Արցախահայերուն Նուիրուած ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» Ծրագիրի Հանգանակային Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Յոյսի Օճախներ» յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 21 Սեպտեմբերին, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկ. Հրայր եւ Էմմա Կարապետեաններու: Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ հաւաքուած ՀՕՄ-ուհիները եւ համակիրները 80,000 տոլար հանգանակեցին՝ տեղահանուած արցախահայ գիւղացի ընտանիքներու Շիրակի մարզին մէջ տուներ ապահովելու համար:

Ներկաներուն շարքին էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան իր ամուսնոյն՝ Ռաֆֆիին հետ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Հիլտա Սալիպա, Անոյշ Չալեան եւ Պետիկ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներ եւ նուիրեալ համակիրներ:

Բացման խօսքը փոխանցեց յանձնախումբի անդամներէն Այտա Տիմէճեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Յոյսի Օճախներ»ու ծրագիրին նպատակը պատեր եւ տանիք տրամադրել չէ միայն, այլ նաեւ՝ ապահովութիւն, որովհետեւ «տունը սէր է, խաղաղութիւն եւ նոր սկիզբ»: Ընկերուհին շեշտեց, թէ արցախահայերը չեն կորսնցուցած իրենց արժանապատուութիւնը եւ վերադարձի յոյսը:

Արուսեակ Մելքոնեան

Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, որ յանձնախումբին կապն է, ներկաներուն յիշեցուց, թէ ՀՕՄ-ը առաւել քան 30 տարիներ կանգնած է արցախահայութեան կողքին եւ նշեց, որ 2023-ին՝ ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայական Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, Արեւմտեան շրջանը 100,000 տոլար հանգանակել խոստացած էր այս ծրագիրին համար: Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Կարապետեան ընտանիքին, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ անոր ատենապետուհի Սիւզի Ծերունեան Խանզատեանին, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն:

Ցուցադրուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիրին տեսերիզը: Ապա, ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան յիշեցուց, թէ ՀՕՄ-ը Ցեղասպանութենէն ետք կիրարկեց որբահաւաքի «մէկ ոսկի, մէկ որբ» ծրագիրը, իսկ մէկ դար ետք արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք իր անմիջական օգնութիւնը տրամադրելէ ետք, ստեղծեց «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը, երկարատեւ օգնութիւն տրամադրելու համար: Ընկերուհին դիտել տուաւ, թէ ՀՕՄ-ի 115-ամեակի տօնախմբութեան առիթով, Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ ծրագիրին պաշտօնական բացումը:

Այտա Տիմէճեան եւ Վիքի Մարաշլեան

Երեկոյին ծրագիրին մաս կը կազմէր 14-ամեայ Լիա Ստեփանեան, որ արտասանեց Շուշիի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, իսկ Քրիստին Յովհաննէսեան եւ Վարանդ Աւանէսեան ելոյթ ունեցան հայրենասիրական երգերով:

Ձեռնարկը առիթ ստեղծեց, որ ներկաները մտովի Հայաստան եւ Արցախ տեղափոխուին, թարմացնելով զրկանքի ենթարկուած արցահայերու յիշատակները, ինչպէս նաեւ անոնց օգնութեան հասնող ՀՕՄ-ուհիներու վկայութիւնները:

Արցախահայ ընտանիքներու վերականգնումի պատասխանատուութիւնը ամբողջ հայութեան պարտաւորութիւնն է եւ ՀՕՄ-ը այս աշխատանքի ջատագովն է, ոչ միայն անոնց տաքուկ բնակարաններ տրամադրելով՝ այլ նաեւ յոյս ներշնչելով: