Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Հանդիպեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոց Յաճախող Արցախահայ Երեխաներուն Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 20-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Պրն. Արշաւիր Գաբուճեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Երեւանի Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ ընկերակցութեան հովանաւորած կիրակնօրեայ դպրոցի ծրագրին մասնակցող արցախցի երեխաներուն, անոնց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ։

Սրբազան հայրը երեխաները տէրունական աղօթքով օրհնելէն ետք՝ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ծնողներուն ըսելով,- «Կարեւոր պարտականութիւն է զաւակները առաջնորդել կիրակնօրեայ դպրոց, որովհետեւ երբ ձեր զաւակները կիրակնօրեայ դպրոց կ՚առաջնորդէք, կը նշանակէ կը հաւատաք կիրակնօրեայ դպրոցին եւ կը հաւատաք, որ այստեղ ձեր երեխաները պիտի մեծնան, աճին, թրծուին, աղօթել սորվին, Յիսուս մանուկին բարեկամ ըլլան, զգան Յիսուսի ներկայութիւնը եւ դառնան լիիրաւ մարդ, քրիստոնեայ եւ ճշմարիտ հայ:

Սրբազան Հայրը իր երախտիքի խօսքը յայտնեց Պրն. Գափուճեանին, ինչպէս նաեւ արցախցի ուսուցչուհիներուն, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր երեխաներուն պէտք եղած սէրն ու գիտելիքը փոխանցելու համար,- «Ուսուցիչները երկրորդ ծնողներն են դպրոցի մէջ, այս պարագային կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ, ուր սովորական դասեր չեն առներ․ այստեղ դպրոց մըն է, ուր կը սորվին այն ճշմարտութիւնները, որոնք Յիսուս Քրիստոս մեզ փոխանցեց իր աշակերտներու եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերու միջոցով։ Սիրելի ուսուցիչներ, դուք ոչ միայն ձեր գիտելիքը կը փոխանցէք այս երեխաներուն, այլեւ ձեր հոգին կը դնէք` հաւատք ու սէր փոխանցելով այս մանուկներուն։ Ձեր նուիրումով այս երեխաները կ՚ուղղորդէք, որ եկեղեցւոյ շունչին տակ մեծնան, Աստուծոյ օրհնութեամբ սնուին, հոգեւորապէս զօրանան եւ վաղը հպարտանանք իրենցմով»։

Սրբազան Հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցի արցախցի աշակերտներուն հետ. անոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու եւ քրիստոնէական գիտելիքներ ձեռք բերելու համար։

Հանդիպման աւարտին, Սրբազան հայրը երեխաներուն կոչ ըրաւ՝ Արցախէն հեռու ապրելով հանդերձ շարունակել ապրիլ Արցախով, այնպէս ինչպէս սփիւռքահայերը հայրենիքէն հեռու ապրելով կ՚ապրին Հայաստանով եւ կը մեծնան հայրենիքի հանդէպ սիրով , որովհետեւ մենք տէրն ու պահապանը պէտք է ըլլանք մեր երկրին, որպէսզի հասնինք մեր վաղուան նպատակներուն եւ յաջողինք մեր առաքելութեան մէջ։

Նայիրի Մկրտիչեան
Երեւան