
Մայր Աթոռը Հետամուտ Պիտի Ըլլայ Իրաւական, Ներառեալ՝ Միջազգային Գործիքակազմերու Կիրառման՝ Գերաշնորհ Տ․ Միքայէլ Արք․ Աջապահեանի Արդար Իրաւունքները Վերականգնելու Համար
Այսօր՝ Հոկտեմբեր 3-ին, դատարանը, շարունակելով ոտնահարել արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները, Գերաշնորհ Տ․ Միքայէլ արք․ Աջապահեանը դատապարտեց երկամեայ ազատազրկման։
Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ Շիրակի թեմի առաջնորդի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումը ունի քաղաքական դրդապատճառներ եւ իշխանութիւններուն հակաեկեղեցական արշաւին բացայայտ դրսեւորումներէն է։
Գերշ․ Տ․ Միքայէլ արք․ Աջապահեանը ազատազրկելու վերաբերեալ անարդար դատավճիռը քաղաքական հաշուէյարդարի հերթական ապացոյցն է, որ խօսքի եւ կրօնի ազատութեան, խտրականութեան արգելքի սկզբունքի կոպտագոյն ոտնահարում է, ժողովրդավարական հասարակարգին նետուած ուղիղ մարտահրաւէր։
Խստօրէն դատապարտելով աղաղակող ապօրինութիւնները՝ վերստին կը հաստատենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետամուտ պիտի ըլլայ իրաւական, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային գործիքակազմերու կիրառման՝ Գերաշնորհ Տ․ Միքայէլ արք․ Աջապահեանի արդար իրաւունքները վերականգնելու համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին