
Արցախահայ Մանուկներու Ծրագիր՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Մարդասիրական Ծրագիրներուն Ծիրէն Ներս
Սեպտեմբեր 24-ին, Երեւանի Big Minds Kids ուսումնական կեդրոնէն ներս, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Big Minds հաստատութեան կեդրոնը, ուր Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ արցախցի երեխաներուն համար նախատեսուած Անգլերէն դասընթացքի հաստատագրերու բաշխումը։
Երկրորդ տարին իրականացուող վեցամսեայ այս դասընթացքին իւրայատկութիւնը՝ հաճելին օգտակարին հետ համատեղելն է. երեխաները անգլերէն կը սորվին՝ LEGO-ներով իրենց պատկերացումները կազմելուն զուգահեռ, այսպէս՝ անոնք հաճոյքով կը մասնակցին դասերուն եւ գիտելիքը կ՚ընկալեն ամրապնդուած։ Ուսուցման այս մեթոտը կը շարունակէ տալ ցանկալի արդիւնքներ։
Հաստատագրերու բաշխումէն ետք, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ արդիական այս դասընթացքին՝ հաստատելով մեթոտի հաճոյքն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Ան կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Մաքտիսին յայտնեց, որ շատ գոհ ու տպաւորուած է իրենց կատարած աշխատանքէն եւ համագործակցութեան շնորհիւ իրականացուած դրական արդիւնքներէն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ