
Արեւելեան Մարտարուեստի Բնօրրան Ճաբոնի Մէջ Բարձրացաւ Հայոց Եռագոյնը եւ Հնչեց Հայաստանի Օրհներգը
Հոտեմբեր 1-2, Ճաբոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ իրականացաւ արեւելեան մարտարուեստի «Շոդոգան քարաթէ տօ»-ի աշխարհի 17-րդ առաջնութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
Հայաստանը առաջնութեան մասնակցեցաւ ներկայացուցչական կազմով՝ 10 մարզիկ։ Անոնցմէ երկուքը, որոնք դարձան առաջնութեան յաղթողներ, Կոտայքի մարզի Գառնի համայնքէն են։
Առաջին հորիզոնականը գրաւեց Ճեսիքա Սարգսեանը՝ ոսկի մետալակիր, գումիդէ ոճի մէջ։ Երկրորդ տեղը՝ անոր խմբակից Հայկ Ղարիբեանն է՝ արծաթէ մետալ գադա ոճի մէջ։ Համապատասխանաբար, երկրորդ եւ երրորդ մրցանակային տեղեր զբաղցուցին հաւաքականի միւս մարզիկները խմբային եւ անհատական պայքարի մէջ՝ Անտրէյ Փիլիպոսեանը, Անի Աթանէսեանը, Էլէն Սարգսեանը, Էլէն Թովմասեանը, Արտակ Սարոյեանը, Վահագն Վարդանեանը, Գոռ Վիրապեանը, Արթուր Համբարձումեանը, Ալպերթ Թեւատրոսեանը։
«Շոդոգան քարաթէ տօ»-ն մեր երկրին մէջ սկսած է զարգանալ 1990-ական թթ. եւ, հակառակ ոչ մեծ կենսագրութեան, հասցուցած է լուրջ ձեռքբերումներ ունենալ։ Իսկ Աշխարհի 17-րդ առաջնութեան, մարզաձեւի բնօրրանին մէջ արձանագրած այս կարեւորագոյն յաղթանակները ցոյց տուին, որ մենք կրնանք արեւելեան մարտարուեստին մէջ եւս լուրջ յայտ ներկայացնել անոր վարպետներուն ու յաղթել։