
Լեւոն Մնացականեան պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
պաքուի մէջ շարունակուած է հայ պատանդներու դատավարութիւնը, որ կ՛ընթանայ առանց միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ անկախ լրատուամիջոցներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ ազրպէյճանական պետական լրատու գործակալութիւններուն, ցուցմունք տուած է իլհամ մամետով անունով ներկայացող նախկին զինուորը, որ պնդած է, թէ 2002 թուականին գերեվարուած է Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ:
Ան պնդած է, թէ իր նկատմամբ «բռնութիւն կիրարկուած է», ապա յայտարարած է, թէ զինք ծեծողներէն մէկը Արցախի բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանն էր: Մնացականեան հերքած է այս մեղադրանքները:
Ան հաստատած է, որ ազրպէյճանցի զինուորը գերեվարուած է 2002-ին, սակայն շեշտած է, որ գերիին նկատմամբ խոշտանգումներ չեն կիրարկուած: Ան ձերբակալուած է, հարցաքննուած է քննիչներու կողմէ, յանձնուած է համապատասխան մարմիններուն, եւ անոր սնունդ յատկացուցած են:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանն ալ միջնորդած է դատարանին իրեն տրամադրելու ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած միջազգային կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ցանկը: Դատական նիստին նախագահող դատաւորը յայտարարած է, որ այս հարցը չի վերաբերիր դատարանի իրաւասութեան եւ գործունէութեան: Ան նշած է, որ ազրպէյճանի մէջ «միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութեան հետ կապուած խնդիր չկայ»:
Դատաւորը ըսած է, թէ անոր իրաւունքները պաշտպանող փաստաբանը կրնայ տրամադրել այդ կազմակերպութիւններուն ցանկը:
պաքուի մէջ հայ պատանդներու դէմ դատավարութիւնները փաստացի բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ ու լրագրողներ ներկայ չեն, նիստերուն վերաբերեալ լուրերը կը հաղորդեն բացառապէս ազրպէյճանի պետական լրատուամիջոցները, որոնց ներկայացուցած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ:
պաքուի բանտերուն մջ, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 23 հայ գերի կը պահուի: Անոնց մէկ մասը արդէն տարբեր մեղադրանքներով դատապարտուած է տեւական բանտարկութեան, միւս մասին, ներառեալ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի 8 ամիսէ ի վեր:
պաքուի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փակումէն ետք հայ գերիները յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ: Անցած երեք ամիսներուն որեւէ միջազգային անկախ կառոյց անոնց հետ չէ տեսակցած:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ազրպէյճանէն պահանջած է 23 հայ գերիներու պահպանման եւ առողջական վիճակի մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել` վերջնական ժամկէտ սահմանելով 4 Նոյեմբերը: