
Պատմութիւնը Պիտի Չի Ներէ Անոնց, Որոնք Իրենց Ձեռքով Սեւ Բիծ Ձգեցին Ազատ ՀՀ-ի Պատմութեան Վրայ՝ Հալածելով Աստուծոյ Ծառաները․ Յայտարարութիւն
Հայոց եկեղեցւոյ պահպանութեան համահայկական խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ նախօրէին Երևանի մէջ Միքայէլ Սրբազանի դէմ կայացուած դատավճիռը, որ մեր օրերու պատմութեան ամենաամօթալի էջերէն մէկն է։
Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ բարձրագոյն հոգեւորականը կը բանտարկուի՝ իր խօսքերուն եւ համոզմունքներուն համար։ Ատիկա մեր հասարակութեան մէջ կ՝առաջացնէ խոր վրդովմունք եւ ցաւ, քանզի մենք ականատես կ՝ըլլանք այնպիսի հալածանքներու, ինչպէս եղած են միայն խորհրդային բռնապետութեան տարիներուն, ան ալ միայն Ստալինի ժամանակ։
Հոգեւոր առաջնորդի դէմ նման անարդար հաշուէհարդարը բարոյականութեան եւ արդարութեան ոտնահարման կոպտագոյն օրինակ է։
Գիւմրի քաղաքի Սուրբ Աստուածածնի Եօթ Վէրք տաճարը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին, այն սրբավայրերէն է, ուր Միքայել սրբազանը իր ծառայութիւնը կատարած է տարիներ շարունակ եւ ուր անոր տեղն է, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Փոխարէնը զինք այսօր կը տեսնենք ճաղերու ետեւը։
Չկայ աւելի ծանր անարդարութիւն, քան հովիվը իր հօտէն բաժնելն ու Աստուծոյ ծառան յանցագործի պիտակով բանտ նստեցնելը միայն անոր համար, որ ան արտայայտած է իր խղճի ձայնն ու ժողովուրդին ցաւը։ Պետական իշխանութեան նման վերաբերմունքը եկեղեցւոյ հանդէպ հրէշաւոր սխալ է, որ կը հարուածէ մեր ազգային արժէքներն ու եկեղեցւոյ սրբութիւնը։
Հասարակութեան լայն շրջանակները խորապէս շշմած ու զայրացած են այս աննախադէպ քայլէն։ Միլիոնաւոր հաւատացեալներ եւ քաղաքացիներ չեն կրնար ընդունիլ, որ արքեպիսկոպոսը՝ ժողովուրդին ցաւով խօսող հոգեւորականը, կը պատժուի պարզապէս երկրի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ իր մտահոգութիւնը բարձրաձայնելու համար։
Նման կոշտ գործողութիւնները կը վարկաբեկեն պետութեան վարկը ժողովուրդի աչքին եւ կը խաթարեն պետականութեան հիմնարար սկզբունքները։ Եթէ այսօր պետութիւնը բռնաճնշում կ՝իրականացնէ եկեղեցւոյ դէմ, ուրեմն ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդը. ասիկա հարց է, որ կը հնչէ իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ։
Մենք՝ Հայոց եկեղեցւոյ պահպանութեան համահայկական խորհուրդի անդամներս, խստագոյնս կը դատապարտենք դատարանի այս անարդար եւ չափազանց քաղաքականացուած վճիռը։
Այս գործելաոճը կը կրէ հոգեւորականները վախցնելու եւ եկեղեցւոյ ձայնը խլացնելու մտադրութիւն, որ երբեք պիտի չի հանդուրժուի մեր ժողովուրդին կողմէ։
Ուստի Խորհուրդը կը յայտարարէ եւ կը պահանջէ՝
1. Անմիջապէս ազատ արձակել Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջափահեանը եւ դադարեցնել անոր նկատմամբ յարուցուած շինծու քրէական հետապնդումը՝ դադրեցնելով պետական մակարդակով իրականացուող այս քաղաքական հաշուէհարդարը։
2. Դադրեցնել հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն դէմ ապօրինի հալածանքներն ու քրէական գործերը, որոնք ուղղուած են անոնց քաղաքական հայացքներուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելուն։
Պետութիւնը պէտք է դադրի ուժ գործադրելէ եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ յարգէ հոգեւոր առաջնորդներու խօսքի ազատութեան իրաւունքը։
3. Յարգել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը եւ անկախութիւնը երկրին մէջ ու դադրեցնել արհեստական հակասութիւններուն սրումը պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ։
Կոչ կ՝ընենք իշխանութիւններուն վերանայելու իրենց վարքագիծը եւ վերականգնելու պետութիւն-եկեղեցի բնականոն, փոխյարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները՝ ի շահ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային միաբանութեան։
Այս պահանջներուն անտեսումը միայն պիտի խորացնէ այս օրերուն խարանը մեր պետութեան ճակատին եւ անվերականգնելի վնաս պիտի հասցնէ հայ ժողովուրդին։
Մենք կը հաւատանք, որ արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթէ, եւ կ՝աղօթենք, որ երկրի ղեկավարութիւնը ուշքի գայ ու դուրս գայ ստեղծուած իրավիճակէն՝ բարոյական քայլ կատարելով։
Հակառակ պարագային պատմութիւնը պիտի չի ներէ անոնց, որոնք իրենց ձեռքով սեւ բիծ ձգեցին ազատ Հայաստանի պատմութեան վրայ՝ հալածելով Աստուծոյ ծառաներն ու ժողովուրդի ձայնը հասցնողները։ Ատիկա խայտառակութիւն է մեր օրերուն:
Աստուած պահապան մեր ժողովուրդին եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին:
Հայոց եկեղեցւոյ պահպանութեան համահայկական խորհուրդ