
Հայ Դատի «Վահան Քարտաշեան» Մրցանակը՝ Հայ Իրաւաբանական Միութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը պիտի շնորհէ Հայ իրաւաբանական միութեան, Հայկական Հարցը, մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան հասնելու ջանքերը ջատագովելու ոլորտներին մէջ անոր երկար տարիներու ծառայութիւններուն համար։
1989-ին հիմնուած Հայ իրաւաբանական միութիւնը յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած է շրջանիս հայ համայնքի իրաւունքները պաշտպանելու գործունէութեան մէջ, միաժամանակ նեցուկ կանգնելով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած անձերուն եւ Արցախի հայութեան, ինչպէս նաեւ կենսական խորհրդատուութիւն շնորհելով իրաւաբանութիւն ճիւղին հետեւող հայ ուսանողներու։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան կը յայտնէ, թէ առաւել քան երեք տասնամեակներու ընթացքին, Հայ իրաւաբանական միութիւնը հանդիսացած է Վահան Քարտաշեանի պաշտպանած սկզբունքներու ոգիին մարմնացումը, նուիրուելով արդարութեան հասնելու, օրէնքը պաշտպանելու եւ համայնքը քաղաքականապէս աւելի ազդու դարձնելու ջանքերուն։
20-րդ դարու սկիզբը, ամերիկահայութեան քաղաքական գործունէութեան եւ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան ռահվիրան հանդիսացող Վահան Քարտաշեանի անունով մրցանակը կը շնորհուի Հայ Դատի գաղափարախօսութեան տարածման գործին մէջ անսակարկ գործունէութիւն տարած գործիչներու կամ կազմակերպութիւններու:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Fairmont Century Plaza պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, CA)։ Անիկա առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։ Ձեռնարկը ի մի կը բերէ հարիւրաւոր հայորդիներ՝ միասնաբար տօնելու համար կազմակերպութեան իրագործումները եւ քննարկելու Հայ Դատի ջատագովման ու արդարութեան հասնելու ապագայ քայլերը։
Տոմսեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ancawr.org/gala2025 կայքէջը։