաեւրոպական այս խոշոր կուսակցութեան նախընթաց գործունէութիւնը, կ՝որոշուի ռազմավարական եւ ծրագրային քաղաքական առաջնահերթութիւնները, կ՝ընտրուի կուսակցութեան նոր գործադիր մարմին։

PES- ին իբրեւ լիիրաւ անդամ կ՝անդամակցին եւրոպական 33 կուսակցութիւններ, իբրեւ նոյնացուած՝ 13, իսկ դիտորդ անդամներուն թիւը 15-ն է։ Անդամակցութեան կարգավիճակը կախուած է Եւրոպական միութեան հետ պատկան երկրի յարաբերութիւններու բնոյթէն։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ PES-ին անդամակցող միակ քաղաքական ուժն է։

Այս կուսակցութեան հետ միջկուսակցական կապերու շարունակական զարգացումը ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է։

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը կը ներկայացնեն Գասպար Կարապետեանը, Սարինէ Աբրահամեանը, Գէորգ Ղուկասեանը, Նարօտ Նորամանեանը։ Կը նախատեսուի ՀՅԴ պատուիրակութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը Քոնկրէսի աշխատանքներուն, հանդիպումներ բազմաթիւ երկիրներու սոցիալիստական, սոցիալ-դեմոկրատական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակի քննարկում։

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակ

17 Հոկտեմբեր, 2025